Լիբանանի մէջ աղբի տագնապին եւ զայն լուծելու նպատակով կառավարութեան վաւերացուած ծրագիրին լոյսին տակ ի յայտ եկած է ընդհանուր մտահոգութիւն` Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացումին առնչուող:
Այս իմաստով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:
Ան յայտնեց, որ ժողովուրդը ընդհանրապէս մտահոգուելու ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունի, որովհետեւ հիմնականին մէջ պետութեան եւ իրերայաջորդ կառավարութիւններուն նկատմամբ վստահութիւն գոյութիւն չունի:
«Այդպէս է, որովհետեւ տարիներու ընթացքին պետական անձնաւորութիւններ երկիրը փտածութեան մէջ օրօրեցին, իրենց անձնական շահեր դիզելու համար շահագործեցին, ինչպէս նաեւ օրէնքէն վեր մնացին ու կարեւոր հարցերու պարագային օրէնքը չկիրարկեցին եւ քաղաքացիներուն պարտադրեցին օրէնքներ եւ զանոնք միայն ենթակայ դարձուցին օրէնքներուն: Այս բոլորը բնականաբար ժողովուրդը պիտի մղէ քաղաքական պատասխանատուներուն եւ պետութեան հանդէպ վստահութեան չքացումին», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, թէ խոցելի է եւ դժբախտութիւն այն ճշմարտութիւնը, որ երկրին անկախութենէն ի վեր կարելի չէ եղած Լիբանանի մէջ քաղաքացիի տիպարը ստեղծել: «Չունինք այսօր լիբանանցի քաղաքացիի օրինակ մը, որ քաղաքացիական իր իրաւունքներուն մէջ կրցած է ձեռքբերումներ ունենալ: Այս իմաստով մենք լաւ կը հասկնանք այսօր կատարուող ժողովրդային եւ երիտասարդական շարժումները, որոնց մասին արդէն քանի մը առիթով արտայայտուած եմ «Ազդակ»-ի ընդմէջէն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այսօր իրենք եւս դժուարութիւն ունին հաւատալու կառավարութեան այս վերջին որոշումին: «Մենք ալ հարցականներ ունինք, թէ ի՞նչ պատահեցաւ, որ յանկարծ պատասխանատուները սկսած են մտահոգուիլ քսան տարի առաջ փակուած աղբակոյտի լերան վերացումով, երբ տարիներ շարունակ, տարբեր առիթներով այս ուղղութեամբ ներկայացուած մեր պահանջքը աննկատ մնացած է:
Նկատի ունենալով, որ մենք կը նախատեսէինք, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, տագնապը սկսելու առաջին օրերէն իսկ
յայտարարեցինք, որ Պուրճ Համուտը կարմիր գիծ է, եւ կը շարունակենք մնալ նոյն սկզբունքին վրայ:
Մեզի համար Պուրճ Համուտի ժողովուրդը, որ միայն հայերէ չէ բաղկացած, եւ անոր առողջութիւնը բնականաբար ամէն բանէ վեր են: Այնպէս, ինչպէս որ մտահոգ ենք այսօր Պուրճ Համուտի եւ ընդհանրապէս ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ապրող մեր ժողովուրդով եւ անոնց առողջութեամբ, ինչպէս որ մտահոգ ենք այսօրուան կացութեամբ, որովհետեւ աղբերը փողոցն են եւ չենք գիտեր, թէ ինչպիսի վատառողջ մթնոլորտ ստեղծուած է, նոյնքան եւ աւելի մտահոգ ենք, որ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ երբեք առանց ուսումնասիրութեան, առանց խորքային քննարկումի, առանց լուրջ մօտեցումներու յանկարծ քաղաքական որոշում տրուի` աղբանոցներու վերաբացման կամ վերահաստատման», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով կառավարութեան կողմէ վաւերացուցած աղբերու տագնապի լուծման յանձնախումբի նախագահ, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ ծրագիրը ունի բազմաթիւ երեսներ, որոնցմէ Պուրճ Համուտին վերաբերող երեսն է զիրենք հետաքրքրողը:
«Այդ առաջարկին խորագիրը հետեւեալն է. «Շարունակել ուսումնասիրութիւնը յառաջիկայ շրջանին Պուրճ Համուտի աղբանոցը վերապատշաճեցման ենթարկելու, համաձայն այն ուսումնասիրութեանց, որոնք պիտի կատարուին քաղաքապետութեան ու Պուրճ Համուտի համապատասխան շահագրգիռ կողմերուն հետ»: Այսինքն ծրագիրը պարզապէս ուսումնասիրել է. ուսումնասիրելը առաջին հանգրուանն է, երկրորդ հանգրուանը ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ ծրագրելն է, իսկ երրորդ հանգրուանը` ծրագիրը գործադրելն է», շեշտեց երեսփոխանը:
Յ. Բագրատունի բացատրեց նաեւ ուսումնասիրուելիք առաջարկը` մանրամասնելով, թէ առաջին հերթին այսօրուան աղբակոյտի լերան շուրջ, ծովուն մէջ պիտի հաստատուի քարէ պատնէշ, ուր վեց ամսուան ընթացքին պիտի թափուի ամբողջ լեռը: Ան նշեց, որ այս գործողութեան ընթացքին յաւելեալ ոչ մէկ աղբ պիտի թափուի հոն: «Այլ խօսքով այս աշխատանքը գոյութիւն ունեցող լեռը վերացնելն է: Երկրորդ հանգրուանին, աւելցուած հողամասին վրայ առողջապահական պաշտպանութեան յատուկ սարքաւորումներ տեղադրել եւ հոն մէկ տարուան համար Պուրճ Համուտի ու անոր անմիջական շրջապատի կարգ մը քաղաքապետութեանց աղբերը թափելն է: Մէկ տարի ետք պիտի փակուի այս ամբողջ ծրագիրը, այդ հողատարածքը պիտի փակուի եւ դառնայ 320 հազար քառ. մեթր տարածութիւն, որ պիտի յատկացուի քաղաքապետարանին եւ պիտի վերածուի բազմատեսակ գործածութեան հողատարածքի` սկսեալ հանրային պարտէզէն, մինչեւ զանազան մարզական խաղերու յատկացուող հողաշերտ` անմիջական ժամանակաշրջանի մը համար: Իսկ եօթնէն տասը տարի ետք կարելի է նաեւ հոն կառուցումներ կատարելու մասին մտածել», բացատրեց ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ այս ծրագիրին իրականացումը պիտի ըլլայ նախամուտ մը` սկսելու համար նաեւ քսան տարի առաջ ընթացք առած այլ ծրագիրի մը, որուն անունն է «Լինոր»` Պուրճ Համուտէն սկսեալ մինչեւ Տպայէ երկարող ծովեզերքը վերապատշաճեցումի ենթարկելու միտող: «Բարգաւաճման այս ծրագիրը կը ներառէ կազի շտեմարանի վերացումը, կաշիի գործարաններու եւ սպանդանոցի վերապատշաճեցումը, ծովեզերքի մաքրութիւնը, ձկնորսներու նաւահանգիստի նորոգութիւնը, «Սոքոմի»-ի գործարանին վերացում», ընդգծեց ան` աւելցնելով սակայն, որ այս բոլորը պիտի կատարուին յետ ուսումնասիրութեան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ մտահոգութիւնը հիմնականին մէջ երկու իմաստով է. «Աղբակոյտի լերան վերացման ուսումնասիրութիւնը ժամանակի կը կարօտի, գիտնալու համար նման քայլով մը արդեօք կրնա՞ն մտահոգիչ երեւոյթներ դրսեւորուիլ: Մինչեւ հիմա եղած քննութիւնները ցոյց կու տան, որ այդ լեռը իր այսօրուան վիճակին մէջ վտանգ չի սպառնար եւ անոր ընդերքը գտնուող նիւթերը առողջապահութիւնը վտանգող նիւթեր չեն: Երկրորդը կը մնայ Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի աղբերը ընդունելու հարցը, որ քննարկումի տակ է»:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ պէտք է գլխագիրով կարդալ, թէ ուսումնասիրել չի նշանակեր համաձայն գտնուիլ: «Մեր ժողովուրդէն պիտի խնդրեմ, որ այս խորագիրը իրենց մտքին մէջ պահեն: Ըսած ենք, որ Պուրճ Համուտը կարմիր գիծ է, կ՛աւելցնենք, որ իշխանաւորները թող քանդեն փտածութիւնը, մենք պատրաստ ենք քանդելու աղբակոյտի լեռը: Մեզի համար մեր իւրաքանչիւր երեխային առողջութիւնը հազարաւոր մեթրերով տարածքներէ աւելի կարեւոր է: Մենք, որ ըստ էութեան փտածութեան դէմ ենք, չենք շահագրգռուած այն նիւթական բարիքներով, որոնք կրնան տրամադրուիլ: Մեզի կը շահագրգռէ Պուրճ Համուտի զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը եւ մեր ժողովուրդին բարօրութիւնը: Իբրեւ վերջաբան պէտք է շեշտել, որ մենք այլոց նման չենք, մենք տարբեր ենք, եւ մեզի համար այս հարցը հիմնական նշանակութիւն ունի: Այս հարցին մէջ մենք ո՛չ մէկ ձեւով կրնանք տկարանալ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը մեզի հետ է», եզրափակեց Յակոբ Բագրատունի: