ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան 11 սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` զանոնք մտահոգիչ նկատելով:
«Թուրքիայի այս իրադարձութիւնները մտահոգիչ են, իշխանութիւններն սկսել են մեծ ռազմական արշաւ Թուրքիայի քրտաբնակ շրջանակներում: Քրտական հասարակութեան դէմ ու Իրաքում, Սիրիայում հակաքրտական քաղաքականութիւն է վարւում», ըսած է Մանոյեան` աւելցնելով. «Մենք քննադատում ենք ու գտնում ենք, որ կատարուածն ուղղուած է քիւրտ ժողովրդի դէմ ու Թուրքիայի նման քաղաքականութիւնը հարուածում է բոլոր ժողովուրդներին, ներառեալ հայութեանը: Մեզ համար հարցը մտահոգիչ է այնքանով, որ իր ազդեցութիւնը կարող է ունենալ մեզ վրայ, մեր տարածաշրջանի վրայ եւ սա, բնականաբար, Հայաստանի համար եւս դրական չէ»:
Մանոյեանի համաձայն, Թուրքիա ոչ մէկ փափաք ունի Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծելու, որովհետեւ իրենք ալ կ՛ընթանան հասարակութիւնը պառակտելու ուղղութեամբ եւ, նկատի ունենալով յառաջիկայ ընտրութիւնները, իրենք կը փորձեն առաւել եւս շիկացնել մթնոլորտը իրենց երկրին մէջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կրնա՞յ ըլլալ, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան օգտագործէ իր սահմանադրական իրաւունքը եւ յետաձգէ խորհրդարանական ընտրութիւնները` Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Այսօր նրանք չեն ուզում ընտրութիւնները յետաձգել, քանի որ սա կը նշանակի, որ այս մթնոլորտը պէտք է ձգել եւս մէկ տարի»:
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող լարուած կացութեան` Մանոյեան ըսաւ, որ անոնց շահերուն գլխաւոր վտանգը ՏԱՀԵՇ-էն կու գայ: «Այսօր Թուրքիան ոչ միայն չի պայքարում դրա դէմ, այլ նաեւ աջակցում է», հաստատեց Մանոյեան:
Խօսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի յայտարարութեան մասին` Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Ուորլիքի յայտարարութիւնն առանձնապէս մեծ կարեւորութիւն չունի: Արեւմուտքը, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, Ազրպէյճանից դժգոհ են եւ դա բարձրաձայնւում է Արեւմուտքի կողմից:
Ազրպէյճանը փորձում է փոխլրացնող յարաբերութիւններ պահել Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի հետ, բայց դրանք ձախողւում են: Արեւմտեան որեւէ պետութիւն չի աջակցում Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութեանը: Եթէ նրանք համապատասխան ձեւով չեն արձագանգում հայ-ազրպէյճանական լարուածութեանը, դա չի նշանակում, որ չեն նկատում, բայց նրանց նման պահուածքն էլ ճիշդ չէ», դիտել տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւններուն` շեշտելով, որ անոնք կը սերտանան, սակայն պէտք չէ անոնց ամրապնդման թափը դանդաղի` դիտել տալով, որ միւս բազմաթիւ երկիրներուն հետ բաղդատելով Հայաստան առաւելութիւն ունի Իրանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան տեսանկիւնէն:
«Այստեղ ողջ հայութիւնը հնարաւորութիւն ունի Իրանի հետ յարաբերութիւնների զարգացման հարցում, որովհետեւ այնտեղ ունենք հայկական համայնք, որը կարող է օգտակար լինել բազմաթիւ հարցերում», ըսաւ Մանոյեան:
Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը եւս կրնայ իր դերակատարութիւնը ունենալ այս յարաբերութիւններու զարգացման առումով` Իրանի դէմ կիրարկուող պատժամիջոցները վերջնականապէս վերցուելէ ետք:
Ան չէ բացառած, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հանդիպում ունենան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի ծիրին մէջ` աւելցնելով, որ, բայց եւ այնպէս հասկնալի չէ, թէ առկայ իրավիճակին մէջ ինչի՛ մասին պիտի խօսին նախագահները:
«Ես չեմ պատկերացնում իրական արդիւնաւէտ զրոյց նախագահների միջեւ, եթէ Ազրպէյճանը 2009 թուականից սկսած դէմ է հանդէս գալիս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբի միջնորդների առաջարկներին` փորձելով հարցի լուծումն այլ հարթակներ տեղափոխել», շեշտեց Կիրօ Մանոյեան: Ըստ անոր, ներկայ դրութեամբ Ազրպէյճան որդեգրած է նոյն քաղաքականութիւնը, զոր կը վարէր Պաքուի մէջ Եւրոպական խաղերու կայացումէն առաջ: «Այդ ժամանակաշրջանում գրեթէ ոչինչ չէր կատարւում սահմանների վրայ: Սա ի դէպ ցոյց է տալիս, թէ որ կողմն է իրականում խախտում հրադադարի դրութիւնը», յիշեցուց Կիրօ Մանոյեան: «Ազրպէյճանը ուզում է լսելի դարձնել իր ձայնը, որպէսզի դժգոհութիւն յայտնի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբի համանախագահների առաջարկների կապակցութեամբ: Ազրպէյճանում դեռ չեն հասկանում, որ իրենց վարած` իրավիճակի ապակայունացման քաղաքականութիւնը չի բխում հէնց իրենց շահերից», եզրափակեց Մանոյեան: