Նժարէ Նժար
«Հաւատարիմ Կը Մնամ»…
Սօսեաց Տղան ստորագրող յօդուածագիր մը «Յուսաբեր»-ի մէջ «Խղճի պարտք» խորագրով եւ Շուշանեանին վերաբերող յօդուած մը հրատարակութեան տուաւ այս գարնան, ուր կը պատմէր տարաբախտ գրագէտին փոթորկոտ կեանքը, անոր հետ ունեցած իր մտերիմ կապերը, եւ անդրադառնալէ ետք Հայաստանի մէջ գրագէտին գործերը հրատարակելու նոր եւ լա՛ւ երեւոյթին, կ՛ընդգծէր, որ` «Ինծի զարմանք եւ նաեւ ծիծաղ կը պատճառէ, երբ Շուշանեանին կը կցեն հակադաշնակցականը»:
Կարդալով վերոյիշեալ յօդուածը եւ մտածելով, որ Շուշանեանը «սեփականացնելու ջանքեր կը թափուին», փարիզաբնակ կին մը, «Նայիրի» շաբաթաթերթի 10 սեպտեմբերի թիւին մէջ յօդուած մը ստորագրած է եւ կը ճգնի ճշդումներ ընել, «այն, ինչ որ կը վերաբերի իրեն, քաղաքական մարզին մէջ»: Ու` «Կը քաղեմ իրմէ քանի մը տողեր: «Անկարելի օրագիր», գրուած` 10 յունուար 1930»:
Ու կը քաղէ: Ու կ՛աւելցնէ.
«Շուշանեանի այս տողերը կը յիշեմ այն օրէն ի վեր, որ կարդացի «Յուսաբեր»-ի մէջ «փետր. 28-մարտ 1) գրութիւն մը, ուր «Սօսեաց Տղան» իբրեւ` «Խղճի պարտք»` ամէն ջանք կը թափէ համոզելու, որ Շուշանեան ցմահ մնացած էր դաշնակցական»:
Շուշանեանը դաշնակցական համարող պնդումին դէմ մենք կը խորհինք, որ ճիշդ չէ «10 յունուար 1930-ին գրուած գրութիւն մը հանել: 10 յունուար 1930-ին տակաւին շարքային դաշնակցական էր Շուշանեան ու դաշնակցական Շուշանեանին գրութիւնը դաշնակցութեան դէմ հանել` պիտի նշանակէր առնուազն վիրաւորել անոր յիշատակը: Շուշանեան անպարկեշտ մէկը չէր ու վատարիի համբաւ չունէր: Կրնար դուրս գալ եւ ըսել իր ըսելիքը, ներս մնացած օրերուն մղած պայքարը Դաշնակցութեան դէմ չէր, որոշ անձերու դէմ էր եւ իր համոզումով, յանուն Դաշնակցութեան էր կրկին, ու երբ զգաց, որ աղտոտ ձեռքեր կան շուրջը, Դաշնակցութիւնը հարուածելու ձգտող մանր հոգիներ կան, շուտով հեռացաւ շարժումէն, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը իր գաղափարական տարերքով, վաստակով, ծառայութեան համար ընձեռած լայն հնարաւորութիւններով սրբութիւն էր իրեն համար, թափ էր, ցեղին արու արտայայտութիւններէն մէկն ու ամէն բանէ վերը:
Յեղյեղուկ չէր Շուշանեանի խառնուածքը, ստոր վերապահութիւններով չէր սնուցաներ իր հոգին, թուղթին վրայ վատութիւններ չէր կրնար կուտակել անիկա, հետեւողական էր ինքն իրեն, մա՛րդ էր հպարտ` իր կուսակցական պատկանելիութեամբ, ու ատիկա տեսան մեր ընթերցողները դեռ անցեալ շաբաթ, «10 յունուար 1930-էն» ուղիղ երկու տարի ետք գրուած Դաշնակցութեան մշակութային դերը սահմանող իր «Փորձ»-ին մէջ, հին ու միջին սերունդը կը յիշէ հաւանաբար անկէ ետքն ալ, մարտկոցական շարժումի ամենաբուռն շրջանը, երբ նոյն Շուշանեանը անհուն ազնուութեամբ ու ջերմութեամբ ու տաղանդո՛վ կը քնարերգէր դաշնակցական տղոց «աչքերուն առողջ բոցը», անոր մէջ կը զգար «առաւելագոյն հայրենիքը»:
Պայքարը անխուսափելի է կեանքին մէջ, բնական երեւոյթ մըն է բոլոր կուսակցութիւններու մէջ ու պայքարի ընթացքին մէկը պիտի պարտուի հարկաւ, բայց պարտութիւնը ընտիրներուն ու մաքուրներուն, ազնուարիւն անձերու գաղափարական համոզումներուն վրայ չ՛անդրադառնար, ընտիրներն ու մաքուրները կը շարունակեն իրենց ուխտին հաւատարիմ մնալ, խոնարհիլ նոյն դրօշակին, ինչպէս եղաւ Շուշանեանի պարագան, ամբողջ տասը տարի, մինչեւ իր դժբախտ վախճանը:
Չենք ուզեր աւելի ծաւալիլ ու զբաղիլ յօդուածագիր կնոջ անտեղեակութեան հետեւանք հարցումներով ու թոթովանքներով: Այս ուղղութեամբ առանձին կշիռ մը չունին նաեւ այլոց կարծիքները ու մանաւանդ Շուշանեանի քաղաքական դիմագիծը այլանդակելու միտող Հայաստանի յօդուածագիրներուն ձաբռտուքները:
Մնաց որ, կայ ինքը` Շուշանեանը, ու կայ ո՛չ թէ 1930-ին, ո՛չ թէ 1932-ին, այլ մահէն ընդամէնը մէկ տարի առաջ, 1939-ին: Այդ թուակիր իր մէկ օրագրութեան մէջ շարքային հաւատարմութեամբ արձանագրեց իր ապրումը, որ տպուեցաւ այդ հաւատարմութիւնը հերքելու ձգտող յօդուածը հիւրընկալող նոյն «Նայիրի»-ին մէջ, 1956 յունուարին:
«Խորապէս հաւատացած եմ, թէ գրի առնելով այս տողերը` հաւատարիմ կը մնամ ընկերվարութեան այն ըմբռնումին, որ ջանացած եմ բանաձեւել բազմաթիւ յօդուածներու մէջ: Ու ՀՅ Դաշնակցութեան, որուն մէկ զինուորը կը մնամ, գրպանս անդամատետր ըլլայ կամ ոչ»:
«Ու ՀՅ Դաշնակցութեան»:
Ի հարկէ՛:
Իրաւ ու իր անձէն վեր բաներու հաշուոյն անշահախնդրօրէն բաբախող սիրտ մը կը կրէր Շուշանեան, ու կեանքի վերիվայրումները, մարդոցմէ կրած իր պարտութիւնները չէին կրնար հմայաթափ ընել իր մէջ մարդերէն վեր դասածը, չէին կրնար տկարացնել «առաւելագոյն հայրենիք»-ին ծառայելու իր ուխտը ու չկրցա՛ն:
XX