Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Սեպտեմբեր 1967)

Սեպտեմբեր 30, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Տեմիրել Պաքուի Մէջ

Գայսերիի (Կեսարիա) նախճիրը օր մը միայն կրցաւ ուշացնել Սիւլէյման Տեմիրելի ճամբորդութիւնը: Թուրքիոյ վարչապետը վերջապէս գնաց Խորհրդային Միութիւն եւ ոչ միայն քաղաքական «Կարեւոր խօսակցութիւններ ունեցաւ խորհրդային պետական աւագանիին հետ, այլ նաեւ առիթ տրուեցաւ իրեն այցելելու Ուզպեքիստան եւ Ազրպէյճան, որոնք «այնքան կը խօսին թուրք սրտին աւանդականօրէն եւ մշակոյթով կապուած ըլլալով» մայր երկրին` Թուրքիոյ:

Թրքական մամլոյ գործակալութիւնը եւ թուրք մամուլը բառ չեն գտներ արտայայտելու համար այն խանդավառութիւնը, որ ստեղծուած  մասնաւորաբար Պաքուին մէջ, Թուրքիոյ վարչապետին այցելութեան առիթով.

«Վարչապետ Սիւլէյման Տեմիրել եւ հետեւորդները Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ մեծ ցոյցերով դիմաւորուեցան: Պաքուեցիներուն ստուար մեծամասնութիւնը խռնուած էր քառասուն քիլոմեթրը, այն ճամբուն վրայ, որ օդակայանէն կ՛երկարի քաղաք: Հազարաւոր անձեր պարբերաբար ինքնաշարժին այնքան կը մօտենային, որ վարչապետը կը ստիպուէր կանգ առնել: Ծաղիկներ եւ դրօշներ կրող պաքուեցիներ թրքերէն «Ապրի՛ս, կեցցէ՛» կ՛աղաղակէին եւ երկարօրէն կը ծափահարէին թուրք վարչապետը: Պատուիրակութեան անդամները կը կատակէին իրարու հետ` ըսելով. «Կարծես թէ ատալեթեան միթինկ տեղի կ՛ունենայ»:

Շա՜տ յուզիչ է:

Օտար իշխանութեանց պետեր յաճախ նման ընդունելութիւններու կ՛արժանանան, ինքնաբուխ, շատ անգամ ապսպրուած: Ընթացիկ երեւոյթ է:

Ըսելիք չկայ:

Բայց երբ նման ընդունելութիւններ կը սարքուին այս օրերուն, երբ Ազրպէյճան որոշ դիրքեր ունի պաշտպանելիք ու այդ պաշտպանութեան համար պէտք ունի Թուրքիոյ օժանդակութեան, Տեմիրելի այս շրջապտոյտը կը դադրի զգացական ըլլալէ եւ կը դառնայ քաղաքական, գերազանցապէ՛ս քաղաքական:

Այս համոզումը պէտք է ունեցած ըլլան թէ՛ դիմաւորողները եւ թէ՛ դիմաւորուողը, որ այնքան զեղուն է, երբ կը խօսի Ուզպեքիստանի եւ Ազրպէյճանի վերելքին մասին` առանց մոռնալու այն «շնորհակալութիւնը», որ կը պարտի Խորհրդային Միութեան, որուն միջոցով կարելի դարձած է այդ վերելքը:

Ազրպէյճանի վրայով, թուրքեւխորհրդային երբեմնի սիրաբանութիւնն է, որ կը վերսկսի: Մոսկուա եւ Անգարա կ՛ուզեն գիծ քաշել անցեալի «թիւրիմացութիւններուն» վրայէն:

Անցեալ տարի արդէն, հոկտեմբերին, Քոսիկինի Անգարա այցելութեան առթիւ, թուրք պետական վարիչները առաւելագոյն չափով օգտուեցան ընծայուած պատեհութենէն` ամրացնելու համար ճակատ մը, որ շարունակ մտահոգութեան աղբիւր եղած է Աթաթիւրքի երկրին համար: Դաշնակից մնալով հանդերձ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք մինչեւ հիմա միլիառաւոր տոլար թափեցին Թուրքիա կոչուող Դանայեան տակառին մէջ, Անգարա, որ արուեստի բարձրութեան հասցուցած է երկու լարի վրայ խաղալու դիւանագիտութիւնը, ուզեց զօրացնել բարեկամութիւն մը, որ մինչեւ հիմա շատ մը տաղտուկներէ փրկած է զինք, մասնաւորաբար` հայկական հարցին տաղտուկէն:

Այս մարզին մէջ Խորհրդային Միութիւնը ցարդ առաւելագոյն զիջումները կատարելու բոլոր տրամադրութիւնները ցոյց տուաւ` տապանաքար մը դնելով իբր թէ իր «պաշտպանութեան» յանձնուած ժողովուրդի մը արդար դատին վրայ: Հայ ժողովուրդի անունով եղած արհեստական սպառնալիքներու եւ անոնց անմիջապէս յաջորդող հրաժարումներու եւ լքումներու երկար շարք մը եղաւ խորհրդային  դիւանագիտութիւնը վերջին տասնամեակներու ընթացքին, միշտ` ի խնդիր թրքական բարեկամութեան, որ քրեմլինեան նժարին մէջ շատ աւելի ծանր կը կշռէր, քան` հայ ժողովուրդին շահերը:

Փոթքորնիի այցելութեան օրերուն թուրք եւ խորհրդային սահմանը դարձաւ «բարեկամութեան սահման», իսկ Սեւ ծովը` «բարեկամութեան ծով» Տարի մը ետք, Անգարայի մէջ, Քոսիկին պէտք եղած բացատրութիւնները գտաւ` շոյելու համար թուրքերու ինքնասիրութիւնը, այլ մանաւանդ ներկայացուց գործնական առաջարկներ` լաւապէս ծանօթ ըլլալով թուրքերու շահամոլութեան:

Հողային պահանջներէն հրաժարած Մոսկուա մը լաւագոյն դրացին կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ համար, մանաւանդ` միջազգային քաղաքական կեանքի ներկայ դասաւորման մէջ, ուր Թուրքիոյ նման երկիրներ միջոցը կը գտնեն օգտուելու թէ՛ Արեւելքէն եւ թէ՛ Արեւմուտքէն:

Այս բոլորը անշուշտ չեն խուսափիր Թուրքիոյ դաշնակիցներուն նկատողութենէն, եւ կասկած չկայ, որ Անգարա հաւատարմութեան «վստահելի» հաւաստիքներ պիտի տայ նաեւ անոնց, ինչպէս տուած է ասկէ առաջ, ամէն անգամ որ խորհրդային ղեկավար մը եկած է «յուզի՜չ սրտակցութեամբ» վերյիշելու Լենինի եւ Աթաթիւրքի երանելի՜ օրերը:

Թուրքերը անգերազանցելի վարպետներ են այս մարզին մէջ:

Ու Տեմիրել անոնց վարչապետն է…

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վերամուտ. Դէպի Դպրոց… Ուղղաթիռով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?