Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Կը Յորդորէ Զերծ Մնալ Հայ Համայնքը Թիրախ Դարձնող Հրապարակումներէ

September 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Badriarkaran_9-10-15

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը վերջերս Թուրքիոյ մէջ ՔԱԿ-ի գործողութիւնները դատապարտող յայտարարութիւն հրապարակած է` յորդորելով զերծ մնալ Թուրքիոյ հայ համայնքը թիրախ դարձնող յայտարարութիւններէն: Պատրիարքարանը կը յայտնէ, որ իրենք կ՛աղօթեն Թուրքիոյ միասնականութեան ու ամբողջականութեան վնասող ահաբեկչական դէպքերուն վերջ տալու եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը իր մտահոգութիւնը յայտնած է այն փաստին առնչութեամբ, որ յաճախ թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ կը գտնեն յօդուածներ, որոնք թիրախ կը դարձնեն Թուրքիոյ հայ համայնքը:

Պատրիարքարանը խստօրէն դատապարտած է երկրին մէջ որեւէ տեսակի ահաբեկչական գործողութիւն` իր վշտակցութիւնը յայտնելով բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք այս օրերուն ընթացքին ունեցած են կորուստներ:

Պատրիարքարանի Դիմատետրի էջը «Պատրիարքական աթոռը պախարակեց ահաբեկչական դէպքերը» խորագիրին տակ

հաղորդեց հետեւեալը. «Վերջին երկու ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ զանազան շրջաններու մէջ պատահած ահաբեկչական դէպքերուն առիթով, Պատրիարքական աթոռը, հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2015-ին, մամլոյ հաղորդագրութեամբ թարգման հանդիսացաւ Թուրքիոյ հայ համայնքի ցաւին: Հաղորդագրութեան մէջ յստակ կերպով շեշտուեցաւ, թէ հայ համայնքի անդամները` իրենց հայրենակցական գիտակցութեամբ, ի տես պատահած ցաւառիթ դէպքերուն, երկրին բոլոր հայրենակիցներուն նման դառն կսկիծով կը կրէին նոյն ցաւը:

«Ընդգծուեցաւ, թէ պետութիւնը առանց խտրութեան բոլոր հայրենակիցներուն կը մօտենար ողջմտութեամբ: Ուրախալի էր նաեւ, որ կուսակցութեանց վարիչներ եւս զուգահեռ դիրքաւորումով ողջմտութեան հրաւէրներ կ՛ուղղէին հայրենակիցներուն:

«Սակայն եւ այնպէս, կարգ մը անձաւորութիւններ կայքերու եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներով, ժխտական արտայայտութիւններ կ՛ունենային հայոց նկատմամբ` զանոնք նոյնացնելով ահաբեկչական գործիչներու հետ: Նոյն անպատասխանատու անձերուն, պետութեան եւ կուսակցութեան վարիչներուն որդեգրած ողջմիտ արտայայտութիւններուն ներհակ արտայայտութիւնները, ալ աւելի ցաւ կը պատճառէին հայ համայնքի անդամներուն:

Պատրիարքական աթոռը պախարակեց ահաբեկչական արարքները եւ յայտնեց, որ աղօթող կը մնայ երկրին խաղաղութեան, բարօրութեան եւ անդորրութեան համար:

Բաց աստի, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ արք. Աթեշեան, նոյն օրը, վարչապետ փրոֆ. դոկտ. Ահմեթ Տաւութօղլուին ուղարկեց ցաւակցական նամակ մը` մամլոյ զեկոյցի զուգահեռ բովանդակութեամբ: Նորին սրբազնութիւնը յայտնեց հայ համայնքի մտահոգութիւնը, կարգ մը անպատասխանատու անձերու ունեցած ժխտական արտայայտութեանց պատճառով»:

 

 

 

Նախորդը

Ռիչըրտ Միլզ. «Մենք Կը Խրախուսենք Սահմանադրական Քննարկումները»

Յաջորդը

Նախարար Նալբանդեան Բրիտանիա Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.