Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճը 100-Ամեակը Ոգեկոչեց Հայ Դատին Նուիրուած Ձեռնարկներով

Մայիս 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_sofiaԱզգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ոգեկոչեց մէկ ամսուան վրայ երկարած ձեռնարկներու շարքով մը, որուն եզրափակումը եղաւ չորեքշաբթի, 22 ապրիլի կէսօրին կազմակերպուած հանդիսաւոր ոգեկոչումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ իր պատգամը փոխանցեց վաստակաւոր կրթական մշակ, Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի վարիչ եւ քոլեճի նախկին տնօրէն Կարօ Յովհաննէսեան:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց քոլեճի աշակերտներէն Րաֆֆի Գալայճեան: Ան նշեց, որ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտութիւնը միշտ կը մնայ պահանջատէր եւ յանձնառու իր պապերու կտակին: Աշակերտութիւնը Հայ դատի աշխատանքներու առաջին գիծին վրայ է,- ըսաւ ան,- աշակերտութիւնը կը մերժէ տկարանալ եւ տեղի տալ օտարամոլութեան, այլասերման եւ ձուլման վտանգներուն, որովհետեւ ան որոշած է հայօրէն ապրիլ եւ իր պայքարը շարունակել մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացումը եւ հայապատկան մեր բոլոր հողերուն վերադարձը:

Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց մենակատարութիւն` «Զրոյց շան մը հետ» (Անժելինա Սարգիսեան), երգ` «Գնա ու կռուիր» (Կարինէ Շատոյեան), երգ ու պար` «Ատանայի ողբը» (մենակատարներ Նաթալի Տէկիրմէնճեան եւ Մեղրի Տէմիրճեան), ասմունք` «Չենք նահանջեր» (Ցոլեր Պուտագեան) եւ խմբերգ` «Պատերազմ էք գնում»: Կատարուեցաւ նաեւ աշակերտական լաւագոյն տեսերիզի ցուցադրութիւն: Ներկայացուեցաւ Մարիա Տաղլեանի եւ Սարին Քիւփէլեանի պատրաստած տեսերիզը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Այնուհետեւ, օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յովհաննէսեան: Ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր հայ Հայ Դատի զինուորագրեալ մըն է: Հայը, ուր ալ գտնուի, պարտաւոր է իր դատին ու ժողովուրդին քարոզիչը ըլլալ: Հայուն զէնքը իր լեզուն է եւ մշակոյթը, որմով ան կը կերտէ ինքնութիւն եւ պատկանելիութիւն, առանց որոնց` ան դատապարտուած է կորստեան: Հայուն զէնքը նաեւ,- շարունակեց Կարօ Յովհաննէսեան,- գիտութիւնն է: Ես կը խոնարհիմ այն աշակերտին դիմաց, որ կը յաջողի իր ուսմամբ կատարել այնպիսի նուաճում մը, որ ծունկի կը բերէ թշնամին, շեշտեց ան:

Շարունակելով` Կարօ Յովհաննէսեան նշեց, որ «Մեծ ձուկը պզտիկ ձուկը կ’ուտէ»-ի տրամաբանութիւնը թերեւս բնութեան մէջ կիրարկելի է, բայց մարդկային կեանքի մէջ` ոչ, որովհետեւ փաստը ցոյց կու տայ, որ երեք միլիոննոց Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը կրնայ պարտութեան մատնել աւելի քան մէկ միլիառ հաշուող Չինաստանի ճատրակի հաւաքականը, ըսաւ ան: Հետեւաբար, այս օրինակէն թելադրուած, Յովհաննէսեան պատգամեց զինուիլ գիտութեամբ եւ հայկականութեամբ, կամքով ու հաւատքով, իբրեւ անխորտակ զրահ` մեր պայքարին ու պահանջատիրութեան:

Օրուան պատգամաբերին ելոյթէն ետք, հանդիսութիւնը փակուեցաւ քոլէճին քայլերգով:

Հայ Դատի Նուիրուած
Այլ Նախաձեռնութիւններ

100-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան նախօրեակին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճը ունեցաւ Հայ դատին նուիրուած շարք մը այլ նախաձեռնութիւններ: Արդարեւ, Երկուշաբթի, 20 Ապրիլին, քոլէճին երկրորդականի աշակերտները ներկայացուցին իրենց մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն ծնողներուն 1915-ի տառապալի օրերը: Յատկանշական էին իսլամացուած պարագաներու պատմութիւնները: Երկու աշակերտուհիներու մեծ մայրերուն մայրերը իսլամացուած էին եւ իրենց երեսին ու մարմնին զանազան մասերուն վրայ դաջուածքներ ստացած: Աշակերտուհի մը պահած ըլլալով մեծ մօրը մօրը նկարները` ցուցադրեց զանոնք, դէմքին վրայ յատուկ դաջուածքներով:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, տնօրէն Վիգէն Աւագեան շեշտեց մեր ծնողներուն եւ պապերուն յիշողութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Յիշելը կարեւոր է,- ըսաւ ան,- յիշեցնելու եւ պահանջելու համար: Տնօրէնը թելադրեց աշակերտութեան անպայման հետաքրքրուելու պապենական արմատներով, ծանօթանալու մեր ծնողներու ծնողներուն պատմութիւններուն, զանոնք գրի առնելու եւ մեր հաւաքական յիշողութեան եւ Դատին տէր կանգնելու համար։

Երեքշաբթի, 21 Ապրիլին, քոլէճին աշակերտութիւնը կատարեց Հայ Դատի նուիրուած զարգացման մրցում մը` Ապրիլ ամսուան հայոց պատմութեան դասապահերուն իր ստացած Ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան  նիւթերուն շուրջ: Աշակերտներ բռնագրաւեալ վեց նահանգներու նահանգներու անուններով բաժնուեցան վեց խմբակի եւ մրցեցան աւելի քան ժամ մը: Աւարտին, «Սեբաստիա» խմբակը արժանացաւ առաջնութեան: Բոլոր մասնակիցները ստացան նուէրներ: Կատարուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած լաւագոյն տեսերիզի պատրաստութեան մրցանքի արդիւնքներուն հրապարակումը: Երկրորդականի 75 աշակերտներ մասնակցած էին համակարգիչի դասանիւթին իրենց թելադրուած մրցանքին: Լաւագոյն հինգ տեսերիզներու հեղինակները խլեցին մրցանակներ:

Վերոյիշեալ ձեռնարկները կանխեցին քոլէճի աշակերտութեան այցելութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողներ, ուր աշակերտներ երեք հանգրուանով Պիքֆայայի եւ Ֆռըն Շըպպէքի Եղեռնի յուշակոթողներուն առջեւ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիրներ եւ 100-ամեակի ոգեկոչման խօսքեր: Տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Աշակերտներ դիմեցին նաեւ այլ նախաձեռնութեան մը, երբ իրենց անձնական ստորագրութիւններով յիշեցին ու պահանջեցին իրենց պապենական տունը` հայրենական գիւղն ու քաղաքը: Արդարեւ, քոլէճի մուտքին զետեղուած հսկայ պաստառի մը վրայ, իւրաքանչիւր աշակերտ արձանագրեց իր պապերուն ծննդավայրին անունը եւ իր ստորագրութիւնը, իբրեւ յիշեցում ու պահանջ` այդ շրջանին իրաւատիրութեան: Պաստառը այսուհետեւ մնայուն կերպով պիտի մնայ քոլէճի մուտքին, իբրեւ յուշարար քոլէճի աշակերտութեան պահանջատիրական ոգիին եւ հայրենիք վերադարձի կամքին ու վճռակամութեան:

100-ամեակի միջ-վարժարանային ձեռնարկներու ծիրին մէջ, քոլէճը իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի նուիրուած ՀԵՀՈՄ-ի զարգացման մրցումին եւ խլեց լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու առաջնութեան մրցանակը:

Վերջապէս, քոլէճը մասնակցեցաւ Ապրիլ 23-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած աշակերտական ոգեկոչման հանդիսութեան, ուր աշակերտներ հանդէս եկան պահանջատիրական պաստառներով եւ ազգային Եռագոյն դրօշներով:

Նախորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում Հայ Աւետ. Թորոսեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերապրող 106-Ամեայ Քնար Եմէնիճեանի Ոդիսականը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?