Իւրայատուկ Ոճով Պատրաստուած Ձեռային Աշխատանքներու Ցուցադրութիւն
Հովանաւորութեամբ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ-Սեւան» գործադիր մարմինին, ուրբաթ 22, շաբաթ 23 եւ կիրակի 24 մայիսին «Անդրանիկ-Սեւան» ակումբի «Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռային աշխատանքներու ցուցադրութիւն` մասնակցութեամբ Մկրտիչ Թահուլաքեանի, Վահրամ Աղազարեանի, Շահէ Յարութիւնեանի, Լենա Մանուկեան-Տագէսեանի, Տիգրան Գալուստեանի եւ Հրաչ Գարամանուկեանի: ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ-Սեւան» գործադիր մարմինի վարչական Օհան Չափրազեան «Ազգակ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ սոյն ցուցահանդէսը իր տեսակին մէջ...



















