Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Օրինակելի Նախաձեռնութիւն Մը

April 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաուշրիէի Սեն Քէօր քոլեճի պատասխանատուներ գեղեցիկ գաղափարը յղացած են իւրաքանչիւր տարի ծառայութեան արշաւ մը կազմակերպելու Լիբանանի տարածքին գտնուող բարեսիրական հաստատութիւններ եւ կեդրոններ: Այս ծիրին մէջ, եւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, անոնք իրենց երկրորդ տարուան արշաւի թիրախ ընտրած են ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տունը` միաժամանակ թէ՛ իրենց յարգանքի տուրքը տալու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ թէ՛ իրենց սրտակցութիւնը յայտնելու լիբանանահայութեան նկատմամբ:

DSCN2337Արդարեւ, 28 մարտ 2015-ին, շաբաթ առաւօտեան, վարժարանի աւարտական կարգի 76 աշակերտներ իրենց 12 պատասխանատուներու առաջնորդութեամբ այցելեցին ՔԱՀԼ, ուր կեդրոնի սրահին մէջ ընդունուեցան հաստատութեան տնօրէնին եւ պաշտօնէութեան կողմէ:

ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան խօսք առնելով` բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց յոյժ գովելի նախաձեռնութեան համար:

Տօնական օրերու առիթով ցուցաբերուած ծառայութեան ոգին սիրոյ արտայայտութիւն է. սիրոյ արտայայտութիւն` ո՛չ միայն տարեցներու հանդէպ, այլ սիրոյ արտայայտութիւն` Աստուծոյ հանդէպ, ըսաւ պատուելի Թերզեան:

Ամփոփ կերպով ՔԱՀԼ-ի պատմականը ընելէ ետք, պատուելին անդրադարձաւ օսմանեան տիրապետութեան տակ հայոց ենթարկուած հալածանքին, չարչարանքին, անմարդկային վերաբերմունքին, տարագրութեան եւ ջարդին: Ցեղասպանութեան պատճառով մնացած էին բազմահազար որբեր, աչազուրկներ եւ անկարներ, որոնք անմիջական կարիքը ունէին հոգածութեան: Ասոնցմէ մաս մը ժամանեց Լիբանան, նախ` Ղազիր, ապա Պուրճ Համուտ, ուր հիմնուեցաւ ՔԱՀԼ-ը:

Պատուելի Թերզեան նոյնպէս անդրադարձաւ նոյն ժամանակաշրջանին Լեռնալիբանանի մէջ տիրող կացութեան, ուր սովի պատճառով աւելի քան 260,000 լիբանանցիներ իրենց կեանքը կորսնցուցին:

Ապա սկսաւ ծառայութեան արշաւին բուն` գործնական բաժինը: Աշակերտներ, խումբեր կազմած, սկսան աշխատանքի: Իւրաքանչիւր խումբ ստանձնած էր պարտականութիւն մը` հաստատութեան երկու բաժիններուն մէջ: Շուտով ՔԱՀԼ-ը մեղուանոցի մը վերածուեցաւ կարծես, ամէն կողմ` եռանդ ու շարժում:

Նախաճաշի պատրաստութեան նիւթերը եւ սպասարկութեան սարքերը իրենք հայթայթած ըլլալով` խումբ մը ստանձնեց նախաճաշի պատրաստութիւնը, իսկ այլ խումբ մը` սպասարկութիւնը:

DSCN2397Ոմանք ձեռնարկեցին մաքրութեան աշխատանքի, իսկ խումբ մը յանձն առաւ սենեակ մը ամբողջութեամբ ներկել: Կային անձեր, որոնք զբաղեցան պարտէզներու մաքրութեամբ, ծաղկեմշակումով եւ ոռոգմամբ:

Խումբ մը քալելու դժուարութիւն ունեցող տարեցներ անուաւոր աթոռներու միջոցով շրջագայութեան հանեց, մինչ ուրիշներ իրենց երգ ու նուագով հաճելի եւ ուրախ պահեր շնորհեցին պատսպարեալներուն:

DSCN2422Այսպէս, իրենց ժամանակէն քանի մը ժամ սիրայօժար կերպով տրամադրելէ եւ իրենց առաքելութիւնը աւարտած նկատելէ ետք, այցելուները բաժնուեցան` տարեցներուն երկար, ուրախ եւ հանգիստ օրեր մաղթելով ու տարբեր առիթով կրկին հանդիպելու խոստումով:

ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սեն Քէօր քոլեճի տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ մասնակից բոլոր աշակերտներուն ու անոնց առաջնորդներուն` հաստատութեանս նկատմամբ անոնց ցուցաբերած ուշադրութեան եւ հոգածութեան համար:

Հարկ է նշել, թէ աշակերտներ եւ պատասխանատուներ իրենց ծառայութեան իբրեւ խորհրդանիշ եւ երաշխիք, նախքան արշաւի ձեռնարկումը, օր մը առաջ միօրեայ ծոմապահութեան սկսած էին:

Իսկապէս օրինակելի նախաձեռնութիւն մը: Վարձքը կատա՛ր, բոլորի՛ն:

ՔԱՀԼ-Ի ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Մտորումներ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Յաջորդող Ամեակներու Անխուսափելի Ճանապարհը

Յաջորդը

Անունի Կանչը… Արեան Կանչը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.