Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քննադատութիւն, Առաջարկ Եւ Սպառնալիք

September 11, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Parlamento-Europeo_ECDIMA20150908_0006_20

Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Ազրպէյճանի պետական պաշտօնատարներու դէմ հասցէական պատժամիջոցներ կիրարկելու կոչ-բանաձեւի բովանդակութիւնը առաջին հայեացքով առաւելաբար կը կեդրոնանայ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման երեւոյթներուն վրայ: Բանաձեւի կէտերուն տարբաղադրումը կու տայ հետեւեալ պատկերը, որ խորքին մէջ կը կազմէ որդեգրուած բանաձեւին հիմնաւորումները:

Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած է  աճ բռնաճնշումներու եւ ձերբակալութիւններու ենթարկուած իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու երեւոյթներուն:

Եւրոպական խորհրդարանը պէտք է քննարկէ պաշտօնատար անձերու դէմ հասցէական պատժամիջոցներ կիրարկելու (ընդ որում` Եւրոպա մուտքի արգելք) հարցը:

Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ծառայութեան դիտորդներ չուղարկելու: Կը հիմնաւորուի, որ ներկայ պայմաններուն մէջ դիտորդներ ուղարկելը կ՛օրինականացնէ Ազրպէյճանի ընտրութիւնները:

Եւրոպական Միութիւնը պէտք է կոչ յղէ Ազրպէյճանի կառավարութեան չեղեալ նկատելու համար Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման որոշումը եւ շարունակէ այդ կազմակերպութեան հետ գործակցութիւնը  (ընդգծումը` մեզմէ):

Ճիշդ է, որ բանաձեւը կոչի բնութագիր ունենալով պարտադիր բնոյթ չի կրեր, այսուհանդերձ Եւրոպական խորհրդարանին անունով կ՛արձանագրէ.

Ա. Պետական բարձր պաշտօններ զբաղեցնող ազրպէյճանցի պաշտօնատարներ ուղղակիօրէն պատասխանատու են երկրին մէջ կիրարկուող բռնաճնշումներուն: Այս հաստատումը կ՛ենթադրէ, որ բռնապետական վարչակարգի հովանաւորչութիւնը վայելող ազդեցիկ պաշտօնատարներու միջոցով երկրին մէջ անարգել կը կիրարկուի բռնութիւնը, որուն յատկապէս թիրախ են իրաւապաշտպաններն ու լրագրողները: Երկու ոլորտներն ալ ամէնէն զգայուն մարզերն են յատկապէս եւրոպական ընկալումներով:

Բ. Հաստատումի սահմաններուն մէջ չի մնար այս գնահատականը: Պատժամիջոցներ որդեգրելու մասին է նաեւ բանաձեւ-կոչը ուղղուած Եւրոպայի օրէնսդիր իշխանութիւններէն` գործադիր իշխանութիւններուն:

Գ. Կը շարունակուի տրամաբանութիւնը: Եւրոպական Միութեան երկիրները պէտք չէ օրինականացնեն Ազրպէյճանի որեւէ ընտրութիւն` տրուած ըլլալով, որ այնտեղ կը տիրեն ամբողջատիրական կարգեր: Ի դէպ Ֆրանսայի յառաջատար պատկերասփիւռի կայաններէն «Նախագահս գործուղման մէջ է, յայտագիրով ամէնէն կոշտ մեղադրանքները հնչեցուցած էր բռնութիւն կիրարկող Պաքուին, որ չէր ուշացած պաշտօնապէս բողոքելու «Ֆրանս 2»-ի նշանաւոր պատկերասփռումին պատասխանատուներուն դէմ:

Դ. ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման դէպքի յիշեցումը իր տեսակին մէջ որոշ տեղ մը կ՛առանձնանայ բանաձեւի միւս կէտերէն: Ուրեմն երկրորդ հայեացքով խնդիրը զուտ մարդկային իրաւանց չի վերաբերիր միայն: Հարցը ուղղակիօրէն կը վերաբերի արցախեան հիմնահարցին: Պաքուն ամէն առիթի չէր թաքցներ իր անհանգստութիւնը ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան նկատմամբ: Բացայայտ էին Պաքուի նկրտումները` բանակցային գործընթացը ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափէն միջազգային այլ հարթութիւն (յատկապէս ՄԱԿ) տեղափոխելու: Այս ապարդիւն փորձերը յանգած էին Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ- ի գրասենեակի փակման` ազրպէյճանական կառավարութեան որոշումով: Հիմա Եւրոպական խորհրդարանը ամէնէն խիստ քննադատութիւնները հնչեցնելէ ետք Եւրոպական Միութեան ճամբով կոչ կ՛ընէ Պաքուին վերաբանալու ԵԱՀԿ-ի գրասենեակը: Աւելցնելով, որ վճռած է շարունակել ԵԱՀԿ-ի հետ իր համագործակցութիւնը, ընդ որում նաեւ Պաքուի վերաբացելի գրասենեակին:

Խիստ քննադատութիւններ կան այս բանաձեւ-կոչին մէջ, կան անշուշտ առաջարկներ, բայց նաեւ սպառնալիքներ: Հետեւեալն է քաղաքական տրամաբանութիւնը: Իրավիճակի բնորոշում, որ քննադատական բաժինն է: Առաջարկներ, որ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի վերաբացումն է, եւ սպառնալիքներ` դիտորդներ չուղարկել, բայց մանաւանդ ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու դէմ հասցէական պատժամիջոցներ:

Կարելի՞ է եւրոպական այս խստացումը բացատրել սահմանագօտիին եւ շփման գիծին վրայ Պաքուի դրսեւորած վերջին վարքագիծին պատասխանի հասկացողութեամբ: Դժուար է միանշանակ պարզելը: Չէ բացառուած, որ պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման մօտեցումը անուղղակի շրջելու ձեւերէն մէկն է այս կոչը:

«Ա.»

Նախորդը

Պելճիքայի Խորհրդարանականներ Արցախ Կ՛այցելեն

Յաջորդը

Պրաւօ Երեք Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլին Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան

February 10, 2026
Ակնարկ.  Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ

February 10, 2026
Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.