Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Սեպտեմբեր 1967)

Սեպտեմբեր 27, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Կրթական Քաղաքականութիւնը

Հայ Վարժարանները

Աշուն է, ու` վերամուտ:

Դպրոցներու դռներուն` ծնողները ուրախ ճիչով կը դառնան իրենք իրենց վրայ, եւ հոս-հոն ոսկի տերեւներով ծածկուած ճամբաներէն կանաչ սերունդը կը քալէ դէպի կրթական օճախներ` մտքի լոյսը եւ ապագայի ոսկի երազները կորզելու յոյսով:

Ուրիշներու կարգին, մայրական գիրկերու պէս կը բացուին, յաճախ` հայ եկեղեցւոյ մը գմբէթին տակ ծուարած, հայ կրթարաններուն ալ դարպասները: Ուրիշներու նմա՛ն, իբրեւ ուսում ջամբելու մսուր` իրենց պետական ծրագիրներով, մարդ ու քաղաքացի կերտելու նպատակով: Բայց ուրիշներէ տարբե՛ր նաեւ, իբրեւ ոգի, նոր սերունդի նկարագրին ու էութեան մէջ Հա՛յը դարբնելու անխորտակելի ճիգով:

Աստանդական մեր կեանքին մէջ, հայապահպանման գոյամարտի ճակատներուն վրայ տակաւին անառիկ բերդեր կը մնան մեր վարժարանները: Ատոր համար ալ պարզ շէնքեր չեն անոնք, դարերէն եկող խորհուրդի մը խորաններն են միաժամանակ: Որով` սրբավայրերու չափ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի կարօտ:

Այո՛, սորվեցնել այնքան մը գիտութիւն, այնքան մը պետական եւ օտար լեզու, որ այսօրուան ուսանողը վաղը երիտասարդ` կարենայ յաղթական մուտք գործել համալսարանի դռներէն, կամ` նուաճումներ իրագործել գործնական կեանքի մէջ, շուկայի ասպարէզին մէջ: Բայց շաղուիլ միաժամանակ հայկական թթխմորով, որպէսզի վաղը եւ մի՛շտ յուռթի մնայ հայութիւնը` օտար երկնակամարներու տակ:

Ի վերջոյ բոլոր ճամբաները, աշխարհի չորս ծագերէն, Արարատին կը տանին մեզ: Եւ այդ ճամբաները Արարատի յաւերժութեան հասնելու համար պիտի անցնին անպայմա՛ն հայ կրթարաններու կամարներուն տակէն:

«Գործնապաշտ» ծնողներ կան, որոնք կը փափաքին օր մը առաջ վկայականի արժանացած տեսնել իրենց զաւակը, կը կարծեն օտար վարժարաններու դռները ափ առնելով-տալով` լաւագոյնս զինել իրենց սրտահատորը կեանքի պայքարին համար:

Կը մոռնան անոնք, որ պետութեան կրթական ծրագիրը տառացիօրէն կը գործադրուի այսօր հայ վարժարաններու յարկին տակ, եւ պետական քննութիւններու յաջողութեան անոնց արդիւնքները երբեք նուաստացուցիչ չեն` օտար վարժարաններու արդիւնքներու համեմատած:

Կը մոռնան տակաւին, որ տարիներու ընթացքին, հայ վարժարան յաճախելով` իրենց զաւակները նիւթական կոկիկ գումար մը խնայել տուած կ՛ըլլան, որովհետեւ անհամեմատօրէն նուազ պահանջկոտ են հայ կրթական հաստատութիւնները` կրթաթոշակներու նկատմամբ, քան` որեւէ օտար վարժարան:

Կան տակաւին մտածողներ, որ բաւական է շաբաթը մէկ-երկու ժամ հայերէնի անձնական դասեր առնել տալ իրենց զաւակներուն, որպէսզի անոնք կարենան թերթ կարդալ, քանի մը տող հայերէն գրել` ի հարկին:

Չե՞ն անդրադառնար նման մտայնութիւններու տէր անձերը, որ միայն հայերէն խօսելով եւ քիչ մըն ալ գրելով` կարեւոր տոկոսովը հայը հայ չի կրնար մնալ գալիք սերունդին մէջ:

Եւ յետոյ, եթէ ամէն հայ ծնող իյնար մտածման նոյն թակարդին մէջ, ո՞ր հայ տղան պիտի յաճախէր հայ վարժարան մը: Ուրեմն պիտի փակուէին, քանի մը տարիէն, բոլո՛ր հայ վարժարանները: Եւ ո՞վ, այն ատեն, պիտի այցելէր տուները, հայերէնի անձնական դասեր տալու համար: Ո՞ւր պիտի պատրաստուէր հայ ուսուցիչը:

Եթէ ամէնուն չի պատկանիր նման մտածողութիւն մը, հապա ինչո՞ւ պիտի սեփականացնէ զայն որոշ գաղակարգ մը:

Մեր գոյապայքարը յաղթանակի վերածելու համար համադրական ճիգն է հարկաւոր: Եւ այդ ճիգը ամէնէն աւելի անհրաժեշտ է ու կարելի` կրթական ճակատի վրայ:

Պիտի հաւատանք ու հետապնդենք կրթական մէկ քաղաքականութիւնը. հայ նոր սերունդը հայ պահել` լաւագոյն քաղաքացիներ եւ պատրաստուած անհատներ դարբնելով միաժամանակ:

Եւ ասիկա կ՛իրագործուի հայ մանուկը հայ վարժարան առաջնորդելով, միայն ու միմիայն:

Որքան բազմանայ հայ կրթական օճախներուն մէջ ծաղկող հայ նոր սերունդին թիւը, այնքան աւելի կը բարձրանայ այդ կրթական յարկերուն մակարդակը:

Անցէք անգամ մը անոնց առջեւէն: Պիտի զգաք, որ Ս. Մեսրոպի առաքեալներուն պէս թեւաբաց կը սպասեն անոնք մատղաշ սերունդին:

Տարի մը ուշ հասնիլ վկայականի` ի՛նչ փոյթ: Բայց` հասնիլ հայօրէն եւ շարունակել հայութեան ջահարշաւը դէպի ապագան:

Այս պէտք է ըլլայ սրտցաւ հայ ծնողի մը առողջ առաջադրանքը:

ՏՈՔԹ. Յ. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

 

Ակնարկ

Սրբագրեցէ՛Ք…

1920-ին Թուրքիա կը սպասէր Մոսկուայի արտօնութեան` յարձակելու համար Հայաստանի վրայ:

Այս արտօնութիւնը տուաւ Լենին.

– ՍԽԱԼ ԸՐԻՆՔ ՀԱՅԵՐՈՒ ՀԵՏ ԴԱՇԻՆՔ ԿՆՔԵԼՈՎ: ՊԻՏԻ ՋԱՆԱՆՔ ՍՐԲԱԳՐԵԼ: ԵԹԷ ՄԵՆՔ ՉՅԱՋՈՂԻՆՔ, ԴՈ՛ՒՔ ԿԸ ՍՐԲԱԳՐԷՔ:

Սրբագրութեան այս գործողութիւնը Թուրքիա կատարեց լաւագոյն կերպով եւ իւրայատուկ ոճով:

Հարկ չկայ այդ բոլորին վրայ ծանրանալու` տալու համար պատկերը լքուած Հայաստանի մը` պոլշեւիկեան մուրճին եւ թրքական սալին միջեւ:

Տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը այս բոլորը կը յիշուին Ղարաբաղի ողբերգութեան առթիւ ու Թուրքիոյ վարչապետ Սիւլէյման Տեմիրելի Մոսկուա այցելութեան օրերուն, երբ Թուրքիոյ մէջ ոմանք սկսած են տխմար նկատել իրենց այն հայրենակիցները, որոնք` «աչքը գոց Խորհրդային Միութեան թշնամիներ են»:

Համաձայն ենք: Մարդ միայն տխմար ըլլալու է այնքա՜ն շահեկան «սրբագրութեան» մը արտօնութիւնը տուող ղեկավարի մը երկրին հանդէպ թշնամական զգացումներ սնուցանելու համար:

Թուրքերը այդքան ալ տխմար չեն սակայն: Ու եթէ երբեմն եղած են, եղա՛ծ են գիտակցաբար` սակարանային մտահոգութիւններով, քաղաքական մուրացկանի իրենց կոչումը առաւելագոյնս արժեցնելու մտածողութեամբ:

Այս օրերուն, երբ այդ տխմարութիւնը հրապարակով կը դատապարտուի, անպայման այլ մանածներ կան ներկուելիք: Կայ մանաւանդ Ղարաբաղը, որ թէեւ ողբերգութիւն մըն է մեզի համար, բայց փորձանք դարձած է, վաղը կրնայ աւելի ծանր փորձանք մը դառնալ Անգարայի սիրասունին` «եղբայրական» Ազրպէյճանին:

Այդ պարագային, գիտակցական տխմարութիւնն ալ կրնայ սխալ հասկցուիլ: Թուրքերը այդ անպատեհութիւնն ալ նկատի ունենացած են ու Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայներու վեթերանութեան կը դիմեն ընդգծելու համար Լենինի թրքասիրութիւնը…

Կացութիւնը հասկնալի է:

X

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?