Սկսաւ Շինութիւնը
Հայ Նահատակաց Յուշարձանին
Լոս Անճելըսի մօտակայ Մոնթեպելլօ քաղաքի Պիքնել հանրային պարտէզին մէջ կառուցուելիք Հայ նահատակաց յուշարձանի շինութեան աշխատանքները սկսան երեքշաբթի, սեպտեմբեր 12-ին, կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեան:
Հայկական յուշարձանի յանձնախումբի շինութեան գործի հրաւէրին պատասխանած էին 8 ընկերութիւններ` ներկայացնելով իրենց ծրագիրներն ու շինութեան համար նախատեսած ծախսերը: Նուազագոյն առաջարկը ներկայացուցած էր «Պետրոսեան-Զաքարեան ընկերութիւն»-ը, 76.311. իսկ ամէնէն բարձր գնահատումն էր 106.850: Պայմանագրութիւնը կնքուեցաւ «Պետրոսեան-Զաքարեան ընկերութիւն»-ի հետ, որ սեպտեմբեր 12-ին սկսաւ շինութեան:
Քանի մը ամիսէն պիտի աւարտի շուրջ 70 ոտք բարձրութիւն ունեցող կամարակապ այս գեղակերտ կոթողը` ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ, որ տեսանելի պիտի ըլլայ օրական հազարաւոր ինքնաշարժներով ճամբորդողներուն` Փոմոնա շտապուղիէն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Լոս Անճելըս, 16 սեպտ. 1967
Երիտասարդներ…
«Պապա» Հիւկօ իր գործերուն մէջ տեղ մը կը հարցնէ. «Ի՞նչ է երիտասարդութիւնը»: Եւ ինք իսկ կը պատասխանէ իր հարցին. «Երիտասարդութի՞ւնը, վաղը կոչեցէք զայն»:
Վաղը մէկ օրուան հեռաւորութիւն չէ, ոչ ալ մէկ տարուան, թերեւս ոչ իսկ` մէկ դարու:
«Պապա» Հիւկոյի վաղը մեր գիտցած ապագան է, այսինքն` անստոյգը, երկբայելին, ենթադրելին:
Վաղը, այսինքն` ապագան ու անստոյգը, ճշդիւ այն պատկերն ու նկարագիրը պիտի ունենա՞յ, ինչ պատկեր ու նկարագիր որ ունի այսօրը` այսօրուան սերունդը, այսօրուան կեանքը, այսօրուան ազգը:
Մենք բարեկամ ենք, ջատագովն ու մեծարողն ենք երիտասարդութեան, որ տարիք չէ, բովանդակութիւն է: Կրնանք բարեկամ չըլլալ երիտասարդներուն, որոնք տարիք են, սակայն բովանդակութիւն չեն անհրաժեշտօրէն:
Մենք երիտասարդութեան հետ ենք միշտ, եթէ երիտասարդներուն հետ չենք յաճախ: Կը դաւանինք, որ առաջինը պարունակողն է, վերջինները պարունակեալն են:
Բայց ո՞ւր, ի՞նչ բանի մէջ պէտք է փնտռենք խանդավառութեան, հիացումի, հաւատքի ակունքը, պասքեթպոլի կողովին մէ՞ջ, Հոլիվուտի դերասանուհիներու առօրեայի՞ն, լուսնի լոյսով պտոյտներո՞ւն, սինեմայի սրահներո՞ւն, քովնտի փողոցներո՞ւն, թէ՞ դարավերջիկ պիթնիքներու ծայրայեղութիւններուն մէջ: Ո՞ւր վերջապէս:
Անկասկած լայն հորիզոն ունեցող ուղեւորներ են երիտասարդները, ո՛չ անպատճառ` մերինները. ուրիշներո՛ւնն ալ: Երէցներուն հորիզոնը նեղ էր եւ նեղ է. ասիկա կերպով մը իրենց առաքինութիւնն է, եթէ առաքելութիւնը չէ:
Հինե՜րը… բայց հիներն էին, որ հայրենիք ստեղծեցին, երբ անօթի էին. բոկոտն էին, անօթեւան էին ու անվերարկու: Ուրիշներ ստեղծեցին նոր դարաշրջանի հայ մշակոյթը: Այո՛, ստեղծեցին եւ ոչ թէ պատրաստ գտան:
Ու երբ կը մտածենք գացողներուն վրայ` Աղբալեան, Շանթ, Ադոնց, այս երեքը միայն յիշելու համար, կը սկսինք փնտռել ոչ թէ անոնց նմանակը, այլ` շուքը: Միա՛յն շուքը: Ու կը ցաւինք, որ հնարը չունինք գէթ այդ շուքը բռնելու մեր հասողութեան տակ: Նոր Աղբալեան մը չունեցանք, նոր Շանթ մը չունեցանք, նոր Ադոնց մը չունեցանք: Գացողները գացին` առանց ժառանգ ձգելու:
Մեծ բաներ կը խօսինք, պզտիկ բաներ կ՛ընենք:
Դառնութի՞ւնն է, որ այս բառերը գրել տուաւ մեզի, դժգոհութի՞ւնը, գերազանցին բացակայութի՞ւնը, խօսքին գերակշռութի՞ւնը գործին վրայ, հիները ուրանալու մեծամտութի՞ւնը: Թերեւս ասոնցմէ մէ՞կը միայն, թերեւս բոլո՞րը միասին:
Պիտի չպատասխանենք այս հարցումներուն, գոնէ այսօր, գոնէ` առ այժմ:
Բայց պիտի կրկնենք այն, ինչ որ ըսինք մեր խօսքին սկիզբը ու մէջտեղերը. մենք անկեղծ, անխարդախ ու անսակարկ բարեկամներն ենք երիտասարդութեան, բայց չենք սիրեր երիտասարդներու ծեքծեքանքը, անբաւ յաւակնութիւնները, ուրացումները, բութ հեգնանքը, անպարտելի ինքնահաւանութիւնը: անվէմ ու անխարիսխ մեծամոլութիւնը:
Ալեւոր գրագէտը յաճախ կ՛ըսէր մեզի. «Դժգոհ եղէք, բայց ո՛չ ուրիշներէն, այլ` դուք ձեզմէ»:
Կը հաւատանք, որ այս ձեւով ըմբռնուած դժգոհութեան մէջ է յառաջդիմութիւնը:
«Յուսաբեր»