Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Աղբերու Հարցով Համաձայն Գտնուեցաւ Երկրագործութեան Նախարարին Ներկայացուցած Համապարփակ Ծրագիրին

Սեպտեմբեր 10, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

cabinet_9-09-15

Ընդառաջելով վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաւէրին, կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին գումարեց արտակարգ նիստ մը, որ կը վերաբերէր աղբի տագնապի լուծման:

Նիստին նախագահեց վարչապետ Սալամ եւ անոր ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի նախարարները, ի բացառութիւն արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի:

Նիստէն բացակայեցաւ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ` երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով:

Կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ վարչապետարան մուտքին յայտնեց, որ կառավարութեան նիստէն արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի բացակայութիւնը պատգամ է, իսկ իր մասնակցութիւնը դրական պատգամ է` աղբի տագնապին լուծման առումով իրենց լրջութիւնը արտայայտող:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի մշակած ծրագիրը, որուն մասին նախարարը նախանցեալ օր ըսած էր, որ այդ ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացումը, եւ այդ իմաստով ինք կը սպասէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին վերջնական որոշումին:

Շեհայէպի կատարած այս յայտարարութեան գծով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ազդակ»-ի հարցումին պատասխանեց հետեւեալ կերպով. «Մենք նախարար Շեհայէպին պարզապէս ըսած ենք, որ իր մշակած ծրագիրը պիտի ուսումնասիրենք, եւ ծրագիրի ուսումնասիրութիւնը երբեք համաձայնութիւն չի նշանակեր»:

Աւելի քան վեց ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ լսելէ ետք Շեհայէպի ծրագիրը, կառավարութիւնը զայն վաւերացուցած է:

Ապա ան խօսքը փոխանցեց Շեհայէպի, որ բացատրեց աղբի տագնապին լուծման յանձնախումբին գործակցութեամբ իր մշակած ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը հանգրուանային կերպով եւ համապարփակ պէտք է ըլլայ:

Շեհայէպ հաստատեց, որ ըստ ծրագիրին, քաղաքապետարանները կոչուած են իրենց դերակատարութիւնը ստանձնելու եւ ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու` ներքին գործոց, կենսոլորտի եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն հովանաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան տրամադրելիք օժանդակութեամբ:

«Ծրագիրին ընդմէջէն կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Սրար-Աքքարի եւ Մասնաա-Արեւելեան լեռնաշղթային մէջ երկու աղբանոցներ որդեգրել, Սայտայի աղբերու վերամշակման գործարանը օգտագործել, Պուրճ Համուտի աղբանոցը վերաօգտագործել այնպիսի ձեւով, որ ան ծառայէ շրջանին բարգաւաճման, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին եւ պատկան մարմիններուն հետ գործակցաբար, ինչպէս նաեւ Ռաս Այն-Սուրի աղբանոցը օգտագործման պատրաստել` Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին հովանաւորութեամբ», ըսաւ ան:

Շեհայէպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի աղբերը Նաամէի աղբանոցը փոխադրել միայն 7 օրուան համար եւ ապա այդ աղբերէն սկսիլ ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան, որուն նպատակով վաւերացուեցաւ 11 միլիոն 640 հազար տոլար: Ելեկտրական այդ հոսանքը ձրիաբար պիտի հայթայթուի Նաամէի բնակչութեան:

Այս քայլին կողքին, Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդը մէկ ամսուան ընթացքին պէտք է գիտական պայմաններով առաջնորդուի եւ առաջարկուած աղբանոցները վերաբանայ, ինչպէս նաեւ աղբերը ստանձնող ներկայ ընկերութեան` «Սուքլին»-ի հետ ստորագրուած երեք համաձայնագիրներէն երկուքը չեղեալ պիտի նկատուին` պահպանելով միայն երրորդը, որուն համաձայն, ընկերութիւնը պիտի շարունակէ փողոցները աւլելու եւ աղբերը հաւաքելու աշխատանքը` միայն 18 ամսուան համար:

Միւս կողմէ, ելեւմուտքի եւ ներքին գործոց նախարարները քաղաքապետարաններուն պիտի տրամադրեն շահաբաժիններ` բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութեան մարզէն ապահովուած եկամուտներէն, առանց այդ յատկացումներէն զեղչելու քաղաքապետարաններուն նիւթական պարտաւորութիւնները:

Շեհայէպ աւելցուց նաեւ, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է, որ երկրագործութեան նախարարը հսկէ այդ որոշումներուն գործադրութեան:

Այս շրջագիծին մէջ, Շեհայէպ յոյս յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր կողմերը եւ քաղաքացիական ընկերութիւնը գործակցին` այս համապարփակ ծրագիրին գործադրութեան համար, ինչ որ կենսոլորտային առումով առողջ պայմաններու մէջ կը պահէ երկիրը:

Շեհայէպ դիտել տուաւ, որ քաղաքապետարաններուն նիւթական պարտաւորութիւնները ջնջելու համար կարիք կայ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուելիք օրէնքի մը, որուն գծով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խոստացած է ապահովել օրէնքի որդեգրման համապատասխան պայմանները, որպէսզի քաղաքապետարանները պատրաստ ըլլան 18 ամսուան ընթացքին այս գործը ստանձնելու:

«Նաամէի աղբանոցը 7 օրուան համար պիտի վերաբացուի, Սրարի եւ Մասնաայի աղբանոցները մէկուկէս տարուան համար, Պուրճ Համուտի պարագային աղբի կտոր մը իսկ պիտի չուղարկուի այդտեղ, մինչեւ որ աղբի այդ լեռը ոչնչացուի, ինչպէս էր պարագան Սայտայի եւ Նորմանտիի աղբանոցներուն», եզրափակեց Շեհայէպ:

 

 

Նախորդը

Քերրիէն Հեռաձայնային Զօրակցական Հաղորդակցութիւն` Վարչապետ Սալամի

Յաջորդը

Ազգային Երկխօսութեան Բ. Նիստը` 16 Սեպտեմբերին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?