Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1967)

Սեպտեմբեր 16, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Հերոսական Սուէտիան

Ժամանակակից մեր պատմութիւնը սուգ ու աւեր միայն կտակած պիտի ըլլար յետնորդ սերունդներուն, եթէ նաեւ սրբազան ըմբոստութեանց, հերոսամարտերու եւ ազատութեան խոյանքներու շղթայով մը փառք ու պատիւ փոխանցած չըլլար ապրողներուն:

Թուրքիոյ բոլոր ծագերուն վրայ արիւնազանգ նախճիր մը կը հիւսուէր եւ հայկական բազմութիւններ մինչեւ Տէր Զօր եւ Եփրատ կը քշուէին մահուան ճամբաներէն, երբ բուռ մը հայեր, ըմբոստութեան դրօշ պարզելով դահիճին դէմ, իրենց արժանապատուութեամբ ապրելու վճռակամութիւնը կ՛աղաղակէին թուրքին դէմ եւ` քաղաքակիրթ աշխարհին:

Մուսա Լեռ, Ուրֆա, Հաճըն, Այնթապ, Շապին Գարահիսար եւ Սասուն, ինչպէս նաեւ` մեծ ու փոքր խոյանքները մեր ժողովուրդին, անթեղուած ոգիի մը հրդեհումը կը յատկանշեն եւ կը մնան սրբազան  կոթողումներ` ազատութեան ճանապարհին վրայ:

Անկախաբար այդ հերոսամարտերու արդիւնքէն` զանոնք պատմական դրուագներու վերածող ոգեկան բովանդակութիւնն է, որ կը շահագրգռէ մեզ: Առանց Մուսա Լերան ապստամբութեան եւ միւս խիզախումներուն` պարտաւոր պիտի ըլլայինք եզրակացնելու այսօր, թէ հայ ժողովուրդը, հակառակ ԺԹ. դարու եւ յաջորդող շրջաններու ընդհանրականօրէն յեղափոխաշունչ եւ ազատագրական ձգտումներուն, անհաղորդ մնացած էր ժամանակի պահանջներուն` ստրկամտօրէն եւ նահանջականօրէն ենթարկուելով բռնի եւ բիրտ ուժերու տիրապետութեան:

Եւ ի՞նչ կայ աւելի ողբալի, աւելի տրտում եւ ցաւագին, քան` նոր սերունդներուն փոխանցել մի՛-միայն նահատակներ ու զոհեր, միայն աւեր եւ անփառունակ պարտութիւն:

Այսօր, պատմական հերոսամարտերէ յիսուն տարի ետք, աւելի քան յստակ է հայոց պատմութեան համար, որ չէր կրնար բացուիլ Հայաստանի անկախութեան ճանապարհը, եթէ հիւսիսային, հարաւային թէ արեւելեան նահանգներուն մէջ հերոսական մարտնչումներու եւ ճակատագրական գոյամարտերու յանձնառու եղած չըլլար մեր ժողովուրդը, եւ յեղափոխական ոգին ընդմիշտ ցամքած ըլլար մեր սերունդներու հոգիին մէջ:

Սուէտիոյ արծուաբոյնը դէպի Ազատութեան հորիզոն բացուող ճանապարհի առաջին հանգրուաններէն մէկն է, որուն վրայ բարձրացաւ Հայաստանի արժանապատուութեան դրօշը:

Տարերային թափով մը պոռթկուն այդ խիզախումը, ինչպէս մեր բոլոր հերոսամարտերն ու գոյամարտերը տրամաբանական եւ դատողական հաշիւներու չեն տոկար անշուշտ:

Եթէ գոյամարտերը… թուաբանական եւ տրամաբանական հաշիւներով մղուէին, գորշ եւ սեւ էջերու ամբողջութիւն մը միայն պիտի ըլլար հայոց պատմութիւնը:

Սուէտիան կամուրջ մըն է մեր անցեալին, մեր դարաւոր ըմբռնումներուն եւ մեր ապագային միջեւ: Անկիւնադարձ մը` հերոսական ոգորումներէ ետք ստեղծուած ստրկութեան դարերու եւ ԺԹ. դարէն ետք վերարծարծ յեղափոխաշունչ, ազատագրապաշտ խոյանքներու շրջանի մը միջեւ:

Այսօր, երբ հանդիսաւորապէս կը տօնենք տարեդարձը այդ սրբազան ըմբոստութեան, կ՛ուզենք, որ ամէն երիտասարդ ու պատանի իրեն համար ներշնչումի աղբիւր մը փնտռէ փառապանծ այդ դրուագին մէջ:

Ծանօթ է Վերֆելի գործը, ծանօթ են մանաւանդ այն տիպարները, որոնք, ժողովրդային զանազան խաւերու եւ դասերու ընդմէջէն, կ՛արտայայտեն հայութեան գաղափարապաշտութիւնը, ազատատենչ ոգին, ժողովրդավար ըմբռնումները եւ մանաւանդ ազգային արժանապատուութիւնը:

Տատասկներու եւ փուշերու մէջ կորսուած, հարթ եւ անշունչ հողաթումբեր չեն Սուէտիոյ ապստամբութեան նահատակներուն գերեզմանները: Մեռնողներուն բո՛ւն տեղը մեր պատմութեան, հոգիին եւ առօրեայ ապրումներուն մէջ է իբրեւ մշտական պատգամ` դէպի նոր կեանք եւ ազատութիւն:

 

«Մուսա Տաղի Քառասուն Օրերը»
Ֆրանց Վերֆել

Մեծ եւ փոքր ուժերուն դէմ փոքր ժողովուրդներուն ընծայուած մեծ մխիթարութիւն մը եղաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպը եւ ճակատագրական վայրկեաններու ազդու դեր մը կատարեց հոգիները ամրացնելու արարքին մէջ:

Ֆ. Վերֆելի այս գործը թարգմանուեցաւ բազմաթիւ լեզուներու եւ աշխարհի ամէնէն շատ կարդացուած գիրքերէն մէկը կը  համարուի այսօր:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ անիկա արժանացաւ քանի մը հրատարակութիւններու, վերջին անգամ 1962-ին լոյս տեսաւ Նիւ Եորքի մէջ: Վերի նկարը վերջին հրատարակութեան լուսանկարչական պատճէնն է:

Վերոյիշեալ հրատարակութեան մէջ տեղ տրուած է Ուիլիըմ Սարոյեանի կածիքին, որ իր շահեկանութեան համար կու տանք ստորեւ ու նոյնութեամբ:

«Բառերու եւ էջերու քանակով երկար վէպ է ասիկա, սակայն զարգացման արագութեամբ շատ կարճ կը թուի: Ընթերցումի ատեն կը կարծես, որ երբեք պիտի չվերջանայ եւ փաստօրէն չի վերջանար ալ: Այս գիրքէն ստացուած տպաւորութիւնները կը դպչին ընթերցողի սրտին ու մտքին, ինչպէս շատոնց մոռցուած եւ յանկարծ յիշուող փորձութիւն մը` բոլոր անոնց կեանքի պատմութեան մէջ, որոնք ժամանակ մը ապրած են երկրի վրայ եւ դեռ կերպով մը կ՛ապրին: Վէպը գրուած է այն բանականութեամբ, որ անխուսափելի կը դարձնէ գրելու արուեստն ու կեանքը: Եւ, վերջապէս, ասիկա ժամանակակից վէպ է` կեանքի շունչով, միսով, արիւնով ու ոսկորով եւ ոգիով լեցուն»:

Նախորդը

«Մենք Կը Գտնուինք Նոր Որակի Անցումային Շրջանի Մէջ» Ըսած Է Նախագահ Սերժ Սարգսեան

Յաջորդը

Իրմա` Հզօր Մրրիկը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?