Գլխաւոր լուրեր

Ոչ Եւս Է Լիբանանահայ Ներհուն Մտաւորական Եւ Բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան

Երէկ կէս գիշերին «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը ցաւով իմացաւ իր երկար տարիներու աշխատակիցին եւ վերջին ժամանակաշրջանին «Ազդակ»-ի գրական էջի խմբագրութիւնը վարած ներհուն մտաւորականին ու բանաստեղծին` Սարգիս Կիրակոսեանի մահուան գուժը: Ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան կարկառուն դէմքերէն Սարգիս Կիրակոսեան եղած է «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսի փոխխմբագիր: Ան իր իւրայատուկ վաստակը ունեցած է արաբական գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելու առումով: Կուսակցական պաշտօններ վարած է ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան»...

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահը Կը Դատապարտէ Սուրուճի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումը

Գասպար Կարապետեան Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան Դաշնակցութեան Եւրոպայի կառոյցին անունով  դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պայթումը: «Այս ահաբեկչութիւնը յատկապէս հրէշաւոր է անով, որ Սուրուճի մէջ  հաւաքուած երիտասարդները կը պատրաստուէին երթալ Արաբ Բունար եւ իրենց նպաստը բերել քաղաքի վերանորոգման գործին», ըսած է Կարապետեան: Ան նաեւ շեշտած է, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ցոյց տուած անթաքոյց աջակցութեան...

100-Ամեակի Ձեռնարկներուն  Շուրջ Հարցազրոյց.  «100-Ամեակի Պետական Եւ Լիբանանի Յանձնախումբերուն  Միջեւ Նախապատրաստական Աշխատանքը  Նախօրինակ Ծառայեց Այլ Համայնքներու Համար»  Ըսաւ Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան

100-Ամեակի Ձեռնարկներուն Շուրջ Հարցազրոյց. «100-Ամեակի Պետական Եւ Լիբանանի Յանձնախումբերուն Միջեւ Նախապատրաստական Աշխատանքը Նախօրինակ Ծառայեց Այլ Համայնքներու Համար» Ըսաւ Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան

Երկուշաբթի, 20 յուլիս 2015-ին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար, Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի հետ: 100-ամեակի ձեռնարկներուն շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով 100-ամեակի անցնող եօթը ամիսներուն ընթացքին տեղի ունեցած ձեռնարկներուն մասին` Դեմոյեան յայտնեց, որ այդ ձեռնարկները չսկսան տարեսկիզբին: Ան նշեց, որ...

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը  Կը Պարգեւատրէ Համազգայինի Ուսանողական  Հաւաքին (Ֆորում) Հիմնադիրները «Ֆորումի Ապահովութեան» Հիմնադրամի Ստեղծում

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Կը Պարգեւատրէ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին (Ֆորում) Հիմնադիրները «Ֆորումի Ապահովութեան» Հիմնադրամի Ստեղծում

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան եւ Ֆորումի գրասենեակին, կիրակի, 19 յուլիս 2015-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համազգայինի ֆորումի բարեկամներու մտերմիկ ճաշկերոյթ» ձեռնարկը: Ձեռնարկին ներկայ էին Ֆորումի երկար տարիներու նուիրատուներ եւ բարեկամներ, ինչպէս նաեւ Ֆորումի նախկին մասնակիցներ, պատասխանատուներ եւ դասախօսներ: Համազգայինի Կեդրոնական...

Սփիւռքահայ Լրագրողներու «Սփիւռք  Ամառնային Դպրոց» Ծրագիրը Սկսաւ

Սփիւռքահայ Լրագրողներու «Սփիւռք Ամառնային Դպրոց» Ծրագիրը Սկսաւ

Երէկ` երեքշաբթի, 21 յուլիս 2015-ին, Երեւանի պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց» սփիւռքահայ լրագրողներու ծրագիրը: Ռուսիոյ տարբեր քաղաքներէ, Ուքրանիայէն, Ջաւախքէն,  Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Ղազախստանէն մասնակիցներ ծանօթացան ԵՊՀ-ի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի բաժանմունքներուն: Հայոց պատմութեան հիմնահարցերու շուրջ զեկուցում ներկայացուց ԵՊՀ-ի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան: Համշէնահայութեան մասին բաւական հետաքրքրական հետազօտական...

Յ. Բագրատունի Այցելեց  Նախարար Հըննաուիի

Յ. Բագրատունի Այցելեց Նախարար Հըննաուիի

Հըննաուի եւ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի, որուն շնորհաւորեց Ֆիթրի տօնին առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երիտասարդական, սկաուտական եւ մարմնակրթութեան ու անոր յատուկ միութիւններուն եւ ֆետերասիոններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Սարգսեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի  Խմբակի Համանախագահները

Սարգսեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: «Զրուցակիցները քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանի մտահոգութիւններն ու հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր», կը յայտնէ նախագահի պաշտօնական կայքը: Ուորլիք. «Հայաստան Տարածքներ Պիտի Չվերադարձնէ` Առանց Անվտանգութեան Երաշխիքներու» «Ղարաբաղեան տագնապի...

Թուսք. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Ամրապնդելու Գործակցութիւնը Հայաստանի Հետ»

Թուսք. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Ամրապնդելու Գործակցութիւնը Հայաստանի Հետ»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ  Թուսքը: Երկկողմանի ձեւաչափով բանակցութիւններուն ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  յարաբերութիւններուն եւ ընթացիկ համագործակցութեան, Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին: Անոնք նաեւ անդրադարձան շրջանային խնդիրներուն: Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին նշելով, թէ ուրախ է, որ Հայաստանի մէջ օրէնքին համաձայն նախաձեռնուած է...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահը Կը Հիւրընկալէ  Աշոտ Աւագեանի Ցուցահանդէսը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Հիւրընկալէ Աշոտ Աւագեանի Ցուցահանդէսը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր երկու յարկերով, տարբեր մթնոլորտով եւ հայրենի արուեստի իւրայատուկ ոճով հարուստ էր ուրբաթ, 17 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, երբ տեղի ունեցաւ բացումը արուեստագէտ Աշոտ Աւագեանի ցուցահանդէսին` հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու, ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Եւրոպայէն եւ այլ երկիրներէ համազգայնականներու եւ Համազգայինի բարերարներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի բարեկամներու, արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու հոծ բազմութեան մը:...

Հայկ Դեմոյեան Մասնակցեցաւ  100-Ամեակի Նիստին

Հայկ Դեմոյեան Մասնակցեցաւ 100-Ամեակի Նիստին

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի հերթական նիստին մասնակցեցաւ Լիբանան այցելած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան: Նիստը քննեց 100-ամեակի տարուան ընթացքին կազմակերպուած ձեռնարկներու դրական արձագանգները` քաղաքական, մշակութային եւ քարոզչական առումներով: Քննուեցան նաեւ կարելիութիւնները  «Հայոց ցեղասպանութեան մանուկ զոհերը», «Հայկական մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ», «Ինքնապաշտպանութեան մարտերը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն», «Հայկական եկեղեցիները...

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի  Լիբանանի  Անդրանիկ Ճամբարի Մասնակիցներու  Ծանօթացման Հանդիպում

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Լիբանանի Անդրանիկ Ճամբարի Մասնակիցներու Ծանօթացման Հանդիպում

3-12 օգոստոս 2015-ին Զմմառի «Հայր Շելհուպի տուն» կեդրոնին մէջ հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին տեղի պիտի ունենայ «Ուիքիփետիա Հայաստան»-ի Լիբանանի անդրանիկ ճամբարը, որուն նպատակն է պատրաստել «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի նոր աշխատակիցներ: Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն լիբանանահայ երկրորդական 11 վարժարաններէ 46 աշակերտներ: Ճամբարին Հայաստանէն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանին: Այս առիթով, ուրբաթ, 17 յուլիս 2015-ին,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սրբալոյս Միւռոնի  Օրհնութիւնը Կատարեց Հայ Ժողովուրդի  Վերածնունդը Խորհրդանշող  Սուրբ Աստուածածին Վանքի  Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Առջեւ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւնը Կատարեց Հայ Ժողովուրդի Վերածնունդը Խորհրդանշող Սուրբ Աստուածածին Վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Առջեւ

Հայ եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական ու հոգեթով արարողութիւնը` Սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը, որ, աւանդութեան համաձայն, եօթը տարին անգամ մը կը կատարուի, հոգեւոր վերանորոգութիւն կ’առթէ եւ Սուրբ Հոգիի շնորհաբաշխ ներկայութեամբ կը հզօրացնէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին տեղի ունեցած Սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը իր յատուկ նշանակութիւնը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար, որոնք 100 տարիներ շարունակ աղաղակող ձայնը հանդիսացան անպատիժ...

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ամրագրող,  Որբերուն Յիշատակը Անմահացնող Եւ Հայկական Պահանջատիրութեան Փարոս Դառնալու Կոչուած «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Հանդիսաւոր Բացում

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ամրագրող, Որբերուն Յիշատակը Անմահացնող Եւ Հայկական Պահանջատիրութեան Փարոս Դառնալու Կոչուած «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Հանդիսաւոր Բացում

Նախարար Արայժի. «Այս Թանգարանը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշողութիւնը Վառ Պահող Կառոյցներէն Մէկն Է» Ռայի Պատրիարք. «Նման Թանգարանի Մը Կառուցումը Ապացոյց Է Հայութեան Զարթօնքին Եւ Ցեղասպանութենէն Աւելի Զօրաւոր Ըլլալուն» Ալեքքօ Պէզիքեան. «Նորակառոյց Թանգարանը Զգուշացում Է Թուրքիոյ» Շաբաթ, 18 յուլիս 2015-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան մէջ արժանավայել կերպով բացումը կատարուեցաւ 100 տարի առաջ գործադրուած ահաւոր Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած որբերուն...

Միջեկեղեցական Արարողութիւն Եւ Ջրօրհնէք` Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Սուրբերու Յիշատակին

Միջեկեղեցական Արարողութիւն Եւ Ջրօրհնէք` Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Սուրբերու Յիշատակին

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մասնակցութեամբ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, երէկ` կիրակի, 19 յուլիս 2015-ին, Անթիլիասի   Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, նաեւ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ միջեկեղեցական աղօթք: Պատարագը մատուցեց Մակար եպս. Աշքարեան: Պատարագի ընթացքին ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Թէոդորոս Բ. պատրիարքը: Ան  խօսքին սկզբնաւորութեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին  Նուիրուած Երաժշտական Երեկոյ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Երաժշտական Երեկոյ

Երէկ` կիրակի, 19 յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 100-ամեակի նուիրուած Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան, եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ձեռնարկներուն համար աշխարհի չորս կողմերէն Լիբանան հասած ուխտաւորները եւ Լիբանանի երաժշտասէր հանրութիւնը լեցուցած էին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակը: Անոնք եկած էին ունկնդրելու եւ ըմբոշխնելու հայ երաժշտութիւնը: Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ անոր կը նախագահէր Ազգային բարերարներ Ալեքքօ...

ԶՈՄ-ականներու Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի  Անդամ Խաչիկ Մուրատեանի Հետ

ԶՈՄ-ականներու Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Խաչիկ Մուրատեանի Հետ

Ուրբաթ, 17 յուլիս 2015-ին խումբ մը ԶՈՄ-ական ընկերներ «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ հանդիպում-զրոյց մը ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ  Խաչիկ Մուրատեանի հետ: Զրոյցին նպատակն էր ծանօթանալ թրքական քաղաքականութեան եւ արծարծել Արեւմտահայաստանի ու թաքուն հայերուն իրավիճակը: Մասնակիցները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու ընկերոջ եւ ստանալու համապատասխան բացատրութիւններ:

Պան Քի Մունի Ներկայացուցիչը Այցելեց Բագրատունիի

Պան Քի Մունի Ներկայացուցիչը Այցելեց Բագրատունիի

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի` «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Քաակ ներկայացուց ՄԱԿ-ի եւ միջազգային ընտանիքի ակնկալութիւնները Լիբանանի քաղաքական կողմերէն ինչ կը վերաբերի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, երկրի ապահովութեան եւ անվտանգութեան ու գոյութիւն ունեցող հարցերը երկխօսութեան ճամբով լուծելու առնչութեամբ: Ան...

Օհանեան. «200 Միլիոն Տոլարի Վարկով Պիտի Ունենանք Աւելի Ժամանակակից Զէնք»

Օհանեան. «200 Միլիոն Տոլարի Վարկով Պիտի Ունենանք Աւելի Ժամանակակից Զէնք»

Սէյրան Օհանեան Ռուսիոյ կողմէ տրամադրուող 200 միլիոն տոլարի վարկը Հայաստանին կարելիութիւն պիտի ընձեռէ ունենալու աւելի ժամանակակից զէնք: Այս մասին երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին  ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: «Համապատասխան համագործակցութեան շնորհիւ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը Ռուսիոյ հետ հասած է նման համաձայնութեան: Զէնքի տեսակները արդէն ընտրուած են եւ ճշգրտումները կը կատարուին: Զէնքերը ժամանակակից են, աւելի շատ պաշտպանողական...

«Վստահութիւն Չկայ Մեր Իշխանութիւններուն Նկատմամբ»   Կ՛ըսէ Գորիկ Յակոբեան

«Վստահութիւն Չկայ Մեր Իշխանութիւններուն Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Գորիկ Յակոբեան

Գորիկ Յակոբեան Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գորիկ Յակոբեան երէկ կառավարութեան նիստին  մտահոգութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ չկայ վստահութիւն իշխանութիւններուն նկատմամբ: Երկրին անվտանգութեան համար պատասխանատու պաշտօնատարը այդպիսի յայտարարութիւն կատարեց, երբ կառավարութիւնը կը քննարկէր «Նայիրիտ» գործարանի աշխատաւորներու աշխատավարձերու պարտքի վճարման հարցը, որուն կապուած վերջիններս նախանցեալ օր փողոց փակած էին, երէկ ալ ցոյց ըրին կառավարութեան շէնքին առջեւ: «Չորեքշաբթի հաւաքուածներուն թիւը շուրջ 500...

Երեւան Եւ Թիֆլիս Կը Համագործակցին  Զինուորական Կրթութեան Մարզին Մէջ

Երեւան Եւ Թիֆլիս Կը Համագործակցին Զինուորական Կրթութեան Մարզին Մէջ

Աշխատանքային այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան երէկ տեսակցեցաւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելիի հետ: Հայկական կողմէն հանդիպման մասնակցեցան նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան  ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ Էնրիքօ Ապրիամով եւ նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան: Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ հայկական կողմին հետ երկկողմանի համագործակցութեան առաջնահերթ  ուղղութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ զինուորական կրթութիւնը: «Պրիւքսէլի մէջ ես կարելիութիւն...

Page 757 of 795 1 … 756 757 758 … 795

Արխիւներ