Հայաստան աշխարհի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան մեն մի հայու համար 2015 թուականը պէտք է համախմբումի, բռունցքուելու, նոր ծրագիրներու, ազգային հաւաքական յիշողութեան, պահանջատիրութեան ու նոր վերելքներու սկիզբը նախանշող տարի ըլլայ:
Ապրիլը կիսուած է արդէն եւ ՀԲԸՄ վարժարաններու սաները յաջողած են բաւականին խիտ ու ծաւալուն ծրագիրներ յաղթահարել:
Ուսումնական տարուան սկիզբէն առ այսօր ներդպրոցական բազմաթիւ ձեռնարկներ կեանքի կոչուած են, իսկ ապրիլը այդ առումով ամէնէն բեղունն է:
Գրեթէ ամբողջ աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով հարիւր հարցումներէ բաղկացած գրաւոր-մրցոյթին: Նախակրթարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները մասնակցեցան մրցումին, աւարտին մրցանակակիրները պարգեւատրուեցան:
Աւանդական դարձած «Փիւնիկի սլացք» համերգը, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, ձօնուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին:
Խմբավար Նորա Եղիայեանի ղեկավարութեամբ, Կարմիրեան եւ Նազարեան վարժարաններու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի սաները հանդէս եկան ժողովրդական, գուսանական, դասական երգերով`Գուսան Հայկազունի, Գեղունի Չթչեանի, Մ. Թոսիկեանի, Ռ. Ամիրխանեանի, Ա. Խաչատուրեանի, Կոմիտասի, Է. Յովհաննիսեանի ստեղծագործութիւններէն:
ՀԲԸՄ վարժարաններու տնօրէն Արա Վասիլեան ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեծ եղեռնին յաջորդող տարիներուն, ցեղասպանութեան գողգոթան ապրած, իր արմատներէն վայրագօրէն պոկուած եւ հայրենազուրկ, որբացած հայ ժողովուրդը իր անձնուրաց ջանասիրութեան շնորհիւ, հրաշքով, աստուածային միջամտութեամբ, 50 տարի չանցած, յարութիւն առաւ եւ իր ազգային դիւցազնին` Սասունցի Դաւիթին պէս գոռաց` «Կենդանի՛ եմ, Մելի՛ք, մէ՛կ էլ զարկ»:
Հայուն յարատեւութեան գաղտնիքը նաեւ իր երգին մէջ է… Մեր երգը Մաշտոցէն կու գայ, Շնորհալիէն, Նարեկացիէն, Սայաթ Նովայէն, Կոմիտասէն, Խաչատուրեանէն ու Մանսուրեանէն:
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած «Փիւնիկի սլացք» համերգով հարիւրէ աւելի փոքրիկներ ու պատանիներ ապացուցեցին, որ իրենք հայ են: Թուրքը կը սարսափի մեր երգէն, մեր երգի ուժէն, որ չապականեցաւ, մնաց անաղարտ ու մաքուր, ինչպէս` հայոց լեռներուն սառն աղբիւրները:
Երգի կողքին հնչեցին նաեւ ջութակ (Սերենա Ղազարեան) ու սրինգ (Զոհրապ Աբրահամեան), դաշնամուր (Նանոր Մաճարեան, Թամարա Շիր Յակոբեան) ու թմբուկ (Ճօ Հելվաճեան, Հրանդ Էլմայեան): Թանկագին տողեր հնչեցին` Թէքէեանէն, Սիամանթոյէն, Շիրազէն, Կապուտիկեանէն, Սեւակէն ու Էմինէն:
Ներկաները անմասն չմնացին նաեւ հայկական պարէն, որուն մեկնաբանները զոյգ մանկապարտէզներուն փոքրիկները եղան` պարուսոյցներ Վարիա Ճոնթոյեանի ու Թալին Մարգարեանի աշխատանքին արդիւնքները:
Համերգի վերջին երգին` Պ. Սեւակի ու Է. Յովհաննիսեանի հանճարեղ «Սարդարապատ»-ի կատարումին երգչախումբին միացաւ նաեւ ոտքի ելած սրահը: