Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Մայրերու Օրուան Մեծարանքի Հանդէս
«Է՜հ մօր սիրտ, ամենաբարձր սրբութիւնն ես. Աշխարհիս երեսին ամենագեղեցիկը մօր աչքերն են, ես կեանքում բացի մօրիցս, ոչ մի սէր չտեսայ»: ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ Երեքշաբթի, 5 մայիս 2015-ին, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը մեծարանքի հանդէս մը կազմակերպեց Մայրերու տօնին առիթով, վարժարանի «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահին մէջ: Սրահին բեմը վարժարանի մանկապարտիզպանուհիին եւ ուսուցիչներուն կողմէ զարդարուած էր տօնը խորհրդանշող իւրայատուկ յարդարանքով: Սրահին մուտքին վարժարանի ծնողական յանձնախումբը...



















