100-րդ Տարելիցին Առիթով Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչում Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ
17 ապրիլ 2015-ին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը եւ աղօթքով, երգով ու ասմունքներով յարգանքի տուրք մատուցեց հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին: Ոգեկոչման ձեռնարկը սկսաւ վարժարանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի մեծաչափ նմանակին առջեւ բարձրացուած աղօթքով եւ «Տէր, ողորմեա»-ով` առաջնորդութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Պերճ վրդ. Սապէի: Ապա մասնակիցները ուղղուեցան «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահ, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ...

















