Գլխաւոր լուրեր

Պրազիլ Ռիօ Տը Ժանէյրօ Նահանգը  Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Պրազիլ Ռիօ Տը Ժանէյրօ Նահանգը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ նահանգը 24 յունիսին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ «24 ապրիլ»-ը սահմանած իբրեւ «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ զոհերու յիշատակման օր»: «Agencia Prensa Armenia»-ի փոխանցումով, օրէնքին նախագիծը նահանգային խորհրդարան ներկայացուցած էր նահանգապետ Լուիշ Ֆեռնանտու Պեժաոն: Ռիօ տը Ժանէյրոն Պրազիլի չորրորդ նահանգն է Փարանա, Սան Փաուլօ եւ Սէարա նահանգներէն ետք, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Ամիսներ առաջ Պրազիլի...

Ղովմի Կուսակցութեան Հիմնադիր Անթուն  Սաատէի Նահատակութեան  Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Ղովմի Կուսակցութեան Հիմնադիր Անթուն Սաատէի Նահատակութեան Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Ղովմի կուսակցութեան, երէկ տեղի ունեցաւ կուսակցութեան հիմնադիր Անթուն Սաատէի նահատակութեան նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ Լիբանան ազգային նոր տագնապի դէմ յանդիման կը գտնուի` նկատի ունենալով, որ նախագահական աթոռը թափուր կը մնայ, խորհրդարանը օրէնսդրական աշխատանք չի կատարեր, կառավարութեան աշխատանքները սառած են, տնտեսութիւնը տագնապէ կը տառապի, իսկ մարդիկ ձգուած են իրենց ճակատագիրին: «Առանց...

«Լիզպոնի Մէջ Բոցավառած Ջահը Ձերն Է,  Հայ Երիտասարդնե՛ր, Հատուցումի  Ու Ազատագրութեան Կռիւը Ձեզ Կը Սպասէ».   Լիզպոնի Գործողութեան 32-Ամեակի  Ձեռնարկին Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Լիզպոնի Մէջ Բոցավառած Ջահը Ձերն Է, Հայ Երիտասարդնե՛ր, Հատուցումի Ու Ազատագրութեան Կռիւը Ձեզ Կը Սպասէ». Լիզպոնի Գործողութեան 32-Ամեակի Ձեռնարկին Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Լուսանկարը՝ ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը խուռներամ եւ մարդաշատ էր երէկ` կիրակի, 26 յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ: Տարբեր տարիքի հայորդիներ փութացած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու այն հերոս տղոց` Սիմոնի, Սագոյի, Վաչէի, Արայի եւ Սեդրակի, որոնք 32 տարիներ առաջ նահատակուեցան Հայ դատի ու պահանջատիրութեան ուժանակին ցնցումին հետ իրենց հերոսութեան բագինը կերտելով` համայն հայութեան իբրեւ ժառանգ ու կտակ:...

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ  Իր Նոր Կաթողիկոս Պատրիարքը` Գրիգոր Պետրոս Ի.

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Իր Նոր Կաթողիկոս Պատրիարքը` Գրիգոր Պետրոս Ի.

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ընտրական սիւնհոդոսը, որ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի յաջորդի ընտրութեան աշխատանքներուն սկսած էր երեքշաբթի, 14 յուլիս 2015-ի առաւօտեան` Ս. պատարագով եւ հոգեւոր կրթութեամբ, յետ խորհրդակցութիւններու, իր 25 յուլիս 2015-ի առաւօտեան նիստին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց 20-րդ կաթողիկոս պատրիարք ընտրեց արհիապատիւ հայր Գրիգոր եպս.  Կապրոյեանը, որ...

«Գագիկ Ծառուկեան» Բարեգործական Հիմնադրամը  100,000 Ամերիկեան Տոլարով Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Ազգային Միացեալ Վարժարանի  Կառուցման Աշխատանքներուն

«Գագիկ Ծառուկեան» Բարեգործական Հիմնադրամը 100,000 Ամերիկեան Տոլարով Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Կառուցման Աշխատանքներուն

Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նուիրուած արծաթեայ խաչը Շաբաթ, 25 յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային իշխանութեան եւ վարչութիւններու անդամներուն, քահանայ հայրերու, լիբանանահայ կառոյցներու պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ծառուկեան մօտէն ծանօթացաւ վարժարանի շինարարական աշխատանքներուն եւ յայտնեց, որ «Գագիկ...

«Սփիւռք» Լրագրողներու Ամառնային  Դասընթացքը Կը Շարունակուի

«Սփիւռք» Լրագրողներու Ամառնային Դասընթացքը Կը Շարունակուի

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Սփիւռք» լրագրողներու ամառնային դասընթացքին, որ 21 յուլիսին սկսաւ, արդէն իսկ առաջին շաբաթը իր աւարտին հասած է: Չորեքշաբթի, 22 յուլիս  2015-ին, Երեւանի պետական համալսարանի  Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան շուրջ զեկուցում-զրոյց մը ցեղասպանագէտ Արմէն Մարուքեանի հետ, ապա մասնակցողները այցելեցին «Թումօ» արհեստագիտական կեդրոն, ուր ծանօթացան կեդրոնի զանազան բաժանմունքներուն: Հինգշաբթի, 23...

Խմբագրական.  Ցեղասպանութենէն 68 Տարի Ետք,  Եւ 100-Ամեակէն 32 Տարի Առաջ

Խմբագրական. Ցեղասպանութենէն 68 Տարի Ետք, Եւ 100-Ամեակէն 32 Տարի Առաջ

Լիզպոնի արարքը ներազգային առումով հսկայական ուղերձ եւ խորհուրդ կը պարփակէ. բայց անիկա արարք է, գործողութիւն` ուղղուած ուղղակիօրէն Թուրքիոյ: Լիզպոնի արդարահատոյցներուն ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի Թուրքիայէն տարածքային պահանջի խնդիրը, հայութեան պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը: «Հող» բառը Լիզպոնի տղոց նկարահանուած ուղերձներուն մէջ կը կրկնուի իբրեւ ազատագրելի տարածք, իբրեւ ամբողջական հայրենիքի վերականգնման առաջադրանք: Ուրեմն, եթէ Լիզպոնը ընկալենք իբրեւ զինուորաքաղաքական գործողութիւն,...

«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը  500 Հազար Ամերիկեան Տոլար Նուիրեց  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Եւ Սուրիահայութեան

«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը 500 Հազար Ամերիկեան Տոլար Նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Սուրիահայութեան

Ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հրաւէրին` Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան դէպի Եւրոպա իր այցելութեան ճամբուն վրայ երէկ` ուրբաթ, 24 յուլիս 2015-ին այցելեց Լիբանան: Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ան այցելեց Անթիլիասի մայրավանք, ուր մօտէն ծանօթացաւ Անթիլիասի Մայրավանքի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանքին: Հայրենի հիւրը մօտէն ծանօթացաւ մատենադարանին, թանգարանին, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի մատրան: Ապա...

Ս. Օհանեան. «Հակառակորդի Աշխուժութիւնը  Պայմանաւորուած Է Նաեւ  Այդ Երկրին Ներքին Խնդիրներով»

Ս. Օհանեան. «Հակառակորդի Աշխուժութիւնը Պայմանաւորուած Է Նաեւ Այդ Երկրին Ներքին Խնդիրներով»

Վերջին օրերուն սահմաններուն վրայ լարուածութիւն կայ, կրակոցներու թիւը աւելցած է, հակառակորդը ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի  սահմանամերձ բնակավայրերուն  ուղղութեամբ կը կրակէ, նաեւ օգտագործելով  խոշոր տրամաչափի հրասանդներ: Այս մասին լրագրողներուն երէկ ըսաւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` հակառակորդին աշխուժութիւնը բացատրելով քանի մը տարբեր  հանգամանքներով: «Լարուածութեան վրայ կ՛ազդեն ներքաղաքական, շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, նաեւ հակառակորդին մօտ ներքաղաքական եւ ներտնտեսական կարգ մը պայմանները»,...

Նալբանդեան. «Ողջունելի Է  Հայոց Ցեղասպանութեան  Աներկբայ Ճանաչումը Պելճիքայի Կողմէ»

Նալբանդեան. «Ողջունելի Է Հայոց Ցեղասպանութեան Աներկբայ Ճանաչումը Պելճիքայի Կողմէ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ հրապարակեց   յայտարարութիւն մը` Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւին ընդունման առիթով: «Տակաւին տասնեօթը տարի առաջ Պելճիքայի Ծերակոյտը յատուկ բանաձեւով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Պելճիքայի վարչապետը ընթացիկ տարուան 18 յունիսին վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ կառավարութեան դիրքորոշումը: Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ընդունուած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը կ՛ամբողջացնէ Պելճիքայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը:...

Պելճիքայի Խորհրդարանը  Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Պելճիքայի Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հինգշաբթի, 23 յուլիսին, Պելճիքայի խորհրդարանի լիագումար նիստը բացարձակ մեծամասնութեամբ հաստատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը: Չորեքշաբթի օր սկսած քննարկումները գրեթէ միաձայնութեամբ ի պաշտպանութիւն էին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին, որուն դրականօրէն արձագանգած էին Պելճիքայի խորհրդարանի գրեթէ բոլոր խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները: Այս բանաձեւին վաւերացումով, Պելճիքայի խորհրդարանը կու գայ միանալու երկրի դաշնակցային կառավարութեան ու Ծերակոյտին, որոնք վաղուց արդէն ճանչցած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւին վաւերացումը...

Խօսելով Սահմանադրական  Փոփոխութիւններուն Մասին`.  «Սկզբունքային Առումով  Մեր Տեսակէտը Յաղթած Է»  Յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան

Խօսելով Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Մասին`. «Սկզբունքային Առումով Մեր Տեսակէտը Յաղթած Է» Յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան

Հրանդ Մարգարեան Հայաստանի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեան առաջինէն  7-րդ գլուխներու նախագիծին առնչութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Մենք տակաւին կը քննարկենք ատիկա, առանձին հատուածներու, պարբերութիւններու, ձեւակերպումներու վերաբերեալ մենք խնդիրներ ունինք, բայց հիմնականին մէջ, սկզբունքային առումով, այո՛, կը հաւատանք, որ մեր տեսակէտը յաղթած է»: Սահմանադրական բարեփոխումներու նախաձեռնումէն ետք ընդդիմադիր Դաշնակցութիւնը առաջարկներ ներկայացնող ամէնէն գործուն ուժերէն...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան  Պաշտօնեաները Խոստացած Են  Օգնել Սուրիահայերուն

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պաշտօնեաները Խոստացած Են Օգնել Սուրիահայերուն

Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկայի հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ կարեւոր կը նկատեն Սուրիոյ հայ համայնքի պաշտպանութեան խնդիրը եւ հաւատարիմ են ատոր իրականացման: Հանդիպումը կարելիութիւն ընձեռած է ամերիկացի պաշտօնատարներուն փոխանցելու հայ համայնքի...

Քրիստոնեայ Համախմբումի Այցելութիւնը ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին

Քրիստոնեայ Համախմբումի Այցելութիւնը ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին

Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի Քրիստոնեայ համախմբումի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, նախկին նախարար Սելիմ Ժըրէյսաթի, Ասորիներու Լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ եւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ապտալլա Պու Հապիպ, այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան: Աւելի քան մէկ ժամ երկարող հանդիպումին...

Համազգայինի 21-րդ Ուսանողական Հաւաքի  Մասնակիցները Լեռնային Ղարաբաղի  Հանրապետութեան Ազգային Ժողով Այցելեցին

Համազգայինի 21-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով Այցելեցին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ 23 յուլիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան ընդունած է Համազգայինի 21-րդ ուսանողական հաւաքի մասնակիցները` 10 երկիրներէ 35 երիտասարդներ: Հանդիպման սկիզբը Վ. Բալայեան միութեան ներկայացուցիչներուն ծանօթացուցած է Արցախի պատմութիւնը, իսկ այնուհետեւ անդրադարձած է երկրի ներկայի տնտեսական եւ քաղաքական  զարգացումներուն ու հեռանկարներուն: Ստանալով ամփոփ տեղեկութիւն Արցախի մասին` երիտասարդները Ազգային ժողովի փոխնախագահին...

Ակնարկ.  Ո՞վ Է «Թուրքիոյ Ազգային  Միասնականութիւն»-ը Հարուածողը

Ակնարկ. Ո՞վ Է «Թուրքիոյ Ազգային Միասնականութիւն»-ը Հարուածողը

Սուրուճի գործողութիւնը Թուրքիոյ տարածքին կատարուած միջադէպերէն եւ ռմբահարումներէն կ՛առանձնանայ եւ նոր իրավիճակի մը նախաբանի հանգամանքը կը ստանայ հետզհետէ: «Իսլամական պետութիւն» ընդդէմ քրտական ուժեր պատերազմը կը տարուէր թրքական սահմաններէն դուրս, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: «Իսլամական պետութեան» կողմէ քրտական կեդրոնին դէմ իրականացած յարձակումը Սուրուճի մէջ պատերազմի տեղափոխութեան լուրջ նախադրեալ կրնայ նկատուիլ: Եւ այստեղ անտեղի չեն այն բոլոր վարկածները, որոնք կը կեդրոնանան...

Լեռնային Ղարաբաղի Բանակը Անհամաչափ  Եւ Խիստ Կերպով Հակազդեց  Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւններուն

Լեռնային Ղարաբաղի Բանակը Անհամաչափ Եւ Խիստ Կերպով Հակազդեց Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւններուն

Նախանցեալ օր շփման գիծին վրայ ամբողջ օրուան լարուածութենէն ետք գիշերը համեմատաբար հանգիստ անցած է, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաղորդեց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան` աւելցնելով, որ պատասխան գործողութիւններէն ետք հակառակորդը լռած է: Հասրաթեան չի շտապեր համեմատել սահմանին նախորդ տարուան յուլիս-օգոստոսի լարուածութիւնը վերջին մէկ շաբթուան ահագնացած կրակոցներուն հետ` ընդգծելով, որ նախորդ տարի զինադադարի դրութեան խախտումները կ՛ուղեկցուէին նաեւ հետախուզական գործողութեամբ,...

Ջրազուրկ Հալէպը`  Մարդկային Աղէտի Դէմ Յանդիման

Ջրազուրկ Հալէպը` Մարդկային Աղէտի Դէմ Յանդիման

Պատերազմի մէջ գտնուող Հալէպը կանգնած է մարդկային աղէտի մը դէմ յանդիման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակից Նայիրա Բուլղադարեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան: Ըստ անոր, նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ ապստամբած զինեալները գրաւած են հիմնական ջրամատակարար ընկերութիւնը եւ քաղաքը զրկած ջուրէն: «Երեք շաբաթ է, որ հալէպցիներուն ըմպելի ջուր չի մատակարարուիր», յայտնած...

Մամլոյ 105-րդ Լսարան.  Սօսի Գեւոնեան Ներկայացուց Արշալոյս Մարտիկանեանի  (Օրօրա Մարտիկեան) Կեանքն Ու Անոր Մասին Խօսող Ժապաւէնը

Մամլոյ 105-րդ Լսարան. Սօսի Գեւոնեան Ներկայացուց Արշալոյս Մարտիկանեանի (Օրօրա Մարտիկեան) Կեանքն Ու Անոր Մասին Խօսող Ժապաւէնը

«Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 22 յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ 105-րդ լսարանը` «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի տնօրէնը, որ ողջունելով ներկաները ներկայացուց հիւրաբար Լիբանան գտնուող Եփրեմ արք. Թապագեանը եւ խօսքը փոխանցեց անոր, որպէսզի ներկայացնէ օրուան զեկուցաբեր Սօսի Ղազարեան-Գեւոնեանը: Եփրեմ սրբազան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Սօսի Գեւոնեանի կենսագրականը` ընդգծելով,...

Հայաստանի Քաղաքացիական Շարժումներուն  Եւ Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Շուրջ  Հարցազրոյց` Թաթուլ Յակոբեանի Հետ

Հայաստանի Քաղաքացիական Շարժումներուն Եւ Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Շուրջ Հարցազրոյց` Թաթուլ Յակոբեանի Հետ

Երեքշաբթի, 21 յուլիսին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող եւ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի հետ: Հայաստանի քաղաքացիական շարժումներուն եւ սահմանադրական բարեփոխումներու, հարցին շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով Հայաստանի համար քաղաքացիական շարժումներուն կարեւորութեան մասին` Յակոբեան նշեց, որ հայ ժողովուրդը 1988 թուականէն ի վեր փողոցն է եւ երբեմն-երբեմն տուն կ՛երթայ, ուստի...

Page 756 of 795 1 … 755 756 757 … 795

Արխիւներ