Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Սեպտեմբեր 12, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

badkamavorner_9-11-15

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 11-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 7-11 սեպտեմբեր 2015-ին` Աղուերանի մէջ, Հայաստան, մասնակցութեամբ Շրջանային եւ Մեկուսի 20 շրջաններէ 65 պատգամաւորներու եւ 34 հրաւիրեալներու:

Ժողովը համապարփակ քննութեան ենթարկեց ՀՄԸՄ-ի անցնող չորս տարիներու սերնդակերտման ու հայակերտման աշխատանքները, գնահատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ:

Պատգամաւորական ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց լուծման թափ տալու նպատակով: Ժողովը քննեց նաեւ միութեան կազմակերպական ընդհանուր իրավիճակը եւ ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելու կարելիութիւնները: Օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ կանոնագրային տրամադրութիւններու կարգ մը բարեփոխումներ եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին ու կայքին զարգացման վերաբերող ծրագիրներ:

Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր ժողովը ճշդեց ՀՄԸՄ-ի յառաջիկայ տասնամեակներու զարգացման ռազմավարական ծրագիրը` համահայկական մօտեցումով (Հայաստան եւ սփիւռք): Այս իմաստով, ժողովը տուաւ հիմնական որոշումներ` հայ երիտասարդութեան ներգրաւման, Հայաստանի մէջ աշխատանքներու ընդարձակման, միութեան կազմակերպական կեանքի արդիականացման եւ արհեստագիտական նորագոյն միջոցներու օգտագործման համար:

Պատգամաւորական 11-րդ ժողովը առաջադրեց Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան զոյգ 100-ամեակներուն առիթով ձեռնարկներու կարելիութիւնները եւ թելադրեց փառաշուք տօնակատարութեամբ յիշատակել զոյգ 100-ամեակները:

Իր աշխատանքներուն աւարտին, ժողովը ընտրեց յառաջիկայ քառամեայ նստաշրջանի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Ընդհանուր ժողովի դիւանի ներկայութեան կազմուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան դիւանը` բաղկացած հետեւեալներէն.

Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան – ատենապետ (Լիբանան)
Եղբ. Րաֆֆի Կէօվօղլանեան – ատենադպիր (Լիբանան)
Եղբ. Վաչէ Նաճարեան – գանձապահ (Լիբանան)
Եղբ. Իշխան Եղիայեան (Լիբանան)
Եղբ. Բագրատ Եսայեան (Հայաստան)
Եղբ. Օշին Փիրումեան (Հայաստան)
Եղբ. Վիգէն Դաւթեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան (Քանատա)
Եղբ. Անդրանիկ Պահարեան (Ֆրանսա)
Եղբ. Ալեք Խաչատրեան (Լոնտոն)
Եղբ. Վիգէն Քորթեան (Աւստրալիա)
Եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան (Հարաւային Ամերիկա)

ՀՄԸՄ-Ի
ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 11-ՐԴ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական Վարժարանի Խնամակալութեան Եւ Տնօրէնութեան. Ազգային Բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի Կիսանդրիի Բացում Եւ Շքանշաններու Տուչութիւն

Յաջորդը

Խաչվերացն Ու Մուսա Լերան Հերոսամարտը

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?