Երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ին, Ս. Ագնէս վարժարանի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, աշակերտները եւ պաշտօնեաները Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած թի-շըրթները հագած, առաւօտեան աղօթքէ ետք կատարեցին մոմավառութիւն` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն: Ապա վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ: Հայաստանի եւ Լիբանանի զոյգ քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, ձեռնարկին բացումը կատարեց հայոց լեզուի ուսուցիչ Լենա Մարգարեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Թուրքը ո՛չ միայն փորձեց ֆիզիքական բնաջնջումի ենթարկել հայ ժողովուրդը, այլեւ ոչնչացուց հայ ժողովուրդի մշակութային, պատմական, հոգեւոր, եկեղեցական, կրթական, ճարտարապետական կեդրոնները եւ յուշակոթողները: Այսօր, հողային եւ մարդկային կորուստներու հատուցումը պահանջելու կողքին, ցեղասպան թուրքէն կը պահանջենք մեր մշակութային կորուստներուն եւ իւրացուած հարստութիւններուն հատուցումը: Հայ ժողովուրդը 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք յարութիւն առաւ իր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի նման եւ վերականգնեցաւ սփիւռքի մէջ»:
Բացման խօսքէն ետք աշակերտները կարգով բեմ բարձրացան: Առաջին եւ երկրորդ դասարանի աշակերտները խմբային արտասանեցին «Հայ եմ ես», «Ապրիլ 24», երրորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Մշոյ Ճառընտիրը», ինչպէս նաեւ արաբերէնով ներկայացուցին անմոռուկ ծաղիկին բացատրութիւնը. չորրորդ եւ հինգերորդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին «Հոգեհանգիստ»-ը` Յովհաննէս Թումանեանէն, վեցերորդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Ափ մը մոխիր»-ը` Սիամանթոյէն, ինչպէս նաեւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Եւ աւելցուցէ՛ք Զօհրապի անունը» ներկայացումը, ուր Գրիգոր Զօհրապ կ՛այցելէ Թալէաթին` որպէս հին բարեկամ եւ կը խնդրէ անմիջապէս դադրեցումը հայերու ջարդին եւ տեղահանութեան: Այս խնդրանքը պատճառ կը դառնայ, որ Թալէաթ Զօհրապին անունն ալ աւելցնէ մահուան դատապարտուածներուն ցանկին, անկէ ետք պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Թալէաթին ահաբեկումը Պերլինի մէջ, Սողոմոն Թէհլիրեանի ձեռամբ. եօթներորդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Եռաձայն պատարագ»-ը` Պարոյր Սեւակէն, իսկ ութերորդ դասարանէն Զեփիւռ Ասլանեան «Անլռելի զանգակատուն»-էն համադրուած հատուած մը (Պարոյր Սեւակ), իսկ իններորդ դասարանէն Ալիս Ասլանեան Սիլվա Գանգրունիի կողմէ համադրուած կտոր մը. Յովհաննէս Շիրազէն երկու քոյրեր հրաշալի կատարումով ասմունքեցին եւ ներկաներուն շնորհեցին յուզումնալից ունկնդրութիւն: Չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները երգեցին հայրենասիրական երգեր` երգի ուսուցիչ Մանուէլ Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ: Ձեռնարկի աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Անայիս Գրըքեան: Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչուհիներուն, ինչպէս նաեւ` աշակերտներուն: Ապա խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած պատարագը, որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ, կարեւոր իրադարձութիւն է մեր հայ ժողովուրդին համար, եւ խնդրեց աշակերտներէն ամուր կառչիլ հայկական արմատներուն եւ մանաւանդ յիշել ու պահանջել մեր պապերուն եւ մեր իրաւունքները: