Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Հազարաւոր Հայեր Տողանցեցին` Թուրքիայէն Պահանջելով Ճանաչում Եւ Հատուցում. Վարչապետ Վալս Ծաղկեպսակ Զետեղեց Կոմիտասի Արձանին Առջեւ

May 4, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-04-15_paris15-04-15_parisԱպրիլ 24-ին, փարիզեան յայտագիրը սկսաւ, ինչպէս միշտ, Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ ժամը 3:00-ին տեղի ունեցած յատուկ արարողութեամբ: Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ` Վահան եպս. Յովհաննէսեան «Հրաշափառ»-ով մուտք գործեց եկեղեցի, որ կանուխէն լեցուած էր 100-րդ տարելիցի այս պատարագին ներկայ ըլլալու ցանկութիւն ունեցող հաւատացեալներով: Ներկայ էին նաեւ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ ՀՀ դեսպանը:

Աննախադէպ Ցոյց

Ապա, ժամը 6.30-ին, հայութիւնը սկսաւ համախմբուիլ Քանատայի հրապարակին վրայ գտնուող Կոմիտասի արձանին շուրջ: Ժողովուրդը վայրկեան առ վայրկեան կը ստուարանար հասնելու համար աննախադէպ թիւի մը. ամէն կողմ ամբողջութեամբ սեւ էր հարիւրամեակին առթիւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու, «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» ըսելու եկած հայորդիներով:

Հոն ժամանեց նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս, որ Կոմիտասի արձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք իր ունեցած ելոյթին մէջ ըսաւ: «Առաջին պատասխանատուութիւնը առերեսուիլն է այս ոճիրին հետ: Այո, ցեղասպանութիւն էր»: Վարչապետը ինք իսկ պատմական որակելով պահը, համախմբուած 15- 20 հազար հայերուն, որոնք կը պարզէին հայկական եւ ֆրանսական եռագոյնները, ինչպէս նաեւ` «Յիշողութիւն, արդարութիւն եւ հատուցում» արձանագրութիւնը կրող ցուցանակներ, ըսաւ, թէ Ֆրանսան միշտ կողքին է զոհերուն:

Մ. Վալս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն: «Այսօր նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները զոհեր են», նշեց ան, կոչ ընելով նաեւ ծայր աստիճան զգօն գտնուելու, ինչ կը վերաբերի սուրիահայութեան իրավիճակին: «Անգամ մը եւս հայերը կը հալածուին, պարզապէս որովհետեւ հայ են: Յանցանք պիտի ըլլար աչք փակել անոնց կացութեան դիմաց», ըսաւ Ֆրանսայի կառավարութեան պետը:

Ներկայ էին նաեւ Փարիզի քաղաքապետը` Անն Հիտալկօ, որ նոյնպէս խօսք առաւ, ինչպէս նաեւ` CCAF-ի համանախագահները` Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան:

Ելոյթներէն ետք, բազմութիւնը, որուն թիւը իսկապէս դժուար է գնահատել (15-40 հազար` ըստ ոմանց) շարքերուն գլուխը ունենալով ՀՄԸՄ-ի սկաուտները` շարժեցաւ դէպի Անգարա հրապարակ` թրքական դեսպանատուն: Ծածանող հայկական անհամար եռագոյնները գրեթէ կը ծածկէին երթին մասնակիցները, որոնք կը վանկարկէին ճանաչման, արդարութեան եւ հատուցման պահանջատիրական լոզունգներ: Ոստիկանութիւնը ապահովութեան լայն միջոցներու դիմած էր, ցուցարարներուն համար երթեւեկը փակած էր երթի ուղեգիծին վրայ գտնուող Սենի մայրուղիին երկու ուղղութիւններուն ալ:

Նոյն իրիկունը Էյֆելեան աշտարակին լոյսերը բացառապէս մարեցան` ի նշան զօրակցութեան Հարիւրամեակի այս ոգեկոչումին:Կիրակի, ապրիլ 26-ին, Փարիզի Նոթր-Տամ մայր տաճարին մէջ կը մատուցուէր հարիւրամեակի ոգեկոչման յատուկ պատարագ` ձեռամբ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ ներկայութեամբ Փարիզի արքեպիսկոպոս կարտինալ Անտրէ Վենթրուայի:

Նախորդը

Սիտնիի Եւ Մելպուռնի Հայերը Արդարութիւն Կը Պահանջեն

Յաջորդը

Արդարութեան Քայլարշաւ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.