Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական Վարժարանի Խնամակալութեան Եւ Տնօրէնութեան. Ազգային Բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի Կիսանդրիի Բացում Եւ Շքանշաններու Տուչութիւն

Սեպտեմբեր 12, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
1
Share on FacebookShare on Twitter

gul_9-10-15

gul1_9-10-15

Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի հանդիսութիւններուն շարքին, հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2015-ին, Այնճարի Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրիին բացումը  եւ վարժարանի վաստակաւոր ուսուցիչներուն պարգեւատրումը իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ:

Հանդիսութեան ներկայ էին Վարուժան արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, Նախկին նախարար Փանոս Մանճեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին անդամները, միութեանց եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներով ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը բացումը կատարեց հանդիսութեան:

gul4_9-10-15

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Սեդրակ Հաւաթեան: Ան ըսաւ որ սոյն ձեռնարկը նուիրուած է յիշատակին, Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներէն Գրիգոր Նգրուրեանի, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է դէպի Սուէտիա զէնքերու փոխադրութեան աշխատանքին մէջ: Ան իր ընկերներուն հետ ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Թուրքիոյ բանտերուն մէջ, ուր ենթարկուած է գազանային տանջանքներու, մինչեւ իրենց ազատ արձակումը Պոլսոյ պատրիարքարանին միջամտութեամբ: Հերոսամարտի առաջին օրերուն Նգրուրեան առաջին դիրքի վրայ հերոսաբար կը կռուի իր ընկերներուն հետ եւ կը նահատակուի 22 օգոստոսի ճակատամարտին ընթացքին` կուրծքէն ստանալով մահացու գնդակ մը:

Հաւաթեան անդրադառնալով ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանին ըսաւ, թէ ան եղած է արուեստասէր, հմուտ դիւանագէտ եւ Միջին Արեւելքի քարիւղի-արդիւնաբերութեան յառաջամարտիկը: Ան աւելցուց, որ Կիւլպէնկեան բազմատեսակ դժուարութիւններ եւ արգելքներ յաղթահարելէ ետք արժանացած է «Քարիւղի գերհսկայ» կոչումին: Հաւաթեան ըսաւ. « Ութ լեզուներու տիրապետած Գալուստ Կիւլպէնկեան, իր անձնական կեանքի բեղուն գործունէութեան օրինակով եւ իր կատարած մեծ բարեգործութիւններով, խթան պիտի հանդիսանայ եւ նոր սերունդի հոգիներուն մէջ վառ պիտի պահէ յաւերժական ջահը, որուն կրակը կը ժայթքի այս կիսանդրիի խօսուն աչքերէն»:

Խնամակալութեան ատենապետը յատուկ գնահատանք արձանագրեց վերջին տասնամեակին Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող վարժարանի օժանդակ յանձնախումբին, յատկապէս Նարեկ քհնյ. Շիրիքեանին, Ճոն Վարդանին, Յովհաննէս Գարագաշեանին, Կայծակ Զէյթլեանին, Րաֆֆի Ուրֆալեանին, Տիգրան Սարքունիին եւ Հրաչ Աշքեանին:

Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ-ճարտարագէտ Տիգրան Գալուստեանին եւ վարժարանի բոլոր բարերարներուն, որոնք սատար հանդիսացած են` իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերելով վարժարանի վերելքին:

gul2_9-10-15

Բացման խօսքէն ետք Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինի խօսքը արտասանեց Ռիթա Թաշճեան-Լագիսեան: Ան Ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին ըսաւ. «Ամբողջ հայ ազգի պատմութեան եւ համայն մարդկութեան իմացականութեան մէջ իր արժանի տեղը ունի Գալուստ Կիւլպէնկեան, որ իր ճիգերով եւ ճարտարութեամբ բարձրութիւններ նուաճած անձնաւորութիւն մըն է եւ գիտութիւններու ու ճարտարարուեստի հսկայ եւ վիթխարի տնտեսական ծրագիրներ իրագործող հանճար մը»:

Ապա Լագիսեան ներկայացուց Գալուստ Կիւլպէնկեանի կենսագրականը` անդրադառնալով անոր բարեսիրական եւ մարդասիրական գործունէութիւններուն, որոնք կը շարունակուին մինչեւ օրս` սկսելով Այնճարի հողատարածքի գնման իր մասնակցութենէն, որուն համար երախտապարտ են համայն մուսալեռցիք-այնճարցիք:

gul5_9-10-15

Այնուհետեւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան կարդաց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքէն ուղարկուած ուղերձը, ուր նշուած է, թէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը կը շարունակէ միեւնոյն յանձնառութիւնը հայ դպրոցի հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս հայ անհատի կրթութեան սատար հանդիսանալով: Ուղերձին մէջ նաեւ նշուած է, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանին, որուն 40-ամեայ իրագործումներով անոնք հպարտ կը զգան:

gul3_9-10-15

Ապա վարժարանի տնօրէնը հրաւիրեց Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանը, Ճարտարապետ Տիգրան Գալուստեանը, Վարուժան արք. Հերկելեանը եւ Սեդրակ Հաւաթեանը, որպէսզի բացումը կատարեն Ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի Կիսանդրիին:

Այնուհետեւ յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան վարժարանի նախկին տնօրէններէն Նարեկ քհնյ. Շիրիքեան, Մովսէս Այնթապլեան, վարիչ մանկապարտիզպանուհի Վերգինէ Այնթապլեան, ուսուցիչներ եւ անձնակազմի անդամներ Յասմիկ Գազանճեան, Կիրակոս Քիլեճեան, Հուրի Քիլեճեան, Զապէլ Քիւսպեքեան-Թեճիրեան, Եսայի Հաւաթեան, Յովհաննէս Խօշեան, Անի Գալուստեան, Հայկուհի Մախուլեան, Ղատա Թաթինեան եւ Թերէզ Տուտագլեան` ստանալու համար իրենց սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրերը հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանի ձեռամբ:

Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան վարժարանի աշակերտներէն Շաղիկ Հապէշեան` ջութակով նուագ, Բալիկ Գաբրիէլեան` ասմունք, Հեղնար Գազանճեան` մեներգ, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ վարժարանի պարախումբը` ղեկավարութեամբ Ժիրօ Քեչեճեանի:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Comments 1

  1. Dikran Kalousdian says:
    10 years ago

    thank you

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?