Օրուան Հարցը
Պատասխանատուն
Իսրայէլը Պիտի Ըլլայ
Խարթումի ժողովէն ետք ամէն բան փոխուած է, կամ` գրեթէ: Նախայարձակման հետքերը ջնջելու համար չափաւորականներու թելադրած քաղաքական գործունէութիւնը եղաւ յունիսի պատերազմին ամէնէն տխուր փուլերէն մէկը: Այսօր, Գահիրէի մէջ ըլլայ թէ Ամմանի, եւ նոյնի՛սկ Ռիատի, կը նկատեն, որ տագնապը, իր ամէնէն սուր փուլին մէջ, կրնայ լուծուիլ միայն պատերազմով կամ հրոսակային կռիւներով: Ասիկա հակասական երեւոյթ մը չէ, եւ շատ դիւրին է ապացուցել, թէ ինչո՛ւ այդպէս չէ:
Այնքան ատեն որ արաբները տրամադիր էին բանակցելու` միջնորդ տէրութիւններու խողովակով, տեսնուեցաւ, որ ոչինչ պիտի կրնայ գոհացնել իսրայէլացիներու անյագ ախորժակները: Առաջարկութիւնը այլեւս բանակցութիւն չէր, այլ` առանց պայմանի անձնատուութիւն: Օր մը Երուսաղէմն է, որ պիտի վարձատրէր թշնամին` իր զինուորական յաղթանակին համար, ուրիշ օր մը` Սուէզի վրայ նաւարկութիւնը, հետեւեալ օր` Կոլանի բարձունքները եւ Պանիասի ակերը… Իրերու այդ ընթացքով Իսրայէլ կը հաստատուէր իր նոր սահմաններուն մէջ` նոյն ատեն արաբներուն պարտադրելով միակողմանի խաղաղութիւն մը, ու այս` առանց հրաժարելու իր միւս յաւակնութիւններէն, յատկապէս` Լիթանիի ուղղութեամբ: Էշքոլ, որ իսրայէլացի բոլոր ղեկավարներուն իր յետին մտածումները լաւագոյն ծածկողն է, իր բանաւոր մագլցումին մէջ այնքան առաջ գնաց, որ մինչեւ իսկ լիբանանցիներուն «խոստացաւ» իրենց հետ բաժնել այն 500.000 խորանարդ մեթր ջուրը, որ ներկայիս ծով կը թափի… Այս պայմաններուն մէջ Խարթումի ոգին վերջնականապէս վտանգուած էր, եւ արաբներուն ուրիշ ընտրութիւն չէր մնար, եթէ ոչ` զինեալ պայքարը, եթէ չէին ուզեր ամէն բան կորսնցնել, նոյնիսկ` պատիւը:
Այս դիրքին մէջ ծայրայեղական ոչինչ կայ սակայն, այնքան ատեն որ պիտի յանգի յունիսի պատերազմին պատուաւոր մէկ կարգադրութեան: Ինչ որ Խարթումի ժողովականները չկրցան ձեռք բերել ո՛չ ՄԱԿ-ի մէջ առած իրենց քայլերով, ո՛չ ալ Հիւսէյն թագաւորին Մոսկուա այցելութեամբ, արաբական բանակները եւ պաղեստինցի ֆետայիները պիտի փորձեն զինու զօրութեամբ խլել: Գահիրէէն հասած վերջին լուրերը ենթադրել կու տան կարծրացում մը` գործողութեանց գետնին վրայ: Ջրանցքին ճակատային գօտին մեծապէս զօրացուած է` շնորհիւ ալճերիական միաւորներու եւ խորհրդային զէնքերու կարեւոր օժանդակութեան, յատկապէս` հակաօդային հրետանիի մարտկոցներ, որոնք այսուհետեւ նուազ խոցելի պիտի դարձնեն ԱՄՀ-ի օդային տարածութիւնը: Մնաց որ, կրնայ պատահիլ նաեւ, որ եգիպտական բանակը եւ օդուժը, իսրայէլեան նոր նախայարձակումներու պարագային, յարձակողական դիրքի մէջ դրուին: Այս վերջին հաւանականութիւնը նպատակայարմար է մանաւանդ անոր համար, որ պիտի ամրացնէ վարչակարգին ներքին հիմերը եւ պիտի բարձրացնէ ժողովուրդին բարոյական կորովը, որ շատ իջած է յունիսի պարտութենէն ասդին: Նո՛յն հոլովոյթը` նաեւ յորդանանեան դիրքերուն վրայ, ուր տեղեկատուութեան նախարար Ապու Զէյտի շատ սպասողական յայտարարութիւններէն շաբաթ մը ետք, որով ան կ՛ընդդիմանար Այսրյորդանանի մէջ մղուող գաղտնի պայքարին, Միացեալ ազգերու մէջ Ամմանի պատուիրակը Ընդհանուր ժողովը զգուշացուց պատերազմի վերսկսման դէմ, որ արձանագրուած կը թուի դէպքերու բնականոն ընթացքին մէջ: Գալով Սուրիոյ` ան միշտ յեղափոխական պատերազմ թելադրած է, եւ` այն իրողութիւնը, որ Դամասկոս կրնայ գրաւուիլ զօրավար Տայանի բանակներուն կողմէ, երբեք չի մտահոգեր Պաասը, որ ամէն բանէ աւելի յոյսը դրած է թշնամի ուժերուն ցրւումին վրայ:
Լիբանան կրնա՞յ յարմարիլ այս նոր կացութեան` առանց անոր զոհը ըլլալու: Որոշ է, թէ շրջանին մէջ տիրող անապահովութեան այս վիճակը, անմիջականօրէն, ծանր վնասներ կը պատճառէ լիբանանեան տնտեսութեան: Բայց այդ տնտեսութիւնը վերջին հաշուով կրնայ օգտուիլ, այնքան ատեն որ արաբական փոխադարձութեան նպատակն է, առաջին առթիւ, կասեցնել իսրայէլեան ծաւալողապաշտութիւնը եւ եբրայական պետութիւնը վերադարձնել յունիս 5-էն առաջ գոյութիւն ունեցող սահմաններուն: Եթէ հարկ ըլլայ կանգ առնել այս պայքարին ամէնէն գձուձ երեսներուն վրայ եւ ատով իսկ զանց առնել հայրենասիրութեան կամ պատիւի ամէն ըմբռնում, իբրեւ օրինակ, կարելի է ընդգծել այն բոլոր վնասները, որ կրեցին Պէյրութի շուկան եւ զբօսաշրջութիւնը` գրաւումովը Այսրյորդանանին, որուն բնակչութեան մէկ մասը կը ներկայացնէ ընտիր յաճախորդութիւն մը, իսկ պատմական քաղաքները` անգնահատելի շահեկանութիւն մը: Ու ապա, պէտք չէ մոռնալ, մանաւանդ, որ վտանգը, միա՛կը, որ կրնայ սպառնալ Լիբանանի, մերձարեւելեան տնտեսութեան մէջ մտած Իսրայէլն է, այնպէս` ինչպէս առաջարկեց Ապպա Էպան Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոպայի խորհուրդին առջեւ:
ԷՏՈՒԱՐ ՍԱԱՊ
«Լը Ժուր»
Թապարժա-Թրիփոլի Օթոսթրատին
Շինութիւնը Պիտի Սկսի 1968-ին
Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ֆուատ Պըզրի երէկ նախագահեց Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդի ժողովին, որ յատկացուած էր հիւսիսի օթոսթրատին` Թապարժա-Թրիփոլի հատուածին շինութեան:
Ժողովին կը մասնակցէին նաեւ ներկայացուցիչները ֆրանսական պատուիրակութեան, որ ստանձնած է այս ճամբուն շինութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները:
Իմացանք, որ շինութեան աշխատանքները պիտի սկսին 1968-ին եւ պիտի տեւեն 30 ամիս:
Ճամբուն վրայ ինքնաշարժներու ժամական արագութիւնը պիտի ըլլայ 100 քմ: Ճամբան պիտի ըլլայ երկկողմանի: Իւրաքանչիւր կողմի լայնքը` 7 մեթր: Հետագային կրնայ շինուիլ նաեւ երրորդ ուղի մը: Ճամբան պիտի ունենայ 30-ի մօտ կամուրջներ եւ 350 մեթր երկարութեամբ փապուղի մը: Վարորդները անցքի տուրք մը պիտի վճարեն այս ճամբան գործածելու համար: Գումար մը, որ շատ աւելի նուազ պիտի ըլլայ, քան` վառելանիւթէն շահած իրենց գումարը:
