Օրուան Հարցը (Անոնց Եւ Մեզի Համար)
Մագաղաթ Եւ Տաճար
Դպրոցական վերամուտի մասին Ալին Լահուտի կատարած քննութեան շնորհիւ` կարելի եղաւ անգամ մը եւս (հարկ կա՞ր արդեօք) ընդգծել կրթական գործին ահաւոր թշուառութիւնը:
Այս առտու հարիւրաւոր դպրոցականներ եւ ճեմարանականներ վերստին պիտի բռնեն «ճամբան, որ կը տանի դէպի գիտութիւն` միակ պտուղը իմաստութեան»: Ի՞նչ պիտի հրամցուի անոնց: Խեղճուկ նստարաններու վրայ, ճաթռտած սրահներու մէջ, ուր աղքատութիւնը կը թագաւորէ, անորոշ ուսուցիչ մը անոնց իբրեւ ճարակ պիտի նետէ Ժիւլիեթին պատմուած Լիբանանի պատմութիւն մը, թուաբանութեան դաս մը, ուր թուանշանը պիտի մանրուի եւ եղծուի, քիմիաբանութեան դաս մը, ուր բորակածինը պիտի շփոթուի թթուածինին հետ, եւ ոսկին պիտի վերածուի հասարակ մետաղի:
Դարու մը մէջ, երբ թեքնիքն ու գիտութիւնը մեր ապրելակերպին կու տան գլխու պտոյտ պատճառող ընթացք մը, լճացումը, որուն մէջ կ՛ապրինք, կը սպառնայ երկրի ապագային: Ընկերութիւնը կերպարանափոխուեցաւ վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին: Պատկերասփիւռը, լուացքի մեքենան, կիրակնօրեայ պտոյտը, կազմակերպուած ճամբորդութիւնը մտան մեր բարքերուն մէջ: Այս ընդհանուր փոփոխութենէն խուսափելով` միակ անշարժ մնացողը կրթական կեանքն է: Մինչ լսողական եւ տեսողական միջոցները թոյլ կու տան, Շուէտի մէջ` օրինակ, աւելի քան հինգ հարիւր դասարանի ընծայել մէկ որակաւոր ուսուցիչ, որ իր դասը լրացնելու համար պէտք ունի միայն կրկնողի մը, մեր մօտ, մարդիկ կը փառաւորուին քանակովը վկայականներու, որոնք պիտի երթան բարի խօսքը տանիլ հարաւի ամէնէն յետին գիւղը կամ հիւսիսի ամէնէն փոքր աւանը:
Բայց այդ առաքեալները, պատասխանատուները` միակ արժէքներուն, որոնց վրայ կը կերտուի ազգը, ովքե՞ր են: Երբ կը ցաւինք, որ մեր դպրոցներուն մէջ լայն տարածում ունեցող գիրքի մը էջերուն վրայ Ուաթերլօ մէկ դարու յապաղում ունի եւ «կը պատահի 1915-ին, յանցաւորը դասակե՞րպն է, թէ՞ մարդը: Մարդ միշտ ունեցած է այն գրականութիւնը, որուն արժանի է, եւ գործիքը երբեք ինքնաբերաբար կռանչուած չէ: Հաւատալ այսօր, թէ ամբողջ գրութիւնը կարելի է վերարժեւորել, երբ ամէն բան հիմէն ախտաւոր է, կը նշանակէ աւելի խրիլ սխալի մէջ:
Պետութեան պատասխանատուութիւնը` այս գործին մէջ, իր գործակալներուն խողովակով կու գայ: Նախ պէտք է կազմել այդ գործակալները: Երբ, քնարական պոռթկումով մը, պր. Զէյն կը ծանուցէ, որ իր Գիտութեանց կաճառին կառուցումը պիտի սկսի 1968 մայիսին, իրաւունք ունինք իրեն հարցնելու, թէ ինչո՞վ պիտի «կահաւորէ» գիտելեաց այդ բազմանկիւնին` 24.000 քառակուսի մեթրը: Եթէ նախարարութիւնը կը յուսայ իր անձնակազմը վերցնել այն քանի մը անբաններէն, որոնք իրենց տգիտութեան արհեստը կը կիրարկեն, աւելի լաւ է համալսարանին հողը, որ, փակագծի մէջ, 1.100.000 քառ. մեթր տեղ պիտի գրաւէ, վերածել բանջարանոցի կամ նորաշխարհանոցի:
Պատասխանը յստակ է. կառավարութիւնը իր պիւտճէին մէկ շատ լայն մասը կը յատկացնէ կրթութեան. իւրաքանչիւր «պաշըլիէ» կ՛արժէ 289.978 լ. ո.: Աւելի ի՞նչ կրնայ ընել: Ճի՛շդ այդ մսխումին մէջ է խնդիրը: Հարցը նիւթական միջոցները չե՛ն. կրթական ամբողջ քաղաքականութիւնն է, որ պէտք է վերաքննութեան ենթարկուի: Մինչ անհատական ձեռնարկ մը գործի կը լծէ իր ստանձնելիք գործին համապատասխան անձնակազմ մը, Ազգային կրթութիւնը կը ճգնի արտադրել շղթայաշար «մտաւորականներ»` առանց մտահոգուելու այն հարցով, թէ ի՛նչ ուղղութիւն պիտի տայ անոնց: Եթէ վաղուան Լիբանանը պէտք ունի մասնագէտ դարբիններու, որակաւոր ատաղձագործներու կամ ճարտար սուտէօրներու, պէտք է կազմել դարբիննե՛ր, ատաղձագործնե՛ր եւ սուտէօրնե՛ր, եւ ոչ թէ` տասնեակներով «մաթեմաթիկոսներ», որոնք պիտի երթան իբրեւ հաշուակալ չորնալ Սուք Սուրսոքի կրպակներուն մէջ:
1975-ի Լիբանանին մէջ դպրոցական տարիքի երեխաներու թիւը պիտի կրկնապատկուի: Ենթադրելով նոյնիսկ, որ կարելի ըլլայ դպրոց ճարել անոնց` նախակրթական մակարդակի վրայ, աւարտական դասարաններու մէջ խնդիրը պիտի մնայ անլոյծ: Պէտք է գիտնանք սահման մը դնել դէպի վկայական այս կոյր արշաւին եւ, վեցերորդէն առաջ, կարգ մը երեխաներու ուղղութիւն տանք դէպի թեքնիք վարժութիւն: Զուգահեռաբար, այլ աշխատանք մը պէտք է կատարուի ծնողներու աչքին վերարժեւորելու համար ձեռային աշխատանքը: Կրթական տաճարներու կերտիչները գիտցան մինչեւ երկինք բարձրանալ` անծանօթութեան մէջ մնալով: «Վեհ պայծառութեամբ շողշողուն» այդ գործերէն` անոնց քաղած հպարտութիւնը կու գար իրենց արհեստին հանդէպ ունեցած յարգանքէն: Արհեստակցական միութիւնը տուգանքի կ՛ենթարկէր բոլոր թերութիւնները, կը փառաւորէր աւարտը, խնամքը, առարկային որակը: Գրագէտը, Փեկի ըլլայ թէ Փսիքարի, պարզապէս հետեւեցաւ անոնց: Մնաց, որ ի՜նչ գեղեցկութիւն պիտի երգէր ան, եթէ արհեստաւորը ծեփիչ կամ բրիչ ձեռքին` քրտնած չըլլար յաւերժութիւնը քարին մէջ կոփելու համար:
Բայց պետական վարչութեան մէջ, որ պէտք է տայ մեկնումի ազդանշանը այս վերանորոգման, ոչ մէկ դպիր պիտի ուզէ այրել այն, ինչ որ պաշտած է. այսինքն` մագաղաթը, որ միջին դարուն համար իշու կաշի էր միայն:
ժԱՆ ՇՈՒԷՅՐԻ
«Լը ժուր»
