Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարբեր 100-Ամեակ Եւ Ընկալման Նոր Ուղղութիւններ

September 12, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mousaler_9-12-15Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նշումներու հովանոցը բացուած է յատկապէս հայրենիքի եւ հայկական Այնճարի վրայ: Հայկական աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող մուսալեռցիներ  իրենց միջավայրերուն մէջ նշելով հանդերձ հերոսամարտի յոբելեանը, ըստ էութեան իրենց հայեացքները կը կեդրոնացնեն հայրենի Մուսա Լեռ գիւղին եւ հայկական Այնճարին վրայ:

Մուսա Լերան եւ Այնճարի յոբելենական ձեռնարկներու շարքը համակարգուած է: Այս պատճառով ալ իր աւանդական թուականէն շաբաթ մը առաջ է, որ Այնճարի մէջ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինը կը տօնակատարէ հերոսական ինքնապաշտպանութեան տօնախմբութիւններու եզրափակիչ փուլը:

Արդարեւ, շուրջ ամիսէ մը ի վեր դասախօսական երեկոներ, մշակութային բնոյթի տարբեր ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, շնորհահանդէսներ, տուն-թանգարանի բացում եւ եկեղեցական արարողութիւններ` կու գան կազմելու ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին հանրագումարը:

Մինչ, այս տարի հայրենի պետական ներգրաւուածութեան տարողութիւնը կը յատկանշէ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յոբելեանի իւրօրինակ նշումը:

Հասկնալիօրէն պատմական Մուսա Լերան միակ հայաբնակ գիւղը նոյն հնչեղութեամբ եւ նոյն շեշտադրումներով պիտի չնշէր յոբելեանը, յատկապէս Թուրքիոյ մէջ ազգայնականութեան դրսեւորած վերջին ելոյթներն ու հակազդեցութիւնները նկատի ունենալով: Այսուհանդերձ պատմական Մուսա Լեռ, հայրենի Մուսա լեռ եւ հայկական Այնճար եռախորհուրդ երեւոյթը հետզհետէ համահայկականացուցած էր հայ ազատագրական շարժման ժամանակակից պատմութեան մէկ կարեւոր էջին նշումը:

Սակայն, տօնին հերթական նշումը այլ կարեւոր իմաստով մը կ՛այժմէականանայ: Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակը կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միեւնոյն տարին: Առիթ հանդիսանալով` Ցեղասպանութեան հարցի ներազգային ընկալման փիլիսոփայութեան նոր ուղղութիւն ցոյց տալու: Ցեղասպանութեան 100-ամեակը միայն սպանութեան, տեղահանութեան, հայրենազրկումի եւ պատմութեան հարուածին տակ ինկած ըլլալու երեւոյթով չի սահմանափակուիր: Հերոսական արարքներ կան նոյն տարիներուն, նոյն ժամանակահատուածներուն, որոշակիօրէն տարբեր պայմաններու մէջ, այսուհանդերձ ծառացումի օրինակներ են անոնք, որոնք կը խօսին մեր ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածին զինաթափ չըլլալու, չյանձնուելու, թշնամիին սադրանքներուն չենթարկուելու եւ ջարդի չենթարկուելու փաստերուն մասին:

Ամբողջական ցեղասպանութեան քաղաքականութեան ձախողեցման վառ օրինակներէն մէկն է Մուսա Լեռը, որուն հերոսները, նահատակները եւ անոնց կերտած պատմական իրագործումները անպայման վեր պիտի առնուին ցեղասպանութեան հերթական նշումի ընթացքին:

Անշուշտ ինքնապաշտպանութեան տեսակէտէն Մուսա Լերան առընթեր կան Վանը, Ուրֆան, Շապին Գարահիսարը, Սասունը: Հերոսամարտերու համապատկերի ներկայացումը անհրաժեշտ է, երբ կը ներկայացնենք Ցեղասպանութիւնը` տարբեր երեսներով: Հերոսամարտերու պատմական գնահատականը աւելի քան անհրաժեշտ է ցեղասպանութեան ենթարկուած միլիոնաւորներուն կողքին նշելու թէկուզ փոքրաթիւ կռուողները, չենթարկուողները: Այս իրականութիւնը գիտական թէ քաղաքական առումներով լոյսին բերելը կը նպաստէ մեր ազգային-հաւաքական նկարագիրի կազմաւորման աշխատանքին, նոր զսպանակում կ՛ապահովէ նոր սերունդին եւ այլոց մօտ կը քանդէ միայն ջարդի ենթարկուած ժողովուրդ ըլլալու կարծրատիպը:

Եւ այս առումով մուսալեռցիներու շառաւիղներուն մօտեցումը` մեծ շուքով նշելու ինքնապաշտպանութեան մարտերը, նոր ուղղութիւն կու տայ հարցերու ընկալման:

Նախորդը

Մանոյեան. «Արեւմտեան Որեւէ Պետութիւն Չ՛աջակցիր Ազրպէյճանի Վարած Քաղաքականութեան»

Յաջորդը

Ռոտրիկեզ Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

RelatedPosts

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Վահագն Խաչատուրեանի Այցելութիւնը Աթէնք Եւ Պետական Պարտաւորութիւնը Արցախի Հիմնահարցով
Անդրադարձ

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Վահագն Խաչատուրեանի Այցելութիւնը Աթէնք Եւ Պետական Պարտաւորութիւնը Արցախի Հիմնահարցով

February 16, 2026
Ակնարկ.  Մինչեւ Յունիս 7-ը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ Յունիս 7-ը

February 16, 2026
Բագրատունի. «Ռաֆիք Հարիրին Սիրով Կը Յիշենք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Ռաֆիք Հարիրին Սիրով Կը Յիշենք»

February 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.