Երիտասարդներ Պէտք Է
Օգտուին Իրենց Տարիքէն
Երիտասարդական տարիքը, մանկութենէ եւ պատանութենէ ետք, այն շրջանն է, որ մարդուն ամէն պատեհութիւն կ՛ընծայէ` իր ուժերը պահանջուած չափով օգտագործելու: Կենսունակ ու թարմ` այդ տարիքին մէջ միտքը ընդունակ է իւրացնելու մեծերու համար յոգնեցուցիչ համարուած որոշ գիտելիքներ:
Յիշողութիւնը, որուն շնորհիւ լեզուական, պատմական, աշխարհագրական նիւթեր կարելի է դիւրութեամբ իւրացնել, որոշ տարիքէ մը ետք ծիւրումի նշաներ ցոյց կու տայ: Ուստի փոքրիկ տարիքի կամ երիտասարդութեան շրջանին աւելի հեշտ է սորվիլ անոնք, քան` հասունութեան շրջանին:
Բնութեան անյեղլի օրէնքներու համաձայն, երիտասարդ շրջանի մէջ կենդանական եւ բուսական կեանքը կը յորդի ուժականութեամբ:
Իր բաշերուն շքեղութեամբ մարդոց հիացմունքին առարկայ երիտասարդ առիւծ մը ծերութեան շրջանին արգահատանքը միայն կը շարժէ դիտողներուն: Մարդը բացառութիւն չի կրնար կազմել բնութեան այս պողպատեայ օրէնքէն:
Որոշ տարիքէ մը ետք մարդ արարածը պիտի դադրի երիտասարդութեան օրերու աշխուժէն: Եթէ հոգին շարունակէ կառչած մնալ գաղափարական եւ տեսլական գեղեցկութիւններու, մարմինը, իր արիւնով ու մկաններով, պիտի գալարի տարիներու ծանր պրկումներով:
Նորութիւն չեն այս բոլոր ըսուածները, զորս կ՛անգիտանան սակայն շատ մը երիտասարդներ: Անոնք կը կարծեն, որ հասունութեան տարիներու մէջ եւս կրնան սորվիլ այն, ինչ որ այսօր չեն փութար սորվելու` ժամանակ չկայ առարկելով: Մինչդեռ հիմա, երիտասարդ իրենց տարիքին միայն տէր են անոնք, իրենց ուժերուն ու ժամանակին:
Քսանէն մինչեւ քառասուն` երիտասարդներ նոր լեզու մը եթէ պիտի կրնային դիւրութեամբ սորվիլ, աւելի ետք, երբ մանաւանդ ծանրաբեռնուած են ընտանեկան մտահոգութիւններով, կամ լծուած են հանրային որոշ պարտականութիւններու, կրկին եւ աւելի տարիներու մէջ, պիտի դժուարանային սորվիլ այդ լեզուն կամ այլ մասնագիտութիւն մը:
Անշուշտ ցանկալի է, որ ամէն տարիքի մէջ ալ մարդիկ աշխատին ամէն օր նորութիւն մը իւրացնել: Յառաջդիմութեան համար պայման է ասիկա: Բայց հոգեֆիզիքական երեւոյթները սերտօրէն առնչուած են ապրող մարդերու տարիքին ու կազմին հետ:
Ինչ որ ունի այսօր երիտասարդութիւնը` գանձերու գանձ եւ անփոխարինելի հարստութիւն ու շնորհ, վաղը պիտի խուսափի իր ձեռքէն:
Եթէ սակայն ունենայ կամք եւ հեռատեսութիւն, հակակշռէ իր ուժերն ու առողջութիւնը եւ դնէ իմաստ մը իր ապրումներուն մէջ, կրնայ բարձունքներ կտրել: Կրնայ ձեռք բերել բարոյական, մտաւոր եւ նիւթական գանձեր, որոնք կարեւոր են ապագայ իր կեանքին համար:
Խօսելով մեր մասին` կ՛ըսենք. օգտագործել երիտասարդական տարիները` ազգային գաղափարական նպատակներու համար, պէտք է ըլլայ գերազանց պարտականութիւնը գիտակից ամէն հայ երիտասարդի:
«Արմենիա»
Էջ Մը Լեգէոնականի Յուշերէս
ՀՅԴ Խմբական Ժողով Մը`
Արարայի Ճակատի Խրամներուն Մէջ
1918-1920 մեր ազգային պատմութեան պանծալի թուականը եղաւ: Այդ երկուքուկէս տարուան ընթացքին էր, որ Կովկասի մէջ կազմուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իսկ Ատանայի մէջ` առժամեայ հայկական կառավարութիւն մը:
Այդ նոյն շրջանին կամաւորական շարժում մը սկսած էր թէ՛ երկրին եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ: Հազարաւոր հայրենասէր երիտասարդներ իրենց թանկագին կեանքերը զոհելու համար կը վազէին պատերազմի դաշտ:
Յիշողութեանս մէջ թարմ է այն միջադէպը, որ տեղի ունեցաւ Կիպրոսի մէջ նաքխան լեգէոնին ճակատ մեկնիլը: Օր մը ֆրանսացի սպան հաւաքեց իր գումարտակը եւ սկսաւ խօսիլ պատերազմական օրէնքներու մասին: Ի միջի այլոց ըսաւ.
«Երբ թշնամին անձնատուր ըլլայ, պէտք է ազնւութեամբ վարուիլ անոր հետ, մինչեւ իսկ խնամել եւ կերակրել պէտք է զայն»:
Տակաւին սպային խօսքը չվերջացած` բոլոր ներկաները միաբերան գոռացին.
«Այդ օրէնքը մեր թշնամիին համար չէ. մենք գերի չենք ուզեր, ոչ ալ գերի կ՛իյնանք, որովհետեւ գիտենք, որ մեր թշնամին մեզ ամենեւին ողջ չի ձգեր»:
Գոռում գոչումը այն աստիճան սաստկացաւ, որ սպան խօսքը կէս ձգեց եւ հեռացաւ քթին տակէն մրմռալով` «Գիտէի ասանկ ըլլալը»:
Մեր միլիոնաւոր նահատակներու վրէժի հուրն էր, որ կը ժայթքէր կամաւորներու բերնէն:
Ուրիշ միջադէպ մը:
Ուրֆացի լեգէոնական մըն էր ինծի ներկայացողը: Անունը չեմ յիշեր: Կարճահասակ, դեղինի վրայ, կրակոտ աչքերով երիտասարդ, քիչ մըն ալ` պարզամիտ երեւոյթով:
Պաղեստինի ճակատին վրայ ընդհանուր յարձակումի թուականը դեռ անորոշ էր, բայց յայտնի էր, որ մօտեցած էր վճռական ժամը, երբ Հայկական լեգէոնը պիտի չափուէր իր դարաւոր ոսոխին հետ` ցոյց տալու համար Փիեռ Լոթիներուն, թէ հայը նապաստակ չէ եւ իր արեան գինով կրնայ պաշտպանել հայրենիքը եւ իր ազգակիցներուն պատիւը:
Ուրֆացի լեգէոնականը ինծի մօտենալով` ըսաւ.
– Ընկե՛ր, կը փափաքինք, որ մեր ժողովին ներկայ ըլլաք. մենք` ինը դաշնակցականներ, խումբ կազմած ենք եւ յաճախ իրարու հետ հանդիպումներ եւ զրոյցներ կ՛ունենանք:
Ժողովը տեղի պիտի ունենար շաբաթ գիշեր, խրամներուն մէջ:
Մեր Ա. ջոկատը տասնհինգ օրէ ի վեր պահեստի կեցած էր թիկունքը, այժմ հերթը մեզի եկած էր խրամներու մէջ մտնելու: Յաջորդ օրը ալճերիացի զինուորները փոխարինելով` մեր դիրքերը գրաւեցինք եւ տեղաւորուեցանք խրամներու մէջ: Մեր աջ թեւը հնդիկներ, իսկ ձախ թեւը անգլիացիներ կային:
Գիշեր էր, լռութիւն` բոլոր ճակատներուն վրայ: Միջերկրականէն մինչեւ Մեռեալ ծով` այդ ընդարձակ տարածութեան վրայ տեղաւորուած հարիւր հազարաւոր զինուորներէն ոչ մէկ ձայն ու շշուկ կը լսուէր: Երբեմն զէնքի կամ ռումբի պատահական ձայն մը կու գար հեռուէն, կարծես թշնամին մեզի հասկցնել կ՛ուզէր, որ ներկայ էր ճակատին վրայ:
Որոշուած օրը տղաքը անկիւն մը հաւաքուած` զիս կը սպասէին: Ժողովը սկսաւ տասը լեգէոնականներու ներկայութեամբ: Առաջին խօսք առնողը եղաւ սուէտացի տասնապետ մը, որ զեկուցում տուաւ Կիպրոսի մէջ մէկ տարուան ընթացքին իրենց ունեցած գործունէութեան շուրջ: Յայտնի եղաւ, որ Հայկ. լեգէոնին մէջ բազմաթիւ դաշնակցականներ կային, բայց կազմակերպութիւնը տկար էր. Ա. ջոկատին մէջ մէկ, Բ. ջոկատին մէջ երեք, իսկ Գ. ջոկատին մէջ երկու խումբեր կային, որոնք մեկուսի, անկախ աշխատանքներ կը տանէին: Շատեր պէտք չէին տեսած կազմակերպութեան մէջ մտնելու, նկատելով, որ արդէն բոլոր կամաւորներուն նպատակը մէկ էր, այսինքն` վրէժ լուծել թշնամիէն եւ մեզի խոստացուած Կիլիկիոյ կառավարութեան բանակին կորիզը կազմել: Թեր ու դէմ վիճաբանութիւններէ եւ կարծիքներու փոխանակութենէ ետք ժողովը համաձայն գտնուեցաւ խումբին աշխատանքի ձեւին եւ որոշեց ուժ չտալ կազմակերպութեան զօրացումին, որպէսզի կուսակցական պայքարներով պառակտում չստեղծուի լեգէոնին մէջ:
Երկրորդ խօսք առնողը մեր բարեմիտ ուրֆացին էր, որ խօսքը ինծի ուղղելով` ըսաւ. «Ընկե՛ր, եթէ մենք հոս սպաննուինք, դրա՞խտ կ՛երթանք, թէ՞ դժոխք»: Ես պատասխանեցի, որ բոլոր նահատակները, որոնք իրենց ազգին եւ հայրենիքին համար կը զոհուին, սուրբեր են, որով անկասկած ուղղակի դրախտ կ՛երթան: Ուրֆացի կամաւորը, իբրեւ գոհունակութեան արտայայտութիւն, քթին տակէն խնդաց ու խօսքը պիտի շարունակէր, երբ յանկարծ թրքական ճակատէն ռումբ մը սուրալով եկաւ եւ պայթեցաւ մեր հաւաքավայրին մօտ` մեր վրայ տեղացնելով հողի եւ քարի կտորներ:
Երբ փոշիներուն մէջէն հազիւ զիրար տեսնել սկսանք, մեր բոլորին ալ առաջին հարցումը եղաւ` վիրաւոր կա՞յ: Բարեբախտաբար ոչ մէկ կորուստ ունէինք, որովհետեւ ռումբը շատ մօտ, բայց խրամէն դուրս պայթած էր: Այս դէպքը թէեւ քիչ մը մեզ անհանգիստ ըրաւ եւ խանգարեց մեր ժողովը, բայց նաեւ մեր մէջ բազմապատկեց վրէժի զգացումը դէպի թշնամին, եւ մենք հոն ուխտեցինք ըլլալ անխնայ:
ՍՏԵՓԱՆ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Պէյրութ
