Գլխաւոր լուրեր

Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն Պիքֆայայի Մէջ

Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն Պիքֆայայի Մէջ

Ու­րա­խու­թեամբ կը յայտ­նենք մեր բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուր­դին, թէ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ, 18 յու­լիս 2015-ին, երե­կոյ­եան ժա­մը 8:00-ին, Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի Օրհ­նու­թիւն պի­տի կա­տար­ուի Պիք­ֆա­յա­յի Սուրբ Աստ­ուա­ծա­ծին վան­քի շրջա­փա­կին մէջ: Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւնը պի­տի կա­տա­րէ եւ իր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մը ուղ­ղէ մեր ժո­ղո­վուր­դին` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Հայ եկե­ղեց­ւոյ աւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, եօ­թը տա­րին ան­գամ մը կա­տա­րուող սոյն հո­գե­պա­րար արա­րո­ղու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցին Ամե­նայն Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ...

Հրապարակուեցաւ Սահմանադրութեան 1-7 Գլուխներու Նախագիծի Նախնական Տարբերակը

Հրապարակուեցաւ Սահմանադրութեան 1-7 Գլուխներու Նախագիծի Նախնական Տարբերակը

Երէկ հրապարակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 1-7 գլուխներու նախագիծի նախնական տարբերակը` հանրային քննարկումներու համար: Նախագիծը տեղադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ: «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողովի) մասնագէտներուն հետ քննարկումներու արդիւնքներով սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբը 10, 13, 14 եւ 15 յուլիսի հերթական նիստերուն ընթացքին  մշակեց  սահմանադրութեան 1-7-րդ գլուխները», յայտնեց  սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի քարտուղարութիւնը: Սահմանադրութեան նախագիծի նախնական...

Արցախ.   Ազրպէյճան Սկսած Է Աւելի Շատ Խախտել Զինադադարը

Արցախ. Ազրպէյճան Սկսած Է Աւելի Շատ Խախտել Զինադադարը

Ի տարբերութիւն նախորդ օրերուն, Ազրպէյճան սկսած է աւելի յաճախակի կերպով խախտել զինադադարը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ` տարբեր տեսակի  զէնքերէ բացի, հարաւային ուղղութեամբ կիրարկելով նաեւ 60 մմ հրասանդ: Այդ մասին ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան երէկուան  հաղորդագրութեան մէջ: «Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հիմնականին մէջ յանձնառու մնացած են զինադադարին եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ղազիրի Որբանոցի Հիմնադիր Բաբա Քունցլերի Թոռը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ղազիրի Որբանոցի Հիմնադիր Բաբա Քունցլերի Թոռը

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին հայասէր որբախնամ` Ղազիրի որբանոցի տնօրէն Բաբա Քունցլերի թոռնիկը` Իտա Ալամէտտին, իր երկու որդիներուն` Քարիմ եւ Ապպուտ Տիապներու հետ, ընկերակցութեամբ` «Թռչնոց բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ թանգարանի արխիւներու հաւաքարար Կարօ Տէրունեանի: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր, կապուած` Բաբա Քունցլերի կեանքին, անոր դերակատարութեան որբերու խնամատարական աշխատանքներուն, կազմակերպած զանազան ծրագիրներուն` գորգագործութեան գործարանին, այրիներու համար ստեղծած հաստատութեան, աղջիկներու...

Ակնարկ.  Ապամեկուսացուող Թեհրանը  Եւ Երեւանի Նոր Դերը

Ակնարկ. Ապամեկուսացուող Թեհրանը Եւ Երեւանի Նոր Դերը

Հայկական վերլուծական ոսպնեակը բնականաբար իր լուսարձակները պիտի կեդրոնացնէ Իրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու բնականոնացման իբրեւ հետեւանք` նախ Հայաստանի Հանրապետութեան կրելիք անմիջական հետեւանքներուն եւ տարածաշրջանին մէջ հակառակորդներ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ունեցած դերակատարութեան  փոփոխութեան վրայ: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ կիսաշրջափակուած Հայաստանի Հանրապետութեան ցամաքային բաց երկու ելքերէն մէկը` Վրաստանը անշուշտ տարանցիկութեան կարգավիճակով կ՛օգտուի այս կացութենէն եւ ապրանքաշրջանառութեան երկկողմանի ելումուտէն կը քաղէ իր շահոյթը. քաղաքական իւրաքանչիւր հանգրուանի...

Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Առիթով Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորեց Հոլլանտը

Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Առիթով Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորեց Հոլլանտը

Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի մէջ  Ֆրանսայի դեսպանատուն: Հանրապետութեան նախագահը տօնին առիթով շնորհաւորեց դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէն, դեսպանատան աշխատակիցները եւ ի դէմս անոնց` Ֆրանսայի ամբողջ ժողովուրդը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան տօնին առիթով, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ մասնաւորաբար ըսուած է. «Կը վերահաստատեմ իմ անձնական յանձնառութիւնս հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութեան եւ մեր երկիրներուն...

«Ո՛Չ Թալանին» Նախաձեռնութիւնը Երթ Կազմակերպեց Դէպի Գլխաւոր Դատախազութիւն

«Ո՛Չ Թալանին» Նախաձեռնութիւնը Երթ Կազմակերպեց Դէպի Գլխաւոր Դատախազութիւն

«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները, որոնք երթով կը քալէին դէպի գլխաւոր դատախազութիւն, նստան Ամիրեան-Մաշտոցի պողոտայի քառուղիին վրայ: Անոնց նստելու պատճառները յայտնի չէին, անոնք պահանջներ չէին ներկայացներ, այլ կը բացագանչէին «ջուր», «ջրցան»: Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան յորդորեց բանալ փողոցը` հակառակ պարագային ոստիկանութիւնը ուժ պիտի կիրարկէ` օրէնքով սահմանուած կարգով: «Դուք արդէն կը լկտիանաք: Կը փորձէք ուշադրութիւն հրաւիրել ձեր վրայ», յայտարարեց Օսիպեան: Անկէ ետք...

Իրան-Վեցեակ «Պատմական»  Համաձայնութիւն

Իրան-Վեցեակ «Պատմական» Համաձայնութիւն

Իրան եւ Վեցեակը (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա) Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ երէկ «պատմական» համաձայնութիւն մը գոյացուցին: Ամերիկեան Կեցուածքներ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այս առիթով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համաձայնութիւնը Իրանի համար «դէպի հիւլէական զէնք առաջնորդող բոլոր ճամբաները կը փակէ»: Ան նշեց, որ շնորհիւ այս համաձայնութեան Իրան որեւէ հիւլէական զէնք պիտի չզարգացնէ, հիւլէական...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Մասնակիցներուն Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Մասնակիցներուն Հետ

  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  երեկոյեան հանդիպում ունեցած է «Ոսկէ ծիրան» 12-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի պատուաւոր հիւրերու եւ Հայաստանէն ու աշխարհի տարբեր երկիրներէն փառատօնին մասնակցող շարժապատկերի մարզի գործիչներուն հետ: Նախագահը ողջունած է հանդիպումին մասնակիցները, նաեւ` անոնց մասնակցութիւնը աւանդութիւն դարձած «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին, որուն շնորհիւ, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, համաշխարհային շարժապատկերի լաւագոյն նմուշները կը ներկայացուին հայ հանդիսատեսին: Հանրապետութեան...

Բաղրամեան Պողոտային  Վրայ Բռնութիւններ Կիրարկած Ոստիկանները Կը Պատժուին

Բաղրամեան Պողոտային Վրայ Բռնութիւններ Կիրարկած Ոստիկանները Կը Պատժուին

Երեւանի Բաղրամեան պողոտային եւ  Ազատութեան հրապարակին վրայ 23 յունիսին տեղի ունեցած դէպքերով` հասարակական կարգը վերահաստատելու ուղղութեամբ իրականացուած քայլերուն ընթացքին, ոստիկաններու գործողութիւններուն կապուած, Հայաստանի Հանրապետութեան  ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեանի յանձնարարութեամբ նոյն օրը ոստիկանութեան ներքին անվտանգութեան վարչութեան մէջ  նշանակուած էր ծառայողական քննութիւն, յայտնեց ոստիկանութիւնը: Երէկ կատարուած քննութեան արդիւնքներով պարզուեցաւ, որ 9 ոստիկաններ  կարգապահական խախտումներ կատարած են: Վլատիմիր Գասպարեանի հրամանով` ոստիկանութեան հասարակական կարգի...

Վարչապետ Աբրահամեան Ընդունեց Կառավարութեան Շէնքին Մօտ Բողոքող` Ֆիրտուսի Թաղի Բնակիչները

Վարչապետ Աբրահամեան Ընդունեց Կառավարութեան Շէնքին Մօտ Բողոքող` Ֆիրտուսի Թաղի Բնակիչները

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց Երեւանի Ֆիրտուսի 33-րդ թաղի կառուցապատման հետեւանքով այլոց յանձնուած բնակելի տարածքներու բնակիչները: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան եւ կառուցապատող «Կլենտէյլ Հիլզ» ընկերութեան ներկայացուցիչները: Վարչապետը լսեց բնակիչներուն խնդիրները, ապա կառուցապատող ընկերութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցին շինարարական աշխատանքներուն ընթացքը, բնակիչներու բնակարաններուն կամ գումարի տեսքով փոխհատուցում կատարելու, փաստաթղթային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: Վարչապետ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը

Շաբաթ, 11 յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ  ասորիներու Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին միջեւ: Վեհափառ հայրապետին կողքին, հանդիպման ներկայ էին միաբան հայրեր. իսկ պատրիարքին կ’ընկերանային ասորի հոգեւոր հայրեր Պէյրութէն եւ Դամասկոսէն: Եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն գործակցութեան նոր թափ տալու...

Քոնկրեսականներ Էշու Եւ Սփայեր Յորդորած Են Քուէարկութեան Դնել «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութեան Եւ Արդարութեան» Բանաձեւը

Քոնկրեսականներ Էշու Եւ Սփայեր Յորդորած Են Քուէարկութեան Դնել «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութեան Եւ Արդարութեան» Բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Աննա Էշու եւ Չեքի Սփայեր դիմած են Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող 154-րդ բանաձեւը քուէարկութեան դնելու խնդրանքով: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսին եւ նոյն յանձնախումբի  բարձրաստիճան պաշտօնեայ Էլիոթ Էնկելին ուղղուած նամակին մէջ  քոնկրեսականները միջնորդած են լսումներ կազմակերպելու եւ  քուէարկութեան դնելու «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ  արդարութեան» բանաձեւը:...

Սարգսեան Կարեւոր Նկատեց Իրանի Մէջ Հայկական Պատմամշակութային Ժառանգութեան Պահպանումը

Սարգսեան Կարեւոր Նկատեց Իրանի Մէջ Հայկական Պատմամշակութային Ժառանգութեան Պահպանումը

Շաբաթ, 11 յուլիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Իրանի մշակոյթի եւ իսլամական առաջնորդման նախարար Ալի Չանաթին, որուն գլխաւորած պատուիրակութիւնը այս օրերուն Երեւանի մէջ  կը մասնակցի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Մշակութային քաղաքականութիւն, քաղաքականութիւն մշակոյթի համար» խորագիրով միջազգային համագումարին: «Դժուարութիւնները ժամանակաւոր են, մեր բարեկամութիւնը` յաւերժական: Պէտք է ամէն ինչ ընել ամրապնդելու եւ ընդլայնելու զարգացման մեծ ներուժ ունեցող հայ-իրանական յարաբերութիւնները` ի բարօրութիւն երկու ժողովուրդներուն եւ ի...

Միացեալ Նահանգներ Պիտի Օգնեն Ղարաբաղին

Միացեալ Նահանգներ Պիտի Օգնեն Ղարաբաղին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբը որոշած է վերականգնել Լեռնային Ղարաբաղը ամերիկեան օգնութիւն ստացողներու շարքին եւ աւելցնել Հայաստանին յատկացուող գումարը: Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ին խօսեցաւ պատմեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Եղիսաբէթ Չուլճեան: «Արցախին Ամերիկայի օժանդակութիւնը շարունակելու մասին որոշումը կարեւոր քայլ էր` Ամերիկա-Արցախ յարաբերութիւններու  ամրապնդման համար», ըսաւ Չուլճեան: Անոր համաձայն, 1998-էն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող ամերիկեան...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» Մասնաճիւղին  Շահումեանի Արծիւ Շահէն Մեղրեանի Յիշատակութեան Բազմամարդ Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» Մասնաճիւղին Շահումեանի Արծիւ Շահէն Մեղրեանի Յիշատակութեան Բազմամարդ Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 12 յուլիս 2015-ին, Զալքայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ «Անմահ Մեծն Շահէնի յիշատակութեան օր»-ը: Ձեռնարկը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, յուշանուէրներու, ձեռագործներու եւ ձեռային աշխատանքներու վաճառքով: Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ երեկոյեան ժամը 8:00-ին` «Մշակ բանուոր» քայլերգով: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Դրօ Գասապեան: Ան յայտնեց, որ 1988-ին...

«Շուշիի Մէջ Պիտի Բացուի Մատենադարանի Մասնաճիւղ Մը»   Կ՛ըսէ Գաբրիէլ Չեմպերճեան

«Շուշիի Մէջ Պիտի Բացուի Մատենադարանի Մասնաճիւղ Մը» Կ՛ըսէ Գաբրիէլ Չեմպերճեան

Այս տարուան սեպտեմբերին Շուշիի մէջ բացումը պիտի կատարուի մատենադարանի մասնաճիւղի մը: Այս մասին «Tert.am»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան: Ան յայտնեց, որ այդ մատենադարանը պիտի բացուի հիմնադրամին միջոցներով, եւ աշխատանքները արդէն իրականացած են: «Շուշիի մէջ մատենադարանի մասնաճիւղ բանալու մեր ծրագիրը ոչ միայն մշակութային է, այլ նաեւ քաղաքականութիւն է` ցոյց տալու համար մեր մշակոյթը, որ...

Ակնարկ.  Անգարան` Վերահսկուած Քաոսին Մէջ

Ակնարկ. Անգարան` Վերահսկուած Քաոսին Մէջ

Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցները Թուրքիոյ մէջ կատարուած վերջին ձերբակալութիւններուն լուրը մեքենական պատճէնահանումով պէտք չէ, որ շրջանառութեան մէջ դնեն: Յիշենք պատահարը, Թուրքիոյ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութեան յատուկ ծառայութեան ուժերը Պոլսոյ մէջ ձերբակալած են 30 անձեր, որոնք կը ցանկային Թուրքիոյ տարածքով անցնիլ Սուրիա եւ Իրաք, որպէսզի համալրէին  «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան շարքերը: Ձերբակալուածներու թիւին մասին կան հակասական տեղեկութիւններ: Հրապարակուած թիւերը իրարմէ մեծ...

Ուֆայի Վեհաժողով .  Նախագահ Սարգսեան Կարեւոր  Նկատեց Իրան-Հայաստան Երկաթուղիի Կառուցումը

Ուֆայի Վեհաժողով . Նախագահ Սարգսեան Կարեւոր Նկատեց Իրան-Հայաստան Երկաթուղիի Կառուցումը

«Հայաստան կը փափաքի, որ բարեկամ Իրանի հիւլէական խնդիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները պսակուին յաջողութեամբ», յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` Ուֆայի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի, Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Շանկհայեան համագործակցութեան կազմակերպութեան միացեալ վեհաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադառնալով եւրասիական համարկման եւ «Մետաքսի ճամբու տնտեսական գօտի»-ի նախաձեռնութեան զուգակցման կարելիութեան, նշեց, որ անոնք ներդաշնակօրէն փոխգործակցելով, հեռանկարին մէջ կրնան ապահովել մեծ ենթակառուցային եւ...

Ազգային Արհեստից Քոլեճի Բերքահաւաքի Տպաւորիչ Հանդիսութիւն

Ազգային Արհեստից Քոլեճի Բերքահաւաքի Տպաւորիչ Հանդիսութիւն

Երէկ` ուրբաթ, 10 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ իրենց վկայագիրները ստացան Ազգային արհեստից քոլեճի արագ ուսման դասընթացքներուն հետեւած աշակերտները` բերքահաւաքի յատուկ եւ տպաւորիչ հանդիսութեան մը ընթացքին: Մակի Խաչերեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը վայելող ձեռնարկին բացումը կատարեց  քոլեճի վարիչ պատասխանատու Մակի Խաչերեան, որ իբրեւ խօսքի առանցք ընտրեց «Ապագան նուէր չէ,...

Page 758 of 795 1 … 757 758 759 … 795

Արխիւներ