Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին Հանդիպումը Քիրիլ Պատրիարքին Հետ

May 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-08-15_Նէրսէս-Պետրոս-եւ-Կիւրեղ.29 ապրիլ 2015-ին Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը հանդիպում ունեցաւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Մոսկուայի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Պետրոս վրդ. Պետրոսեան, Մոսկուայի պատրիարքութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավարի տեղակալ արխիմանդրիտ Ֆիլարեթ Պուլեքով եւ նոյն բաժինի քարտուղար հայր Ստեփան Իկումնովը:

Խօսելով Մեծ եղեռնի մասին` Քիրիլ պատրիարք ըսած է, որ նման ողբերգութիւնները անկարելի է ջնջել մարդոց յիշողութենէն, իսկ եթէ ջնջուին, նորէն կը կրկնուին: Պատրիարքը անդրադարձած է մեր օրերուն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի քրիստոնեաներու դէմ սանձազերծուած հալածանքներու սարսափելի պատկերին` առանձնացնելով նաեւ Սուրիոյ հայերուն կրած տառապանքները: «100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին հետ տեղի ունեցածը մեզի կը ստիպէ մտածել, որ այսօր հարկ է պայքարիլ մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան համար», ըսաւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքը: Ան վստահ է, որ քրիստոնէական եկեղեցիներու բոլոր առաջնորդները պէտք է միասին աշխատին, որպէսզի ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաները իրենք զիրենք հանգիստ ու ինքնավստահ զգան: Ներկայիս տեղի ունեցող իրադարձութիւնները առիթ են, որպէսզի տարբեր ազգութեան քրիստոնեաներ իրարու հետ աւելի սերտօրէն գործակցին եւ միասնական գործեն` սեփական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Ռուսիոյ պատրիարքը նաեւ փաստած է, որ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու պատմութիւնները սերտացած են, եւ երկու ժողովուրդները համերաշխ ու սիրով եղած են իրարու հանդէպ:

Ներսէս Պետրոս ԺԹ.  պատրիարքը, համակարծիք ըլլալով պատրիարք Քիրիլի հետ, ըսած է. «Եթէ մենք չհամագործակցինք, միասին չաշխատինք, նման ողբերգութիւնները աշխարհի մէջ կը շարունակուին»: Ան խօսած է այն մեծ զոհողութիւններու մասին, որոնք ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ ռուսերը եւ բազմաթիւ այլ ազգեր կրած են եւ կը կրեն Յիսուսի անունին համար: Ան աւելցուցած է` ըսելով, թէ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները Ռուսիան կը նկատեն իրենց պաշտպանն ու յոյսը: Հոգեւոր տէրը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ պատրիարքին` Մերձաւոր Արեւելքի եւ այլ շրջաններու հալածեալ քրիստոնեաներուն օգնութիւն ցուցաբերելուն համար:

Յաւարտ հանդիպումին, հոգեւոր առաջնորդները նուէրներ փոխանակած են: Ներսէս Պետրոս ԺԹ.  Ռուսիոյ պատրիարքին նուիրած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի պատկերով մետալ, իսկ Ռաֆայէլ սրբազան` Ղուկաս Աւետարանիչի պատկերով կտաւ մը:

Նոյն օրը պատրիարքը իր պատուիրակութեամբ հանդիպած է նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին զրոյցի նիւթ դարձած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած շարունակուող ծրագիրներն ու համագործակցութեան կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ետք հոգեւոր տէրը Եզրաս սրբազանին հրաւէրով մամլոյ ասուլիս տուած է թեմի եկեղեցական լրատուամիջոցներուն:

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Կազմակերպած Հայաստան Ուխտագնացութիւնը

Յաջորդը

Ազգ. «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ձեռնարկին . «Ո՛Չ Մէկ Թրքական Մարտավարական Խաղ, Ո՛չ Մէկ Կալիփոլի Եւ Ո՛չ Ալ Պայթեցուած Տէր Զօրի Համալիր Կրնան Շեղեցնել Միաւորուած Հայութիւնը Իր Վճռական Երթէն» Հաստատեց Շահան Գանտահարեան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.