Կիրակի, 13 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կարգ մը համայնքներու մէջ տեղի ունեցած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ համայնքի ղեկավարներ ընտրած են Արագածոտնի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Կոտայքի, Վայոց ձորի, Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերուն բնակիչները:
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ տեղի ունեցած են Արցախի ամբողջ տարածքին` 207 համայնքներուն մէջ: 200 համայնքներու աւագանիի անդամներու 1022 տեղերուն համար արձանագրուած թեկնածուներուն թիւը 1241 է: 200 համայնքներու մէջ աւագանիի անդամներու 1022 տեղերուն համար արձանագրուած թեկնածուներուն թիւը 1241 է:
Արցախի մէջ ընտրելու իրաւունք ունի 94.241 քաղաքացի:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կարգ մը շրջաններու` Մարտունիի, Մարտակերտի, Շուշիի, Ասկերանի, Հատրութի, Քաշաթաղի, Շահումեանի, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքի ղեկավար եւ աւագանիի անդամներու ընտրութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի լրատուական ծառայութեան հաղորդումով, Ստեփանակերտի քաղաքապետութեան համար կը մրցին երկու թեկնածուներ` գործող քաղաքապետ, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Սուրէն Գրիգորեան եւ «Արցախի կոմունիստ» թերթի խմբագիր, Լեռնային Ղարաբաղի Համայնավար կուսակցութեան անդամ Արիս Գրիգորեան: