Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտները այս տարի եւս մասնակցեցան Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի «Մանրակերտ ՄԱԿ» ծրագիրին (LAU MUN)` ներկայացնելով Ղազախստանը:
Պատուիրակութեան անդամ, 10-րդ դասարանի աշակերտ Լոռի Պօղոս Եունիսէս, Լիբանանի մէջ, «Մանրակերտ ՄԱԿ-ի» Ընդհանուր համագումարին (21-22 մարտ), ստացաւ Ընդհանուր քարտուղարի մրցանակ: Ապա մարտ 28-ին` յաղթահարելով նաեւ հարցազրոյցներու փուլը, 160 մրցանակակիրներէն ընտրուեցաւ այն փոքրաթիւ խումբին մէջ, որուն մաս կազմողներէն պիտի որոշուէին Նիւ Եորք մեկնելիք աշակերտները:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ Լոռին` յաջողութեամբ աւարտելով նաեւ եզրափակիչ հարցազրոյցներու փուլը, մաս պիտի կազմէ այն 10 հոգինոց պատուիրակութեան, որ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ մայիսին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք «Միջազգային Մանրակերտ ՄԱԿ-ի» համագումարին, որ պիտի գումարուի նոյնինքն ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ:
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք Հայ աւետարանական քոլեճին եւ լիբանանահայութեան պատիւ բերող այս աշակերտին:
ԹՂԹԱԿԻՑ


