Ընթացիկ տարուան 22-27 ապրիլին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի խումբ մը աշակերտներու այցելութիւնը Հայաստան եղաւ նշանակալից անոնց կեանքին մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով կատարուած ճանապարհորդութիւնը աշակերտներուն շնորհեց հայրենիքի ճանաչման եւ հայկականութեամբ հարստանալու բազում առիթներ ու պահեր, որոնց մէջ պակաս չէին յուզումն ու ուրախութիւնը, հպարտութիւնն ու բերկրանքը, որոնք իրարու յաջորդեցին այդ ճանապարհորդութեան զանազան հանգրուաններուն:
Ընդամէնը 5 օրուան ընթացքին 9-11-րդ դասարաններու 15 աշակերտներէ բաղկացած խումբը, ընկերակցութեամբ երկու պատասխանատուներու, այցելեց Գառնիի հեթանոսական տաճար, Գեղարդի վանք, Սարդարապատի յուշահամալիր, Խոր Վիրապ, Ջերմուկի հանգստավայր, Արենի գիւղի գինեգործական արտադրամաս, Ծաղկաձոր եւ Սեւանայ լիճ: Աշակերտները ծանօթացան քաղաքամայր Երեւանին, այցելեցին արցախեան ազատամարտի նահատակներու պանթէոն` Եռաբլուրի մէջ, ներկայ եղան հռչակաւոր «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի համերգին` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, իսկ ապրիլ 24-ին հարիւր հազարաւոր հայորդիներու հետ բարձրացան Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ եղեռնի 1.5 միլիոն նահատակներուն: