Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Պելճիքայի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

September 10, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ent_9-09-15

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունած է Պելճիքայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, թէ ողջունելով հիւրերը եւ անոնց այցելութիւնը Հայաստան` հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է միջխորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը միջպետական յարաբերութիւններու  ամրապնդման գործին մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Պելճիքայի երեսփոխաններուն այցելութեան յագեցած օրակարգը աւելի պիտի սերտացնէ եւ նոր որակական հարթութեան մը պիտի տեղափոխէ հայ-պելճիքական միջխորհրդարանական կապերը: Նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանը պատրաստակամ է աւելի ամրապնդելու Պելճիքայի հետ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնց կը նպաստեն նաեւ շարք մը կարեւոր հանգամանքներ. Պելճիքան 100 տարի առաջ ապաստան տուաւ  ցեղասպանութենէն փրկուած մեր հայրենակիցներուն, որոնց սերունդները այսօր կը շարունակեն ապրիլ եւ արարել այդ երկրին մէջ:

Պելճիքան, Եւրոպական Միութեան հիմնադիր անդամ ըլլալով, ըստ Նախագահին, իր զարգացած տնտեսութեամբ կրնայ լաւ  օրինակ հանդիսանալ գրեթէ նոյնչափ տարածք ունեցող Հայաստանի համար` բարեփոխումներու իրականացման ճամբուն վրայ: Նախագահին խօսքով, Հայաստանի մէջ Պելճիքան կ՛ընկալուի իբրեւ ուսանելի զարգացման բնորդ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է, որ Պելճիքայի խորհրդարանականները Հայաստան այցելած են մեր երկրին եւ ժողովուրդին համար կարեւոր ժամանակաշրջանի մը ընթացքին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին: Նախագահը բարձր գնահատած է 1998-ին Պելճիքայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը, նաեւ կարեւոր նկատած է յունիսին վարչապետ Շարլ Միշելի, իսկ մէկ ամիս ետք` Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը, որուն արդիւնքով Պելճիքան ամբողջացուցած է ճանաչման հոլովոյթը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է բարեկամ Պելճիքայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հարցով, որ համահունչ է Եւրոպական Միութեան  ընդհանուր մօտեցումին: Նախագահը ողջունած է խորհրդարանականներուն ցանկութիւնը` այցելելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ տագնապին մասին անաչառ տեղեկութիւններ ստանալու անմիջապէս տեղւոյն վրայ` տեսնելով երկիրը եւ յարաբերելով արցախցիներուն հետ:

Պելճիքացի խորհրդարանականները ընդգծած են, որ կարեւոր քանի մը հարցեր կը միաւորեն նաեւ զիրենք Պելճիքայի տարբեր մակարդակի խորհրդարաններու ներկայացուցիչները: Այդ հարցերուն շարքին են 2015-ին իրենց խորհրդարաններուն մէջ  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու միացեալ ցանկութիւնը:

Երեսփոխանները շարք մը այլ հարցերու կողքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն հետաքրքրուած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթով: Հանրապետութեան Նախագահը պատասխանած է խորհրդարանականները  հետաքրքրող բոլոր հարցումներուն եւ ներկայացուցած Հայաստանի մօտեցումները:

Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Պելճիքայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը 8 սեպտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Շիրակ Թորոսեանի ընկերակցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Երեսփոխանները ծաղիկներ զետեղած են 1915-ի Մեծ եղեռնի յուշարձանի անմար կրակին շուրջ եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած են սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Պատուիրակութեան անդամները Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ծանօթացած են հայոց մեծ ողբերգութեան վերաբերող փաստաթուղթերուն եւ ցուցանմուշներուն, արձանագրած են յուշամատեանին մէջ:

Պրիւքսէլի Ֆրանսախօս խորհրդարանի ղեկավար Ժիւլի տը Կրոթ նշած է, որ իրենք յառաջիկային այցելելով Լեռնային Ղարաբաղ` յատուկ առաքելութիւն ունին իրականացնելիք:

«Մենք միացեալ ուժերով պէտք է կարգ մը խնդիրներու լուծումներ գտնենք», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Ազգային Երկխօսութեան Բ. Նիստը` 16 Սեպտեմբերին

Յաջորդը

Ազրպէյճանը Ջղագարութեան Արշաւ Ծաւալած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ընթացող Ժողովրդավարական Գործընթացներու Դէմ

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.