Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անհրաժեշտ Է, Որ Կրօններ Ու Պետութիւններ Աւելի Լրջութեամբ Մօտենան Գաղթականներու Հարցին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սեպտեմբեր 11, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vehapar_9-10-15

Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ընդունելով Պէյրութի մէջ գումարուող եւ գաղթականներու նուիրուած միջեկեղեցական համագումարի ներկայացուցիչները, Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց գաղթականներու հարցին առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը, յատկապէս Եւրոպայի մէջ:

Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին համագործակցութեամբ: Համագումարի օրակարգին մաս կը կազմեն գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան առնչուած հարցեր: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շուրջ 50 հոգիներ, ներառեալ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը:

Անդրադառնալով յատկապէս Եւրոպայի դիմագրաւած դժուարութիւններուն` գաղթականներու հարցերուն գծով, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Գաղթականութեան հարցը նոր երեւոյթ մը չէ: Պատմութեան ընթացքին տնտեսական, քաղաքական ու ապահովական պատճառներով, մարդիկ հեռացած են իրենց բնակած երկիրներէն ու հաստատուած մանաւանդ արեւմտեան երկիրներու մէջ: Հայ ժողովուրդը իր դառն փորձառութեամբ կը զգայ գաղթականներուն ապրած հոգեվիճակը: Չմոռնանք, որ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութեան պատճառով, հայ ժողովուրդը եղաւ գաղթական, անոր պարտադրուեցաւ հեռանալ իր դարաւոր հայրենիքէն` Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն: Չմոռնանք նաեւ, որ արաբ ժողովուրդը` իսլամ թէ քրիստոնեայ, ընդունեց մեզ իր հայրենիքին մէջ: Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն պատճառով, դէպի արեւմտեան երկիրներ արտագաղթը նոր թափ ստացած է վերջերս: Ինչ կը վերաբերի քրիստոնեայ համայնքներու պատասխանատուներուն կեցուածքին, մեր բոլորին կեցուածքը կը մնայ նոյնը` հետեւողական ճիգ պէտք է թափել քրիստոնեայ համայնքները պահելու Միջին Արեւելքի մէջ, հակառակ գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւններուն: Սակայն, ստիպողական պարագաներուն, արեւմտեան երկիրները իրենց կրօնական եւ պետական պատասխանատուներուն ճամբով պէտք է օգտակար հանդիսանան գաղթականներուն»:

Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իր պատկերացումը փոխանցեց միջեկեղեցական շարժումին ունեցած օրակարգին առաջնահերթ հարցերուն գծով:

 

 

Նախորդը

Աղուան Վարդանեանի Քաղաքական Կարեւոր Հանդիպումները Ուրուկուէյի Մէջ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Սարսափի Մթնոլորտ Եւ Տեղահանութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?