Մուսա Լերան Հերոսամարտին
Տօնակատարութիւնը Այնճարի Մէջ
Նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, երէկ` կիրակի, 17 սեպտեմբեր, Այնճարի շքեղ ծառաստանին մէջ խուռներամ բազմութեամբ եւ խանդավառութեամբ տօնակատարուեցաւ Մուսա Լերան դիւցազնական հերոսամարտին 52-րդ տարեդարձը:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսած` Պէյրութէն եւ գիւղագնացութեան վայրերէն հետզհետէ եկող բազմութիւնը Այնճարի ժողովուրդին հետ շուտով լեցուց ընդարձակ ծառաստանը:
Ամէն կողմէ բարձրախօսներով լսելի կը դառնար հանդիսաւոր Ս. պատարագը: Ժողովուրդը երկիւղած լրջութեամբ կը հետեւէր սրբազան արարողութիւններուն:
Պատարագիչն էր կիպրահայոց կաթ. փոխանորդ Երուանդ ծ. վրդ. Աբէլեան: «Հայր Մեր»-էն առաջ պատարագիչ հայր սուրբը աւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ: Անդրադարձաւ նաեւ դիւցազնամարտին:
Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` 18 նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Ապա Պերճ Մսըրլեան ազգայնաշունչ ճառ մը կարդաց: Ընդգծելէ ետք հերոսական դիւցազնամարտին արժէքը, անդրադարձաւ Ղարաբաղի հայութեան ներկայ ողբերգական կեանքին եւ ուղարկած կոչին: Ինք եւս կոչ ուղղեց Ղարաբաղի հայութեան` մնալ գոյապայքարի պատնէշին վրայ աննկուն:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն:
Կէսօրուան ճաշի պաշտօնական սեղանին շուրջ բոլորուեցան` սրբազան հայրը, պատարագիչ հայր սուրբը, հիւր եկեղեցականներն ու երեւելի անձնաւորութիւններ:
Թամատայութիւնը վարեց Անդրանիկ Ուրֆալեան: Յաջորդաբար խօսք առին Մովսէս Տէր Գալուստեան, գրագէտ Կ. Փոլատեան, սրբազան առաջնորդը եւ Երուանդ ծ. վրդ. Աբէլեան:
Մովսէս Տէր Գալուստեան ըսաւ, որ Մուսա Լերան 50-ամեակը տօնեցինք: Յաջորդ տարի նոյն այս վայրին մէջ պիտի տօնենք նաեւ Արարայի յաղթանակին 50-ամեակը, որովհետեւ պատիւը նախ Մուսատաղի ժողովուրդին կը պատկանի. սուէտահայերը եղան Հայկական լեգէոնը կազմողները:
Գրագէտ Կ. Փոլատեան ըսաւ. «Նահատակ հերոսներուն յիշատակը միշտ վառ կը մնայ հայ ժողովուրդի սրտին մէջ: Օտար գրագէտ մը անմահացուց զանոնք: Հայ գրագէտը ստիպուած է հայ ժողովուրդին սնունդ տալ: Այդ սնունդը պէտք է քաղել հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերէն: Մուսա Լերան դիւցազներգողը, եթէ ինծի տաղանդը տրուի, կ՛ուզէի, որ ես ըլլամ»:
Սրբազան հայրը ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը մեռնելով կրցած է անմահութիւն շահիլ: Ճանչցուած ենք նաեւ իբրեւ աշխատասէր, ուղղամիտ եւ պարկեշտ ժողովուրդ: Ապա բարեմաղթութիւններ ըրաւ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի:
Ծառաստանին մէջ գտնուող բազմահազար ժողովուրդը, անթերի կարգապահութեամբ, մինչեւ ուշ գիշեր տոհմիկ պարերով ու կերուխումով խանդավառ օր մը անցուց: Այնճարի «Յառաջ» քոլեճի Շրջ. միութեան կազմակերպած քերմեսը եւս մեծ յաջողութիւն արձանագրեց:
Կարգապահութեան կը հսկէին Այնճարի երիտասարդութիւնը: ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու Լիբ. օգնութեան խաչի արծուիկները:
Նժարէ Նժար
Վերացական Եղբայրութիւն…
Անդրկովկասի երկիրներու գրողներուն մօտ ընթացիկ նիւթ է բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը: Շատ գրած են ու շա՛տ ճառած այդ մասին: Այդ մասին գրած է նաեւ Եղիշէ Չարենցին տարեկից ազրպէյճանցի բանաստեղծ մը` Սուլէյման Ռուստամ, որ արձակով կ՛անդրադառնայ «Գիրք ճանապարհի»-ի եղերաբախտ բանաստեղծի գործին, կեանքին, արժէքին եւ անոր նուիրուած բանաստեղծութեամբ մը կը վերջացնէ խօսքը.
Իրար կողք կորքի
քայլում ենք հիմա,
Եւ իրար ձեռք ենք
սեղմում ջերմօրէն,
Ծաղկել է այգին
բարեկամութեան,
Այնտեղ վարդեր ենք
միասին քաղել:
Հայրենի Ղարաբաղի վրայ ազրպէյճանցիներու կիրարկած անվերջանալի բռնութիւններն ու վերջին ոճիրներուն ականջալուր ըլլալէ ետք, մարդ դժուարութեա՛մբ ու տհաճութեամբ կը մտածէ բարեկամութեան այդ ծաղկած այգիին մասին: Արդարեւ, ի՛նչ ծաղկի ու ծաղկումի մասին է խօսքը, երբ արդարներն ու արդարութիւնը սպառնալիքի տակ առնող մոլախոտերուն ներմուծուա՛ծ մացառուտը աւելի խնամք կը ստանայ հոն, քան` հողին ընդերքէն բնական պոռթկումով դուրս նետուած առողջ եւ կենսատու տունկը:
Ախունտովի հայրենակից բանաստեղծը կը շարունակէ.
Բարեկամներ ենք
դարձել մենք իրար,
Եղբայրացել ենք
մենք յաւերժօրէն,
Դու աշնան բերքի
պտուղներն առատ,
Դեռ չհաւաքած`
թողնելով անցար:
Եղիշէ Չարենցը, որքան մենք գիտենք, իր կամքով չթողուց ու անցաւ, թողուց ու անցաւ անբարեկամ բիրտերուն բռնութեամբ, եղբայրութեան այդ տարփողուած երգերուն փտութիւնը շուտ զգալուն պատճառով. ստալինեան սահմանադրութեամբ սահմանադրութեամբ իր ոտնակոխուած «այգի»-ին դիմաց ապրած տագնապը չներուեցաւ իրեն ու տարուեցաւ բանտ եւ անկէ` ամէն ոք գիտէ ո՛ւր:
Մեծ բանաստեղծին մասին գովասանական երգ հիւսելը, այս պայմաններուն մէջ, շահագործումի տպաւորութիւնը կը ձգէ պարզապէս:
Անցեալէն, արտօնուածէն ու վերացական ոլորտներէն ե՞րբ դուրս պիտի գայ արդեօք եղբայրութեան ու բարեկամութեան մասին եղած քնարերգութիւնը եւ կեանքի այժմէական ու իրական փաստերուն վրայ ու արդարութեան վրայ ե՞րբ պիտի սկսի բարձրացնել իր պալատը…
Հայ Դատ
Ցեղասպանութեան Հարցը Պիտի Քննուի
ՄԱԿ-ի Մարմինին Կողմէ Ժընեւի Մէջ
Հայ Դատի Յանձնախումբին
Գործունէութիւնը
(Մասնաւոր Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Ցեղասպանութեան հարցը պիտի քննուի ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու Խտրութեան դէմ պայքար ու փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբին կողմէ, իր քսաներորդ շրջանին, որ տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, 25 սեպտեմբերէն 13 հոկտեմբեր 1967:
Ցեղասպանութեան հարցը կը մնայ ենթայանձնախումբի օրակարգին վրայ, յետաձգուած` 19-րդ շրջանի ժողովին կողմէ:
Հարցը վեցերորդ յօդուածին իրագործումն է, որ կը տրամադրէ ստեղծումը դատական ատեանի մը, որպէսզի դատավարութեան առջեւ բերուին յանցաւոր անձեր, որոնք «ցեղասպանութիւն» կատարած են:
***
Այս տարուան յունուարին ենթայանձնախումբը այս հարցով պիտի զբաղէր, բայց յետաձգուեցաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը դիմումնագիր մը յանձնեց յանձնախումբին` առաջարկելով, որ զբաղի 6-րդ յօդուածին իրագործումով: Հայ դատի յանձնախումբը օրեր շարունակ ցոյցեր կազմակերպեց ՄԱԿ-ի առջեւ: Յանձնախումբին անդամները տեսակցութիւններ ունեցան ենթայանձնախումբի անդամներուն հետ, ու միջազգային մամուլը զբաղեցաւ հայոց յուշագրով: Եղան կարեւոր տեսակցութիւններ, որոնք որոշ արդիւնք տուին` ստեղծելով մթնոլորտ մը, հաստատելով, թէ կան մարդիկ ու ժողովուրդ մը, որոնք կը պահանջեն 6-րդ յօդուածին իրագործումը:
ԼԵՒՈՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
