Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ արտայայտուող «Ոչ»-ի ճակատը յայտարարութիւն տարածած է` նշելով, որ իր նպատակն է կասեցնել սահմանադրական փոփոխութեան հոլովոյթը եւ իշխող վարչախումբի վերարտադրութիւնը:
«Այդ նպատակին հասնելու համար համախմբուած ենք իբրեւ «ՈՉ»-ի ճակատ, նախաձեռնած ենք համաժողովրդական դիմադրութեան եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ հասարակական-քաղաքական բոլոր միաւորներուն կոչ կ՛ուղղենք միանալու երկրին մէջ ծաւալուող պայքարին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ, որուն տակ ստորագրած է եօթը քաղաքական ուժ, տասնչորս հասարակական կազմակերպութիւն, չորս քաղաքացիական նախաձեռնութիւն:
«Ոչ»-ի ճակատը կը նկատէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդարանական համակարգին անցնելու քողին տակ ձեռնարկած է Սահմանադրութեան փոփոխութեան, որուն հիմնական նպատակն է շրջանցել նախագահական պաշտօնավարման երրորդ ժամկէտի սահմանադրական արգելքը, յաւերժացնել իշխող վարչախումբի իշխանութիւնը եւ քաղաքական մենաշնորհի հաստատման միջոցով երկրին մէջ սահմանադրութեան ուժով ստեղծել միակուսակցական դրութիւն: