Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներու եւ ոգեկոչումներու կարգին, յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանին մէջ, ուր աշակերտները ոգեկոչեցին մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ ձեւով. վարժարանի հայոց լեզուի դասատու Պարգեւ Սամուէլեանը կատարեց բացման խօսքը` հաստատելով, որ թուրքը փորձեց մեզ բնաջնջել, սակայն չյաջողեցաւ, եւ այսօր մենք կը գոյատեւենք` պահելով մեր մշակոյթը, լեզուն եւ արդար իրաւունքներու պահանջը:
Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօսը` Ռաֆայէլ Ումուտեան (Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինի անդամ): Ան խօսեցաւ նռան յատկութիւններուն եւ կարեւորութեան մասին, յստակօրէն բացատրեց անմոռուկի բաժինները, նաեւ խրախուսեց աշակերտները, որ սիրեն իրենց մայրենի լեզուն, պահեն իրենց մշակոյթը եւ շարունակեն իրենց պահանջը մինչեւ արդար իրաւունքներու հատուցում:
Յայտագիրի երկրորդ մասը տեղի ունեցաւ վարժարանի շրջափակին մէջ. Լիլիթ Յովհաննէսեան ասմունքեց «Պիտի իյնաս» ոտանաւորը: Ապա հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտներէն խումբ մը ասմունքեց Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքը:
«Անլռելի զանգակը» թատերախաղը ներկայացուցին հինգերորդ դասարանի տղաքը: Թատերախաղը ցոյց կու տայ, թէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը միայն անհատներու հետ կապուած չէ, այլ կապուած է նաեւ իրենց ինչքերուն, գիրքերուն, մատենագիրներուն, նոյնիսկ` իրենց եկեղեցիներու զանգակներուն: Զանգակները, որոնք թուրքը բնաջնջեց` թողելով միայն մէկ զանգ, որ անդադար կը հնչէ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ: Այդ մէկը ապրող հայու սրտին ձայնն է, որ հայրենիք կը կանչէ նոյնիսկ հեռաւոր ծովերէն:
Երրորդ եւ չորրորդ դասարանի աշակերներէն խումբ մը տղաք ասմունքեցին Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր» ոտանաւորը, որմէ ետք վարժարանին պարախումբը հանդէս եկաւ գեղեցիկ պարով մը: Պարի աւարտին առաջինէն երրորդ դասարանի աշակերտները թռցուցին իրենց բռնած եռագոյն փուչիկները:
Յայտագիրի աւարտին վարժարանին երաժշտութեան դասատու Նեկտար Փալազեան մեներգեց «Հայորդիք» երգը: Ապա վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան յայտագիրը փակեց` շեշտելով, որ իբրեւ նոր սերունդ` առաքելութիւն մը ունինք կատարելիք եւ այն է պահանջատէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան ջահը փոխանցել եկող սերունդներուն մինչեւ մեր արդար իրաւունքներուն հատուցումը: