Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Հոկտեմբեր 1967)

October 6, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ Եւ Լիբանան

Օտար Աշխատաւորներու Արտօնագիր
Պիտի Չտրուի Այսուհետեւ

Ընկերային նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը եւ օտարներու աշխատանքի սպասարկութեան պետը վէճի մէջ ըլլալով, վերջինը` Մոհամետ Զրէյք, լքեց իր պաշտօնը: Այս վէճին պատճառով որդեգրուեցաւ նոր քաղաքականութիւն մը, որ կոչուած է վերջ տալ օտար աշխատողներու մրցակցութեան:

Այս նոր որոշումը միջին լուծում մըն է Մ. Զրէյքի անզիջողութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Ֆարհաթի աւելի ճկուն քաղաքականութեան միջեւ: Առաջինը անընդունելի կը գտնէր, որ աշխատանքի արտօնագիր տրուի օտար բանուորներու այն մարզին մէջ, ուր աշխատանքի կարօտող լիբանանցիներու թիւը շատ մեծ է, հետեւաբար օտարի մը գործ տալը կը վնասէ լիբանանցիին: Այնուհետեւ, աշխատանքի արտօնագիրներու յանձնումը բոլորովին կանգ առաւ:

Ներկայիս նախարարութիւնը որդեգրած է հետեւեալ քաղաքականութիւնը. աշխատելու համար վերջերս Լիբանան եկած բանուորները երբեք պիտի չկրնան արտօնագիր ստանալ: Գալով անոնց, որոնք կը բնակին երկրին մէջ եւ աշխատանքի արտօնագիր ունին, այդ արտօնագիրները պիտի նորոգուին մէկ տարուան համար: Այդ պայմանաժամէն ետք պիտի չնորոգուին:

Եթէ այս որոշումը յարգուի, մէկ տարիէն կարելի պիտի ըլլայ վերջ տալ բոլոր օտար բանուորներու աշխատանքին: Այս կարգադրութեան ենթակայ են միայն բանուորները եւ ոչ թէ` գրասենեակի եւ այլ մարզերու պաշտօնեաները: Ուստի անդրադարձ պիտի չունենան օտար ընկերութիւններու մասնաճիւղերուն Լիբանան հաստատման վրայ:

 

Նժարէ Նժար

Թուրք Են, Խուժան Են…

Թուրքերը աշխարհի լայն մասին ծանօթ են իբրեւ խուժան: Խուժան են ամէն տեղ ու բոլոր երեւոյթներուն ու ախորժակներուն կապակցութեամբ: Խուժան են, երբ կը կողոպտեն, խուժան են, երբ կ՛աւերեն, խուժան են, երբ կը ջարդեն:

Շարունակութեան մէջ նորութիւն մը կայ. խուժան են նաեւ, երբ կը գրեն ու երբ կը կարդան, իբրեւ գրող ու իբրեւ ընթերցող: Մէկը միւսին հաշիւ տալու, մէկը միւսէն հաշիւ պահանջելու ազնուութիւն կամ գիտակցութիւն չունին, խուժան են:

Տրամաբանութեան հակակշռէն զերծ ըլլալու հանգամանքը անսահման հնարաւորութիւններ տուած է թուրք լրագրողներուն, որոնք, ի վերջոյ, իրենց պատկերով ստեղծած են խուժանային կնիքով խուժանահաճ մամուլ մը:

Վերջին տարիներուն, քաղաքական շրջանակներուն մէջ Հայկական հարցին գտած մեծ արձագանգներէն ե՛տք մանաւանդ, թուրքերը առաւել եւս աշխուժացուցին իրենց այդ տկարութիւնը: Սկսան յաճախ այցելել գաղութները ու մեր մէջ թրքասէրներ գտած ըլլալու գիւտով մխիթարել իրենց յանցաւոր ու տագնապահար հոգին:

Առջի օր մեր թերթին մէջ ընթերցողը կարդաց թէեւ Հալէպէն ստացուած տպաւորութիւններով կազմուած «Հիւրրիյէթ»-ի յօդուածը, այսուհանդերձ, կ՛ուզէինք շեշտել իբր թէ հայու մը կողմէ արտասանուած սա անհեթեթութիւնը:

«Մենք հարազատ անատոլուցի ենք, թուրք ծագում ունինք, բայց քրիստոնեայ դարձեր ենք: Մեր միջեւ եօթը պետութիւն մտնելով` զիրար կոտորած ենք: Այսօր Թուրքիոյ կառավարութիւնը տարեկան երեք այցելութեան իրաւունք կու տայ մեզի: Կը յուսանք, որ թերեւս օր մը վերստին ընդունիք մեզ: Աստուած վարձահատոյց ըլլայ ազգին ու պետութեան»:

«Թուրք ծագո՞ւմ ունինք: Մե՞նք: Ո՞ւր կը գտնեն, թուրքերը ինչպէ՛ս կը գտնեն արդեօք ազգերու ծագման մասին խօսող ու մեր մէջ անծանօթ մնացած այս հատընտիր գիտունները:

Անշուշտ ոչ մէկ մարդ կրնայ գտնուիլ աշխարհի վրայ, որ հաւատայ նման հաստատումներ ու օրհնութիւններ ընող հայու մը գոյութեան: Դարաւոր նուաստութիւններու ենթարկուած ու ապա ջարդուած, տարագրուած ազգի մը զաւակը մարդկօրէն այսքան շռայլ չի կրնար ըլլալ տարագրողին ու ջարդարարին նկատմամբ: Անյիշաչար ըլլալու պատճառներ չտրուեցան հայ մարդուն: Ո՛չ հայախօս հայը եւ ո՛չ ալ թրքախօսը Աստուծոյ հետ կրնան ի նպաստ թուրքերուն խօսք բանալ:

Բայց խնդիրը ա՛յդ չէ: Խնդիրը այն է, որ լրագրողները կը համարձակին նման տխմարութիւններ հաղորդել ընթերցողներուն, եւ ընթերցողները կը հաւատան հաղորդուածներու վաւերականութեան: Այսպէս են, թուրք են, ըսինք արդէն, խուժան են…

XX

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Սեպտեմբեր Դ. – Թուրքիոյ Քաղաքականութեան Պտուղը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.