Ռահպանի Եղբայրներու
«Սեֆերպերլիք» Շարժանկարը
Արաբական առաջին գունաւոր եւ սինեմասքոփ շարժանկարն է «Սեֆերպերլիք»-ը, պատրաստուած` մեծագումար պիւտճէով:
Խիստ գնահատելի մտայղացումով հեղինակած են, ե՛ւ նիւթը ե՛ւ երաժշտութիւնը, լիբանանցի ծանօթ արուեստագէտներ Ռահպանի եղբայրները:
Նախ յայտնենք, որ արաբական երաժշտութեան նոր շունչ բերողը եղան Ռահպանի եղբայրները: Իրենց իսկ յայտարարութեամբ, մեծապէս ազդուած են հայկական երաժշտութենէն: Իրենց գործն է Պաալպեքի փառատօնին արաբական բաժինը: Հրապարակ հանած են բազմաթիւ երգախառն գործեր, որոնցմէ վերջինը` «Հալան եւ արքան» մեծ ժողովրդականութիւն ունեցաւ: Էրզի մէջ ներկայ եղան 45.000 հանդիսականներ:

Օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող Լիբանանի ազգային պայքարն է «Սեֆերպերլիք»-ը: Դէպքը տեղի կ՛ունենայ 1915-ին: Գրուած է անվախօրէն: Քննադատուած է օսմանեան կառավարութիւնը` իբրեւ բռնատէր ու ջարդարար:
«Սեֆերպերլիք» շարժանկարին մէջ, ընդհանրապէս, շեշտուած է թրքական զուլումն ու բարբարոսութիւնը:
Կայ նաեւ սիրոյ պատմութիւն մը: Անկասկած, այսպիսի շրջանի մը մէջ երկու սիրահարները զիրար չեն կրնար տեսնել…
Ռահպանի եղբայրները «Սեֆերպերլիք» շարժանկարով նաեւ պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը ունին` հանդէպ Լիբանանի հայ համայնքին, որ առաջին եւ գլխաւոր զոհը եղաւ օսմանեան վայրագ բռնակալութեան:

Բեմադրիչն է Հանրի ՊԵրեքեթ: Թէեւ լիբանանցի` Հանրի Պերեքեթ ընդհանրապէս գործած է Եգիպտոսի մէջ: Ծանօթ բեմադրիչ մըն է: Բեմադրած է աւելի քան 30 շարժանկար:
«Սեֆերպերլիք» շարժանկարին մէջ դեր ստանձնած են Լիբանանի գրեթէ բոլոր արուեստագէտները, որոնց շարքին նաեւ` Ֆէյրուզ:
Օսմանեան կայսրութեան Լիբանանի ներկայացուցիչի` հարիւրապետ Ռըֆաաթ պէյի դերը ստանձնած է լիբանանահայ ծանօթ դերասան Պերճ Ֆազլեան: Թուրք ներկայացուցիչը դառն է ու դաժան: Երբե՛ք ծիծաղելի: Հայ դերասանին վստահուած է այս դերը, որովհետեւ հայ մը միայն պիտի կրնար լաւագոյն կերպով մարմնաւորել թուրքին դաժանութիւնը:
Լեզուն լիբանանեան արաբերէնով է:
«Սեֆերպերլիք» շարժանկարը առաջին անգամ պիտի ներկայացուի հոկտեմբեր 15-ին, «Ռոքսի» եւ «Համրա» շարժանկարի սրահներուն մէջ:
Նոյն օրը, հոկտեմբեր 15-ին, պիտի ներկայացուի նաեւ Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Թունուզի մէջ:
Հ.
Ակնարկ
Եթէ Թուրքը Մարդ Չգտնէ…
Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ դէպքեր կը պատահին մարզական հանդէսներու, յատկապէս` ֆութպոլի մրցումներու ընթացքին, երբ գլուխները կը տաքնան արդար կամ անարդար որոշումներու պատճառով:
Բայց ինչ որ կիրակի պատահեցաւ Թուրքիոյ Գայսերի քաղաքին մէջ, երեւակայութենէ վեր է քաղաքակիրթ աշխարհին եւ թուրքը հարկ եղած չափով չճանչցողներուն համար:
Քառասունեւչորս սպանեալ եւ վեց հարիւր վիրաւոր: Ու ասիկա տպագրական սխալ չէ:
«Գայսերի սփոր»-ի մարզադաշտը թուրքի դիակներով ծածկուեցաւ: Հետեւեալ օր կողոպուտ եւ կռիւ` Սվազի փողոցներուն մէջ:
Այսպէս են այս մարդիկը:
Երբ սպաննելիք մարդ չգտնեն, զիրար կ՛ուտեն: Վարժութեան խնդիր է: Արիւնով սնած են միշտ, եւ արիւն թափելը սովորական բան մըն է իրենց համար:
Անշուշտ նման դէպքեր պիտի չպատահէին, եթէ տակաւին կարելիութիւնը ունենային նոր սեպտեմբերներ սարքելու: Ափսո՜ս, որ սպաննելու իր մոլուցքին յագուրդ տալու համար թուրքը այսօր իր ճամբուն վրայ կը հանդիպի միայն… թուրքին:
Ու այսպէս աւելի լաւ է ջարդարարներու այս ցեղին ու բոլորին համար: Ոչ ոք կրնայ առարկել: Ոչ ոք կրնայ բողոքել ընտանեկան նախճիրի մը համար:
Ու Անգարա հանգիստ կը ձգուի այս անգամ:
X