Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Հայութիւնը Մեծ Շուքով Տօնեց Մուսա Լերան Հերոսամարտին 100-Ամեակը Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակը

Սեպտեմբեր 14, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

a-11_9-13-15

Շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի Ս. Պօղոս  եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական դիմաւորութիւն  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

a-4_9-13-15

Վեհափառ հայրապետին դիմաւորեցին ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Վարուժան արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, ՀՅԴ Բիւրոյէն, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքէն ներկայացուցիչներ, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն,  ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբն ու սկաուտները եւ հոծ բազմութիւն մը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընդունելութենէն ետք հիւրերը ուղղուեցան Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր հոգեւոր հայրերը կատարեցին աղօթք մը:

Ապա, ներկաները ուղղուեցան Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը:

a-325_9-13-15a-5_9-13-15a-13_9-13-15a-20_9-13-15

Տօնակատարութեան բացման խօսքը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան ներկաները հրաւիրեց 1 վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներուն, որմէ ետք Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մուսա Լերան  քայլերգներով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը:

Թամար Սնապեան-Սուրճեան ըսաւ, որ «այս տարի Այնճարէն մինչեւ Հայաստան, Քանատայէն մինչեւ Ամերիկա եւ Աւստրալիա մեր ժողովուրդը ոգեւորութեամբ, տօնական տրամադրութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ կը տօնէ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակը, որովհետեւ պարզ տօնախմբութիւն չէ անիկա, այլ մեզի եւ ամբողջ աշխարհին կու գայ անգամ մը եւս յիշեցնելու, թէ թուրքը պարտուած է եւ յաղթականը միշտ հայն է»:

Ան շարունակեց ըսելով, թէ 1915 թուականը պիտի յիշուէր միայն ցեղասպանութեամբ, եւ պիտի մնար Հայոց պատմութեան սեւ թուականը, եթէ չըլլային Վանի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի, Սասնոյ, Զէյթունի եւ Մուսա Լերան լուսաւոր հերոսամարտերը, որոնք հայ ժողովուրդի ապրելու եւ գոյատեւելու կամքին կենդանի եւ վառ դրսեւորումներն են ընդդէմ բոլոր անարդարութեանց:

Ապա, ան ներկայացուց Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութիւնը` սկսելով անոր նախորդող պայմաններէն մինչեւ Այնճարի հիմնադրութիւնը:

Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը (ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի), որ ներկայացուց նուագներու գեղեցիկ փունջ մը, որուն երգի կատարումներով ընկերակցեցաւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան:

Ապա, Թամար Սնապեան-Սուրճեան ներկայացուց կենսագրութիւնը Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակ Պօղոս Անտէկեանի կեանքը,  որ ընկերներուն հետ արիաբար պաշտպանելէ ետք Մուսա Լերան հարաւարեւելեան ճակատը, նահատակուած էր`  կուրծքէն գնդակ մը ստանալէ ետք:

Այնուհետեւ հայկական ազգագրական երգերով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն հասած ազգային երգերու մեկնաբան Հայկ Մխոյեան, որ 2014 թուականին Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած համաեւրոպական ազգագրական երգի մրցաշարքին արժանացած էր ոսկիէ մետալին` իր «Մուսա Լեռ» երգին համար:

Ապա «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի աշակերտներէն եւ դասախօսներէն խումբ մը, որոնք վերջին 2 տարիներուն բարձրացած են մինչեւ Մուսա Լերան յուշարձանը, Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանին յանձնեցին Մուսա Լերան վրայ իրենց պատրաստած խաչանիշ դրօշակը: Նժդեհ Պոտրումեան այս առիթով կատարեց նաեւ «Նպատակիս հասնիմ միայն» երգը:

100-ամեակի կեդրոնական մարմինին կողմէ յատուկ ձեւով պարգեւատրուեցան դոկտ. Յակոբ Փանոսեան եւ դոկտ. Նորա Արիսեան, որ ներկայ չէր կրցած գտնուիլ հանդիսութեան:

a-12_9-13-15

Օրուան հանդիսավարը, ներկայացնելէ ետք դոկտ. Յակոբ Փանոսեանի կենսագրականը, բեմ հրաւիրեց զինք` ստանձնելու համար շքանշանը եւ փոխանցելու իր սրտի խօսքը:

Դոկտ. Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին` իրենց նախաձեռնութեան համար: Ապա հանդիսավարը ներկայացուց դոկտ. Նորա Արիսեանի կենսագրականը, անոր հրատարակած գործերը եւ ունեցած ներդրումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ:

Ապա, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան փոխանցեց կեդրոնական մարմինին պատգամը: Ան յայտնեց, որ 100 տարիէ ի վեր կը շարունակուին Մուսա Լերան հերոսամարտի տարեդարձի տօնակատարութիւնները, եւ բոլորին մտքին մէջ կայ թիւ մը` 18, իսկ սրտերուն մէջ` ազգային հպարտութիւն մը:

Ան փոխանցեց նահատակներուն պատգամը` 18 նահատակ մարտիկներու խօսքերէն մէջբերումներ կատարելով, յիշելով նաեւ իւրաքանչիւրին կատարած քաջագործութիւնը: Ան իբրեւ  պատգամ յիշեց, թէ անոնք վստահ էին, որ յաղթանակը իրենցը պիտի ըլլար, որոշած էին կռնակ չդարձնել թշնամիին, քաջ էին մահը հերոսի պէս դիմաւորելու համար, պատասխանատու էին իրենց ժողովուրդի կեանքին ու պատիւին  եւ պատրաստ էին իրենց արիւնը խառնելու հերոսներու արեան:

Ան անդրադարձաւ մուսալեռցիներու երկրորդ հերոսամարտին, որ տեղի ունեցաւ 1939-40 թուականներուն` Այնճարի մէջ, հերոսամարտ մը, որուն զոհ գացին աւելի քան 1000 գաղթականներ: Հաւաթեան յայտնեց, որ մուսալեռցիները յաջողած են Այնճար անապատը վերածել գեղեցիկ, կանաչազարդ եւ հայաշունչ գիւղաքաղաքի, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ բոլորին:

Վերջապէս իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Հայը յաղթած է թուրքին Մուսա Լերան վրայ: Մուսալեռցիները կրցած են կառուցել եւ նախանձելի վիճակի հասցնել իրենց նոր ապաստան Այնճարը: Այս բոլորը կատարուած են միշտ վառ պահելով հերոսներու յիշատակը եւ լսելով անոնց պատգամը»:

Այնուհետեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան: Ան պատմական ակնարկով անդրադարձաւ հերոսամարտով արձանագրուած յաղթանակին,  անոր մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութեան` յայտնելով, որ «մուսալեռցիք դրոշմեցին 20-րդ դարու գերագոյն հերոսամարտը, որուն նուաճման միջոցները դարձան օրինակ համայն աշխարհի զարգացած պետութիւններուն համար: Հա՛յը Մուսա Լերան հերոսամարտին ընդմէջէն իրաւունք ստացաւ 600 տարուան ստրկութենէ ետք խօսելու ոչ թէ բարոյական յաղթանակի, այլ իսկական հերոսական յաղթանակի մասին»:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Այնճարի ճահճաքաղաքը դրախտի վերածելու մուսալեռցիներու թափած ճիգին, որուն զոհ գնաց Այնճար հասած գաղթականներուն գրեթէ մէկ հինգերորդը:

Իր խօսքի աւարտին դոկտ. Փիլաւճեան ըսաւ. «Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակը կը պարտաւորեցնէ բոլորը ըլլալու հեռատես, անշահախնդիր եւ միշտ զոհողութեան պատրաստ` մեր նպատակները իրականացնելու համար»:

Եդուարդ Պօյաճեանի «Հողին ուժը» ապրումով ընթերցեց  Յակոբ Թաշճեան:

a-1_9-13-15

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը ներկայ հազարաւոր ուխտաւորներուն: Ան յատկապէս շեշտեց, որ «մեր հերոսներուն մասին մենք պէտք է ցնծանք, ոգեւորուինք ու խանդավառուինք եւ իրենց հաւատքով ու ոգիով լեցնենք մեր անձերը եւ հաւաքական կեանքը, որովհետեւ  ազգերու պատմութիւնը կը կերտուի արիւն թափելու պատրաստ իր զաւակներով»:

Վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ մարդիկ ուզեցին Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը գերեզմանել, սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մեր ազգը իր հերոսներով ու նահատակներով եւ անոնց սրբազան արիւնով, ամուր վճռակամութեամբ, խոր հաւատքով եւ վառ տեսիլքով կանգնեցաւ լոյս` պատմութեան գիշերին դիմաց մնալով ստեղծագործ եւ ամուր եւ յիշելով ու սրբացնելով իր նահատակները հաստատեց իր պահանջատիրական կամքը` իմացնելով ամբողջ աշխարհին, որ հայ ազգը պահանջատէր է իր իրաւունքներուն:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ Մուսա Լերան հերոսամարտի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակներուն խորհուրդն ու պատգամը ամբողջ հայ ժողովուրդին այն է, որ պէտք է մնալ պահանջատէր հայ ազգի բոլոր իրաւունքներուն եւ պայքարիլ զանոնք ձեռք բերելու համար:

Վեհափառ հօր պատգամէն ետք հնչեց Մուսա Լերան աւանդական թմբուկ-զուռնան, որմէ ետք ազգային հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգիչ Հայկ Մխոյեան:

 

Ս. Պատարագ Եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի
18
Նահատակներու Հոգիներուն Համար
Հոգեհանգիստ, Մատաղօրհնէք Եւ Մատաղի Ցրուում

a-8_9-13-15

Կիրակի, 13  սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս  եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով: Պատարագիչն էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Օրը նուիրուած էր նահատակ Աբրահամ Սեւուկեանի (Սեքլեմեան) յիշատակին:

Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, նախկին նախարար Փանոս Մանճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն անդամներ, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ  «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Վեհափառ հայրապետը իր քարոզին մէջ ըսաւ, թէ մեր կեանքը պէտք է վերածենք խաչակեդրոն կեանքի, որովհետեւ առանց խաչի անիմաստ է քրիստոնէական կեանքը: Ան ըսաւ, թէ հրաշք է հայ ժողովուրդին գոյութիւնը պատմութեան փոթորիկներուն մէջ եւ թէ հայ եկեղեցին իր պատմութեան ընթացքին եղած է հայ ժողովուրդի կողքին` դառնալով մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան ռահվիրան, իր խաչով պայքարելով սուրով պայքարող հայ հերոսներու կողքին:

a-7_9-13-15

Եկեղեցական արարողութենէն ետք  հաւատացեալները հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի Մուսա Լերան յուշարձան-համալիր, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներու յիշատակին,  որմէ ետք տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքը` ձեռամբ վեհափառ հայրապետին,  եւ ցրուուեցաւ բոլոր ուխտաւորներուն:

a-9_9-13-15

Պաշտօնական ներկայացուցիչները ճաշի հիւրը եղան Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

Մուսա Լերան Ազգագրական Տոհմիկ Երեկոյ`
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին

a-2_9-13-15a-22_9-13-15a-3_9-13-15Ուրբաթ, 11 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպած Մուսա Լերան ազգագրական տոհմիկ երեկոն` մեծաթիւ հայրենակիցներու ներկայութեան:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան: Ան յիշելով Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակ Սամուէլ Մարգարեանը, որուն  յիշատակին նուիրուած էր սոյն տոհմիկ երեկոն, ըսաւ, թէ Սամուէլ եւ իր ընկերները քաջաբար կռուած էին թշնամիին դէմ պաշտպանելու համար իրենց կարեւոր դիրքը, նահատակուելով Մուսա Լերան հերոսամարտի մեծագոյն կռիւին օրը` օգոստոս 23-ին:

Հաւաթեան ըսաւ, թէ Սամուէլ Մարգարեան կռուեցաւ անվեհերութեամբ եւ կատարեց իր պարտականութիւնը իր սիրած ժողովուրդին ազատագրութեան համար` դառնալով անոր 18 նահատակներէն մէկը:

Հաւաթեան ըսաւ, թէ ինչպէս Մուսա Լերան ժողովուրդին, նոյնպէս ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիները դժուարին պայմաններու մէջ կատարեցին իրենց ԼՕԽ-ական պարտականութիւնները` հիմնելով Այնճարի դարմանատունը, որ մեծ ծառայութիւն կը մատուցէ Այնճարի եւ նոյնիսկ դրացի գիւղերու ժողովուրդին:

Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար հանդիսացան սոյն երեկոյի յաջողութեան, մասնաւորապէս մասնաճիւղի ընկերուհիներուն, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրեցին պատրաստելու համար Մուսա Լերան Աւանդական ուտեստեղէնները:

Օրուան հանդիսավարութիւնը ստանձնեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ան յիշելով Մուսա Լերան 6 գիւղերը յաջորդաբար նշեց անոնց առանձնայատկութիւնները եւ աւանդական սովորութիւնները:

Օրուան հանդիսավարը մթնոլորտը ճոխացուց հայկական ազգագրական երգերու կատարումներով:

Յատուկ ձեւով ներկայացուեցաւ Մուսա Լերան աւանդական հարսանիքը` մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամներուն եւ թմբուկ զուռնային:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի պարախումբը:

Ձեռնարկին ընթացքին հայկական ազգագրական երգերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանէն հիւրաբար հասած «Մուսա Լեռ» երգի մեկնաբան Հայկ Մխոյեան:

Տոհմիկ երեկոյին ընթացքին վաճառուեցան Մուսա Լերան եւ հայկական աւանդական տոհմիկ ճաշեր ու անուշեղէններ, որոնք պատրաստուած էին մասնաճիւղի ընկերուհիներուն կողմէ:

a-10_9-13-15

a-19_9-13-15

 

 

 

 

 

 

a-14_9-13-15

a-775_9-13-15

 

 

 

 

 

 

 

a-23_9-13-15

a-18_9-13-15

 

 

 

 

 

 

a-125_9-13-15

a-21_9-13-15

 

 

Նախորդը

«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Ներկայութեան Պահպանումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է Թէ՛ Քրիստոնէութեան Եւ Թէ՛ Իսլամութեան Համար» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Քրեմլին. «ՏԱՀԵՇ-ի Դիմակայման Համար Սուրիական Կառավարութեան Այլընտրանքը Գոյութիւն Չունի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?