Ակնարկ
Լոյսի Կղզին
Մեզի համար Սուրբ Ղազարն է:
Վենետիկի գեղածիծաղ ծոցին մէջ, Ատրիականի այդ յաւերժահարսը, որուն հիմնադրութեան 250-ամեակը կը տօնուի այսօր:
Սուրբ Ղազար ու Մխիթար Սեբաստացի:
Մէկը միւսով պայմանաւոր, մէկը միւսով` հասկնալի անուններ, որոնք անքակտելիօրէն կապուած են մեր դարաւոր մշակոյթին` կրթական, գրական, գիտական եւ լեզուաբանական իմացումներով:
Սուրբ Ղազար եղաւ կենդանի վկայութիւնը Մխիթար կոչուող հայ մարդուն աննկուն կամքին եւ անխախտ հաւատքին` հետզհետէ դառնալու համար անքոյթ նաւահանգիստ մը հայ որոնող միտքին համար, ուր Մխիթարեան հայրեր իրենց աչքին լոյսը մաշեցնելով` կորուստէ փրկեցին մեր ոսկեդարեան մատենագիրներու գործերը, ապա մեր մշակութային գանձարանին տուին կոթողներ, որոնք ժողովուրդի մը կեանքին ու գոյատեւման նախատարրը կը կազմեն:
Հայ ժողովուրդը երախտապարտ է Մխիթարին եւ իր արժանաւոր յաջորդներուն: Այդ երախտագիտութեան հետ յարգանքն ու ակնածանքը անպակաս եղած են Մխիթարեաններուն եւ անոնց անգնահատելի գործին հանդէպ, որուն շօշափելի փաստերը ամէն օր կը տեսնենք ու կը հաստատենք մեր առօրեային մէջ` իբրեւ Մխիթարեան վարժարան, Մխիթարեան հրատարակութիւն, բոլորն ալ` անսահման նուիրումի եւ գերազանց հայրենասիրութեան արգասիք:
Հաւատքի, սիրոյ, ջերմեռանդութեան եւ կամքի գումար մըն է Սուրբ Ղազարը: Ու նաեւ անքուն գիշեր` մագաղաթներու վրայ հակած, անվերջ թաւալող մամուլ, անսպառ եռանդ, ծառայելու եւ հայկական մշակոյթին ջահը վառ պահելու գիտակից նուիրում:
Աւելի՛ն. կտոր մը Հայաստան, ուր չկրցան հասնիլ հորդաները մեր ժողովուրդի թշնամիներուն, տափաստանեան աշխարհաքանդ ուժերուն:
Վաւերական պատկեր մը` այն ժողովուրդէն, որուն համար տքնեցան Մխիթարեան հայրերը, դիմանալ գիտցող ժողովուրդի մը այդ ազնուագոյն զաւակները:
Յարգա՜նք` անոնց յիշատակին:
Գուրգուրանք` տակաւին պատնէշի վրայ եղողներուն:
X
Մեծ Բանաստեղծը Կը Վկայէ
… Այդ ժամանակամիջոցին, ես ալ, ուրիշ ճամբորդներու պէս, մեծապէս հետաքրքրուած էի ճանչնալու Ս. Ղազարի միաբանութիւնը, որ կը թուի իր մէջ կեդրոնացուցած ըլլալ կրօնական հաստատութեան մը բոլոր լաւագոյն յատկութիւնները` առանց ունենալու անոնց որեւէ մէկ պակասութիւնը: Բնակավայրի հանգստաւէտութիւնն ու մաքրութիւնը, անկեղծ բարեպաշտութիւնը, տաղանդն ու առաքինութիւնը անտարակոյս պիտի համոզեն աշխարհիկ մարդը, որ կայ ուրիշ լաւագոյն վիճակ մը նոյնիսկ այս կեանքին մէջ: Ասոնք քահանաներն են ճնշուած ազգի մը, որ հրեաներուն ու յոյներուն պէս գերի մնացած կամ տարագրուած էր: Այդ ժողովուրդը հարստացաւ` առանց կեղեքող մը ըլլալու եւ արժանի դարձաւ գովեստներու եւ պատիւներու, զորս կարելի է ունենալ ստրկային վիճակի մէջ` առանց խաբեբայութեանց: Գոյութիւն չունին թերեւս ժողովուրդներու տարեգրութիւններ, որոնք բեռնաւորուած ըլլան ոճիրներով այնքան շատ, որքան հայոց տարեգրութիւններն են բեռնաւորուած, որովհետեւ իրենց առաքինութիւնը խաղաղութեան համար իրենց տածած սէրն է, մինչդեռ իրենց բոլոր թերութիւնները առաջ կու գան օտար տիրապետութենէն եւ անողոք բռնակալութենէն, որուն ենթարկուած էին: Այսուհանդերձ, հակառակ իրենց տխուր անցեալին եւ անստոյգ ապագային` իրենց հողամասը միշտ եւ բոլոր ժամանակներու համար պիտի մնայ աշխարհիս ամէնէն հետաքրքրականը, եւ իրենց լեզուն աւելի հրապուրիչ պիտի դառնայ, եթէ աւելի լաւ ուսումնասիրուի: Եթէ կ՛ուզենք կարեւորութիւն տալ Ս. Գրոց, պիտի կրնանք հաստատել, որ Աստուած Հայաստանի մէջ է, որ հիմնեց դրախտը եւ Հայաստանի մէջ է, որ հանդարտեցան ջրհեղեղին ջուրերը, իսկ աղաւնին ալ ազատ տեղ մը գտաւ իր ոտքերը դնելու համար: Բայց պէտք է ըսել, որ երկրային դրախտը կորսնցնելէ ետք բոլոր ցաւերը սկսան յարձակիլ այս երկրին վրայ, ու թէեւ դարերով ունեցաւ ան բաւական զօրաւոր թագաւորութիւն մը, այնուամենայնիւ կորսնցուց իր անկախութիւնը: Պարսիկներն ու թուրքերը աւերեցին այս երկիրը, ուր Աստուած ստեղծած էր մարդը` ըստ պատկերի իւրում:
ԼՈՐՏ ՊԱՅՐԸՆ
Հեռաձայնը
Պզտիկ բաներ, ըլլալիք բաներ, բաներ, որոնք բնական պայմաններու տակ երբեք նկատի առնուելիք պիտի չնկատուէին, յանկարծ կը յուզեն քեզ, կը խանդավառեն, կը մղեն` խորհրդածելու, սիրելու, տալու:
Շաբաթ օր է, կէսօր. հեռաձայնը կը հնչէ. «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կապուող անծանօթ մը, հայ մը, գրեթէ վախուըխելով, կը փորձէ ինքզինք ծանօթացնել` միշտ ալ անծանօթ մնալու ակներեւ ճիգով մը.
– Բարե՛ւ ձեզ, անկեղծօրէն, կը ներէք, բայց ՀԱԿԱԱԶԴԱԿԵԱՆ մըն եմ. անունս պիտի չտամ, ներեցէք, որ չտամ. տարիներէ ի վեր համոզուած հակաազդակեան մը եղած եմ. բայց, բայց ուզեցի ձեզի հետ կապուիլ եւ յայտնել անկեղծ հիացումս:
Ձայնը մերթ կը կակուղնայ, մերթ կ՛ալեկոծի, հաւատքի իրա՛ւ ըլլալը փաստելու տառապանք ունի ձայնը: Կը շարունակուի խօսակցութիւնը.
– Այսօրուան ձեր խմբագրականը իրապէս սքանչելի էր: Ղարաբաղի համար ձեր սպասումը արտասահմանի ԲՈԼՈՐ կողմերէն` արդար է, ու տարօրինակ է, որ այդպէս չեղաւ տակաւին: Կը բաժնեմ ձեր տեսակէտը: Լա՛ւ էր խմբագրականը: Շա՛տ լաւ, ճի՛շդ սրտիս խօսող…
Շնորհակալութի՛ւն, ներողութիւն:
Հեռաձայնը փակուեցաւ:
Հակաազդակեան հայը ըսելիքը ըսաւ, գնաց: Մնաց սակայն անծանօթին ելոյթը, աղուորութիւնը: Ինչո՞ւ անունը չտուաւ: Ինչո՞ւ անունը տալու չափ քաջութիւն չունեցաւ: Այդ քաջութիւնը ինչո՞ւ առնուած է իրմէ:
«Ազդակ» հակաազդակեանի մը համար կրնայ համակրելի չըլլալ. ասոր մէջ անբնական բան չկայ. բայց «Ազդակ» կրնայ բաներ ըսել, որոնք խօսին նաեւ հակաազդակեանի մը սրտին. չէ՞ եղած. եղա՛ծ է ու` շատ: Սակայն քիչ է պատահած, գրեթէ չէ պատահած, նոր է, որ կը պատահի, որ հակաազդակեան մը ըլլալով հանդերձ, մարդ մը հեռաձայն մը բանայ գէթ ու ըսէ իր բաժնեկցութեան խօսքը:
Հասուն ժողովուրդի մը բոլոր զաւակները, իրենց անհատական-կուսակցական ներքին համոզումներէն դուրս, գիտեն գնահատել եւ ՏԷՐ կենալ գաղափարական հակառակորդի մը մտածումին, երբ զայն գտնեն արդար, տեղին: Հասուն ժողովուրդի մը զաւակներուն համար հակառակութիւնները ՊԱՐԱԳԱՅԱԿԱՆ են միայն: ՄԷԿ ըլլալու եւ ՄԷԿ մնալու գիտակցութիւնը վեր է օրերու նեղմտութենէն ու մրցակցութենէն:
Մեր մօտ այդպէս չէ պարագան, դժբախտաբար: Մեր մօտ, եթէ սրբագրուէր այն նեղմտութիւնը, որ տգիտութեան հասնող բռնակալութեան նման մեր արարքները կը մղէ շարունակ ՈՐԵՒԷ ՀԱՐՑԻ մէջ չմիաբանելու, մենք քանի մը տասնեակ տարիներով յառաջացած պիտի կարենայինք ըլլալ, ամէն մարզի մէջ:
Մէկը բան մը ըսա՞ւ. միւսը անպայման պիտի ըսէ հակառակը: Մէկը բան մը առաջարկե՞ց, միւսը անպայման պիտի մերժէ: Այսպէս եղած են մեր ԿՈՂՄԵՐԸ իրարու նկատմամբ:
Այս իրողութիւնը մեզ պահած է տեղքայլի մէջ ու իւղ լեցուցած` մեր ընդհանրական թշնամիներու կրակին:
Հեռաձայն մը, ըլլալիք բան մը, ու երեւոյթ որպէս կը գնահատենք զայն, որովհետեւ դժուար պատահելիք բան մըն է, բայց որ պէտք էր նկարագիր դառնար, որպէսզի հակառակութիւնը վերածուէր մրցակցութեան, թշնամութիւն չմնար, ու մրցակցութիւնը շահ մը բերէր ԻՐԱՒԻՆ, ի խնդիր` բոլորիս:
Հեռաձայնները բազմապատկուէին. ըլլային յաճախակի: Ոչ ոք մտածէր անունը չտալու մասին. ոչ մէկ բարեկամ դաւաճանութիւն նկատէր նման կապ մը:
Որքա՜ն պիտի օգտուէր ազգը:
Պիտի սրբագրուէին որքա՜ն սխալներ, որոնք կը յամառին մնալ պարզապէս` ուղիղ, ազնիւ ու քաջ կապի պակասով:
Հակաազդակեան ըլլալ եւ «Ազդակ»-ին որոշ խնդրի մը մասին յայտնել իր համակրանքը` լաւ է, սկիզբ մըն է, պէտք է վարակիչ ըլլայ, շրջուած ձեւով ալ. սակայն այս կէսն է աղուորութեան. պէտք է կապ պահել նաեւ միւսին, միւսներուն հետ եւ անոնց յայտնել իր դժգոհանքը, միշտ, շարունակ ու պահանջել, պահանջել, պահանջել, որ հարցեր կան, ուր «Ազդակ» չկայ, եթէ նոյնիսկ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւն կայ. Ղարաբաղը մէկն է այդ հարցերէն, ուրիշ շատ հարցերու կարգին…
Գէթ հեռաձայնով, հազա՛ր հեռաձայնով, խիղճը հանգիստ չձգել հաշուական կողմերուն:
Գէ՛թ հեռաձայնով…
ԱՍՏՂ