Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ձեռնարկին . «Ո՛Չ Մէկ Թրքական Մարտավարական Խաղ, Ո՛չ Մէկ Կալիփոլի Եւ Ո՛չ Ալ Պայթեցուած Տէր Զօրի Համալիր Կրնան Շեղեցնել Միաւորուած Հայութիւնը Իր Վճռական Երթէն» Հաստատեց Շահան Գանտահարեան

Մայիս 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շահան Գանտահարեան
Շահան Գանտահարեան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը վերնագրող աշակերտական տարբեր ներկայացումներէ, հատուցման թղթածրարը արծարծող զեկոյց-դասախօսութենէ եւ ամսուան ընթացքին ռատիօժամի յատուկ յայտագիրներու ներկայացումէ ետք, հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2015-ին Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան ազգային քոլեճի աշակերտութիւնը, ներկայութեամբ գիւղի քաղաքապետին եւ տարբեր միաւորներու մարմիններու, համախմբուեցան յատուկ ձեռնարկով մը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք աշակերտութեան խօսքը փոխանցեց 11-րդ կարգէն Միրնա Գասամանեան, որ վեր առաւ Հայ դատի պայքարին յանձնառու մնալու հայ աշակերտին հրամայականը` իբրեւ կռուան գալիք յաղթարշաւին: Ան ըսաւ. «Այս պահով կու գանք վերանորոգելու հայ աշակերտին ուխտը` գիտակցօրէն սերտելու մեր պատմութեան հին ու նոր էջերը, կառչած մնալու մեր ազգային անփոխարինելի արժէքներուն եւ ամէն գնով պաշտպանելու մեր արդար Դատը»: Ան հաստատեց, որ իբրեւ հայաբոյր կրթօճախին միւռոնով օծուած հայորդիներ` նախնիներու կտակը բարձր եւ աննկուն պիտի պահեն:

Աշակերտութեան խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ վարժարանին երգչախումբը` խմբավարութեամբ Նայիրի Հապէշեանի, երկու կատարումներով` «Սուրբերու աչքեր» աշակերտական նուագախումբի ընկերակցութեամբ, եւ «Միլիոնուկէս»:

OK4A9177OK4A9215«Մենք» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Դ. կարգի աշակերտ Սեւան Սարգիսեան: Ասմունքին կ՛ընկերակցէր 100-ամեակի առթիւ հայաշխարհի ցուցական պոռթկումները համախմբող սահիկներու ցուցադրութիւն մը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց «Ազդակ»-ի խմբագրապետ եւ տնօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի անդամ Շահան Գանտահարեան, որ 100-ամեակը իբրեւ դարձակէտային  թուական ամրագրուած համարելու առումով, արծարծեց 100-ամեակը կանխող անմիջական հանգրուանի նախապատրաստական ազգային-քաղաքական հոլովոյթները, ներկայ հրատապ իրադարձութիւնները եւ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը:

Շահան Գանտահարեան կարեւոր համարեց հայութեան պահանջատիրական ձայնի միաւորումը համահայկական հռչակագրի հրապարակումով`  նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը նոր բովանդակութիւն եւ տարողութիւն կը ստանայ, հայկական գործօնի առկայութեան կողքին, աշխարհաքաղաքական միջազգային եւ շրջանային գործօններով:

Այս գծով  տոմինոյի ազդեցութեան գործօնը լիարժէք կ՛աշխատի եւ միջազգային ու շրջանային աշխարհաքաղաքական կայաններէ կարմիր ազդանշաններ կը փոխանցուին Թուրքիոյ, թէ անարգել չեն կրնար շարունակուիլ նորօսմանականութեան անոր նկրտումները, եւ իսլամական ծայրայեղութեան անոր աջակցութիւնը կրնայ բուռն հակազդեցութիւններու առիթ ընծայել:

Անդին, ռազմական գետնի վրայ, Թուրքիա իր տարածքին անմիջական շուրջը, կրօնական հարցերու շահարկումով, այլոց ձեռամբ ցեղային զտումներ եւ տեղահանութիւններ կը կազմակերպէ: Այս առնչութեամբ բանախօսը հարց բարձրացուց. «Միջազգային ընտանիքը այսօր պէտք է կարենայ պատասխան տալ, որ ո՛վ, որո՛ւ որոշումով եւ պատուէրով ներխուժեց Քեսապ. ո՛վ էր, որ իր սահմանները անարգել ձգեց նմանատիպ խմբաւորումներու Քեսապ թափանցումին. ո՛վ, որո՛ւ հրահանգով եւ որոշումով պայթեցուց Տէր Զօրը, Ս . Գէորգը… եւ տակաւին, այսօր մեծ հարցականներու պարզաբանման փորձով, ի՛նչ հանգամանքներու տակ աւերուեցաւ դարաւոր Ս. Քառասուն Մանուկը Հալէպի մէջ»:

Շահան Գանտահարեան կեդրոնացաւ ճանաչումէ հատուցման գործընթացի անցնող որոշ մեկնարկներու, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ներհայկական եւ օտար նախաձեռնութիւններուն վրայ:

Բանախօսը Հայ դատը դիմագրաւելու Թուրքիոյ մարտավարութիւնը բնորոշեց թաւշեայ ժխտողականութեան քաղաքականութեամբ, դիտել տալով, որ տեղի ունեցած զարգացումներուն մէջ շեշտադրուողը հասարակաց ցաւի եւ համատեղ հայրենիքի գաղափարներն են, ուր բացառուած են 1915-ին առնչուող համազգային իրաւունքներն ու տարածքային պահանջները:

Ան ակնարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան վարագուրուած դերակատարութեան, որուն միջոցով Թուրքիա փորձեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակումը խնդրայարոյց դարձնել, երբ կրօնական ազդակի դրդումով հարցը միջհամայնքային հարթութեան մղեց Անգարայէն սնուող լիբանանեան որոշ շրջանակներու հակահայ դիրքաւորումով: Լիբանանեան մակարդակով, ան անհրաժեշտ նկատեց լիբանանցիներու հաւաքական յիշողութեան վերադարձը Լեռնալիբանանի դէմ կիրարկուած օսմանեան սովամահութեան քաղաքականութեան եւ մայիս 6-ի յիշատակումներով:

Շահան Գանտահարեան իր խօսքը եզրափակեց` հաստատելով. «Ո՛չ մէկ թրքական մարտավարական խաղ, ո՛չ մէկ Կալիփոլի եւ ո՛չ ալ պայթեցուած Տէր Զօրի համալիր կրնան շեղեցնել միաւորուած հայութիւնը իր վճռական երթէն: Ա՛յս վճռակամութիւնն է, ա՛յս հաւատքն է ու ա՛յս անտեղիտալիութիւնը, որ կը մղեն մեզ համոզուելու, որ անպայման կ՛ունենանք նաեւ մեր ամբողջական հայրենիքը»:

Բանախօսութենէն ետք վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան յուշանուէր մը յանձնեց բանախօսին:

Այնուհետեւ քոլեճէն խումբ մը աշակերտուհիներ ներկայացուցին «Գեղարդ» նազպարը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգով:

Սրահէն իրենց մեկնումին ներկաները ստացան ապրիլ 24-ի «Ազդակ», «Արարատ», «Զարթօնք»-ի միացեալ թիւը:

Նախորդը

Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին Հանդիպումը Քիրիլ Պատրիարքին Հետ

Յաջորդը

Անդուլ Պայքար

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?