Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երկխօսութեան Բ. Նիստը` 16 Սեպտեմբերին

September 10, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hiwar_9-09-15

Լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող եւ երկիրը սառեցնող տագնապներն ու հարցերը քննարկելու եւ անոնց համար բարւօք լուծումներ գտնելու նպատակով, երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ ազգային երկխօսութեան առաջին նիստը: Նիստին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ելեկտրականութեան եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին երեսփոխան Եուսեֆ Սաատէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ երեսփոխան Էլի Մարունի, Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ երեսփոխան Ղազի Արիտի, հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպ եւ նախկին երեսփոխան Ժաուատ Պուլոս, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Հասան Համատէ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ նախկին նախարար Ալի Քանսօ, խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Մքարի եւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն եւ Էլիաս Ապու Հալա:

Նիստէն կը բացակայէր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պլոքը, որ պիտի ներկայացուէր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահով:

Լիբանանեան քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, նիստի նախագահ Պըրրի յոյս յայտնեց, որ Լիբանան այլ երկխօսութեան մը կարիքը չունենայ:

Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին երկխօսութեան իր հրաւէրին:

Ան շեշտեց, որ այս հանգրուանին երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ երկխօսութիւն կատարելու կամեցողութիւնը ինքնին փաստ մըն է, որ լիբանանցիները զայն կը նկատեն երկրին տագնապներուն լուծման եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման միակ միջոցը:

Պըրրի նշեց, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած նախագահական աթոռի թափուր դրութիւնը, կառավարութեան մէջ անհամաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ աղբերու տագնապին հարցը կարիք ունին անմիջական լուծումներու, որոնց կարելի է յանգիլ միասնական կեցուածքներու ընդմէջէն:

Պըրրի կոչ ուղղեց ներկաներուն համաձայնելու այդ հիմնահարցերը լուծող ճամբու քարտէսի մը շուրջ` աւելցնելով, որ պահանջուածը միասնական Լիբանանի մը կերտումն է:

Երեքուկէս ժամ տեւած երկխօսութեան նիստէն ետք խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Պըրրիի արտասանած խօսքէն ետք, արծարծուած հարցերուն մասին ներկաները իրենց տեսակէտները ներկայացուցին, ընդգծելով նախագահական ընտրութեան առաջնահերթութիւնը:

Տահեր նշեց, որ երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Միւս կողմէ, սակայն, տեղեկատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ երկխօսութեան նիստը աւարտած է, երբ զօր. Աունի եւ Պութրոս Հարպի միջեւ բանավէճ մը արձանագրուած է եւ հետզհետէ սրած:

Նշենք, որ երկխօսութեան կայացման առիթով, ապահովութեան ուժերը  Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած էին:

Իսկ դէպի Նըժմէ հրապարակ տանող միակ մուտքին վրայ քաղաքացիական ընկերութեան անդամ կարգ մը ցուցարարներ երկխօսութեան մասնակցող երեսփոխաններուն ինքնաշարժները հաւկիթներով հարուածեցին:

 

beirut_protest_9-09-15havgit_9-09-15Պէտք է աւելցնել, որ երկխօսութեան սկիզբէն մինչեւ աւարտը ցուցարարներ ներկայ գտնուեցան Նահատակաց հրապարակին եւ «Լը Կրէյ» պանդոկին դիմաց. անոնք իրենց խաղաղ նստացոյցը կատարեցին` առանց ապահովութեան ուժերուն հետ որեւէ բախումի:

Քաղաքացիական Ընկերութեան
Բողոքի Բազմամարդ Ցոյցը

Ընդառաջելով «Հոտերնիդ ելաւ» եւ «Հաշուտուութեան պիտի կանչենք» արշաւներուն, «29 օգոստոս» շարժումին եւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կոչերուն, լիբանանցիները  առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 համախմբուեցան Նահատակաց հրապարակին վրայ եւ մասնակցեցան կառավարութեան, խորհրդարանին ու փտածութեան դէմ բողոքի ցոյցին:

Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարները մերժեցին ազգային երկխօսութիւնը, անոնց պահանջը աղբերու տագնապին լուծումն էր, Աքքարը աղբանոցի չվերածելը, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի հրաժարականը, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը եւ ցուցարարներուն դէմ բիրտ ուժ գործադրողները հաշուետուութեան կանչելը, արգելափակեալներուն ազատ արձակումը եւ փտած վարչակարգին տապալումը:

Ցոյցը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, երբ բոլոր ցուցարարները ուղղուեցան կենսոլորտի նախարարութիւն` զօրակցութիւն յայտնելու համար հացադուլի դիմող երիտասարդներուն, որոնք իրենց կարգին պահանջեցին կենսոլորտի նախարարին հրաժարականը` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն հացադուլը:

ՆՇԵՆՔ, որ երեկոյեան շուրջ ժամը 9:00-ին ցուցարարներէն ոմանք ուղղուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր անոնք փորձեցին հեռացնել դէպի վարչապետարան տանող ճամբուն վրայ զետեղուած փշաթելերը:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Աղբերու Հարցով Համաձայն Գտնուեցաւ Երկրագործութեան Նախարարին Ներկայացուցած Համապարփակ Ծրագիրին

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Պելճիքայի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.