Ազրպէյճանի իշխանութիւնները շփման գիծին վրայ իրավիճակի սրման, չդադրող հետախուզական-ներթափանցման գործողութիւններու փորձերուն եւ խոշոր տրամաչափի ականանետերու եւ հրետանիի կիրարկումով շարունակական գնդակոծութիւններուն զուգահեռ ջղագարութեան արշաւ ծաւալած է Ղարաբաղի մէջ ընթացող ժողովրդավարական գործընթացներու դէմ: Երէկ այսպիսի յայտարարութիւն տարածած է Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նշելով, որ 31 օգոստոսին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 13 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները դատապարտող յայտարարութեամբ, Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ. «Յայտարարութիւնը, որ կը պարունակէ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի մերկապարանոց մեղադրանքներու աւանդական հաւաքածոն, աշխուժօրէն կը տարածուի միջազգային կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու մէջ: Իրենց կարգին, իշխանութիւններուն վերահսկողութեան տակ գտնուող ազրպէյճանական լրատուական միջոցները մրցակցութեան սկսած են` տարբեր պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ նմանատիպ դատապարտող մեկնաբանութիւններ կորզելու նպատակով»:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան, Ազրպէյճանի կողմէ Ղարաբաղի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու դատապարտումը կը վկայէ Ղարաբաղի մէջ ընթացող ժողովրդավարական գործընթացներու նկատմամբ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան խուճապային վախին մասին:
«Այդ մէկը առանձնապէս ակնյայտ կը դառնայ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան աստիճանական վատթարացման խորապատկերին վրայ, ուր ընտրութիւնները վերածուած են իշխանութիւնը ժառանգաբար փոխանցելու անվերջանալի գործընթացի, իրաւապաշտպանները, լրագրողները կը հետապնդուին այլախոհութեան համար, իսկ բնակչութիւնը զրկուած է իր իրաւունքներն ու ազատութիւնները լիարժէքօրէն իրագործելու կարելիութիւններէն: Անդառնալիօրէն վերջ դնելով իր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան որեւէ պատրանքի` Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չի հրաժարիր մարդու իրաւունքներու իր «չափանիշները» միջազգային հանրութեան, ներառեալ դրացի երկիրներուն փաթաթելու փորձերէն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ընդգծելով, որ Լեռնային Ղարաբաղը հաւատարիմ է ժողովրդավարական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, նախարարութիւնը կ՛ըսէ. «Ղարաբաղի մէջ իշխանութեան մարմիններու ձեւաւորումը կ՛իրականացուի բացառապէս ազատ, արդար, թափանցիկ եւ մրցակցային ընտրութիւններու միջոցով, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքական մշակոյթի անբաժանելի մաս դարձած են: Յառաջիկայ ընտրութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու թիւով վեցերորդ ընտրութիւններն են: Առաջին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, այդ շարքին նաեւ Ստեփանակերտի քաղաքապետի պաշտօնին համար, տեղի ունեցած են 27 սեպտեմբեր 1998-ին: Տեղական ինքնակառավարման իրականացումը, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ քաղաքացիներուն անմիջականօրէն մասնակցիլ պետական գործերու կառավարման, ամրագրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ` միջազգային իրաւունքի, մասնաւորապէս, Տեղական ինքնակառավարման եւրոպական ուխտի չափանիշներուն լիովին համապատասխանութեամբ»:
«Յատուկ կարեւորութիւն տալով տեղական ինքնակառավարման հաստատութեան` իբրեւ ժողովուրդի իշխանութեան ուղղակի եւ ներկայացուցչական իրականացման ձեւերէն մէկը եւ որեւէ ժողովրդավարական կարգի հիմք, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները այսուհետեւ նաեւ ջանքեր պիտի գործադրեն անոր հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: