Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Նալբանդեան Բրիտանիա Կ՛այցելէ

September 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nalbadian_9-10-15

9 սեպտեմբերին Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ հանդիպում ունեցաւ պաշտօնական այցելութեամբ Բրիտանիա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Ֆիլիփ Համընտ կարեւոր նկատեց բարձր մակարդակի աշխուժ յարաբերութիւններու շարունակականութիւնը:

Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ վերջին շրջանին յաճախակի դարձած են բարձրաստիճան այցելութիւնները, խորհրդարանական յարաբերութիւնները, աշխուժացած են գործարար կապերը, ինչ որ լաւ նախադրեալներ կը ստեղծէ տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման եւ ընդլայնման համար: Հայաստանի ու Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման ուղիները:

Նախարարները անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, համագործակցութեան իրաւական նոր հենքի ստեղծման նպատակով ձեռնարկուող քայլերուն:

Նախարարները հանգամանալից միտքեր փոխանակեցին Միջին  Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին, սուրիական ճգնաժամի եւ անոր լուծման ուղիներուն, ահաբեկչութեան դէմ ուղղուած միջազգային հանրութեան պայքարին, Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ձեռքբերուած համաձայնութիւններուն եւ անոր կապուած զարգացումներուն:

Նախարար Նալբանդեան բրիտանացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցող նախաձեռնութիւններն ու անոնց խորհուրդը: Այդ պարունակին մէջ նախարար Նալբանդեան  շնորհակալութիւն յայտնեց այս տարուան մարտին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախաձեռնած` Ցեղասպանութեան կանխարգիլման բանաձեւը Բրիտանիոյ կողմէ համահեղինակելուն համար:

Այնուհետեւ նախարար Նալբանդեան աշխատանքային ճաշ ունեցաւ Բրիտանիոյ եւրոպական հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիտինկթընի հետ, որուն հետ քննարկման առարկայ դարձան հայ-բրիտանական յարաբերութիւնները, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը, ուքրանական ճգնաժամը եւ անոր լուծման ուղիները եւ միջազգային շարք մը խնդիրներ:

Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանային տագնապներու խաղաղ լուծման ուղիները: Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուող միացեալ ջանքերը: Բրիտանիոյ եւրոպական հարցերով նախարարը իր երկրին աջակցութիւնը յայտնեց այդ ուղղութեամբ Մինսքի խմբակի  համանախագահներուն գործունէութեան:

 

Նախորդը

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Կը Յորդորէ Զերծ Մնալ Հայ Համայնքը Թիրախ Դարձնող Հրապարակումներէ

Յաջորդը

Պելճիքայի Խորհրդարանականներ Արցախ Կ՛այցելեն

RelatedPosts

Ակնարկ  Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը

October 15, 2026
Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ  Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.