Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռիփսիմեանց Վարժարանի Աշակերտներուն Հայադրոշմ Ուխտագնացութիւնը Ի Հայաստան

May 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_Hrip-(1)5-05-15_Hrip-(2)22-27 ապրիլը Հայաստան կատարուած ուխտագնացութեամբ պատմական եւ անմոռանալի եղաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի 23 աշակերտներուն համար, որոնց կ՛ընկերակցէին երեք պատասխանատուներ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Հայաստան գտնուելու, հայրենի շունչով ու ոգիով գօտեպնդուելու եւ դասեր քաղելու, մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ ոգեկոչելու առաջադրանքով, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը նախաձեռնեց 8-րդ, 9-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններէ փափաքող աշակերտներու հայրենիք ուխտագնացութեան, որ իր շատ ազդու, դաստիարակիչ եւ շօշափելի արդիւնք ունեցաւ:

5-05-15_Hrip-(3)Ուխտագնացութիւնը ընթացք առաւ 22 ապրիլին` հայութեան յաղթանակն ու ապրելու աննկուն կամքը արտայայտող Սարդարապատէն, որպէսզի աշակերտները ըմբռնեն, որ հայութիւնը միայն սպանդի ենթարկուած չէ, այլ պայքարած ու յաղթանակներ կերտած է: 23 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր Ծիծեռնակաբերդն էր աշակերտներուն ժամադրավայրը, ուր անոնք խոնարհեցան իրենց զոհուած եւ վերապրած մեծ պապերուն յիշատակին ու աւանդին առջեւ եւ ուխտեցին տէր կանգնիլ անոնց կտակին` շարունակելով հայութեան գոյատեւման երթը: Ապա անոնք ներկայ գտնուեցան մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբադասման խորհրդաւոր արարողութեան, Էջմիածինի մէջ:

24 ապրիլի առաւօտեան Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի 23 աշակերտներն ու անոնց պատասխանատուները ուղղուեցան Օշական` Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդավայրն ու շիրիմը, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանեցին հայոց գիրերու գիւտը կատարած եւ հայութեան ազգային գոյատեւումը երաշխաւորած Մեսրոպ Մաշտոցին: Ապա ուղղուեցան Ս. Գայեանէ, Ս. Հռիփսիմէ եւ Խոր Վիրապ:

25 ապրիլին աշակերտները այցելեցին Մայր Հայաստանի արձանը, ուրկէ անոնք մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ դիտեցին զիրենք ողջունող Արարատը, որ այդ օրը պայծառութեամբ կը շողար, ապա մեկնեցան Գառնիի տաճար եւ Գեղարդ վանք:

Վերջին օրը` 26 ապրիլին, անոնք ուղղուեցան Ծաղկաձոր, միջնադարեան Հայաստանի կրօնական ու մշակութային կեդրոն` Կեչառիսի վանային համալիր, այցելեցին Սեւանայ լիճ, Սեւանայ թերակղզիին վրայ գտնուող եկեղեցիներ, Գոշավանք, ապա Հաղարծին:

Հայաստանի մէջ բաւական հարուստ եւ լիցքաւորող օրեր անցընելէ ետք, աշակերտները վերադարձան Լիբանան` իրենց հոգին աւելի եւս հպարտ իրենց հայ ըլլալով:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով. Մեսրոպեանի Աշակերտներուն Այցելութիւնը` Հայաստան

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտ Լոռի Եունիսէսի Պատուաբեր Յաջողութիւնը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.