Խմբագրական
Երբ Շրջուած
Կը Ներկայացուի…
Երբ մէկ կողմէ, կարգ մը հատուածներու մամուլին մէջ, լռութեան դաւադրութիւնը կը շարունակուի Ղարաբաղի ողբերգութեան շուրջ: Երբ մարդոց ականջները այնքա՜ն խլացած են, որ նոյնիսկ չեն լսեր օտար լուծի տակ հեծող իրենց արիւնակիցներուն յուսահատական եւ սրտակեղեք կոչը, որ ուղղուած էր հանուր հայութեան, անդին, Անգարայի մէջ, ձայն մը կը բարձրանայ` շրջուած ներկայացնելու համար դէպքը, դէպքերը, ռուսեւթաթար յարաբերութիւնները` կատարելով վերագրումներ եւ մեկնաբանութիւններ, որոնք ոչ մէկ կապ ունին իրականութեան հետ եւ ծիծաղելի պիտի նկատուէին, եթէ հարցը չըլլար լուրջ, եղերական:
Թուրք յօդուածագիր մը` Տ. Պ. Օ. ստորագրութեամբ, «Թիւրք Քիւլթիւրիւ» ամսագիրին մէջ հրատարակած է յօդուած մը, ուր կը ջանայ ապացուցանել, թէ Հայաստան առանձնաշնորհեալ դիրք մը կը վայելէ Կովկասի մէջ, դարձած է Մոսկուայի աչքին լոյսը, անոր կը ներուին ամէն տեսակ չափազանցութիւններ, մինչ Ազրպէյճան, որ իր «քարիւղով, բազմաթիւ նախանիւթերով եւ հանածոներով, մեծապէս նպաստած է ռուսական ճարտարարուեստին վերելքին», մինչեւ այսօր հասարակ գաղթավայրի մը պէս կը շահագործուի:
Այլ խօսքով, Ղարաբաղ թաթարական է ու կը պահանջուի Հայաստանի կողմէ, Մոսկուայի մեղաւոր հանդուրժողութեամբ, մինչ երեւանեան նահանգը, որ նոյնպէս թաթարական է, կցուած է… Հայաստանին:
Հայոց կը մնայ, շատ շատ, Սեւանը` հոն խեղդուելու համար:
Պատմական, աշխարհագրական եւ ազգագրական այս խեղաթիւրումները, պարկեշտութեան եւ բարոյականի դէմ այս թրքավարի մեղանչումները այնքան ալ պիտի չյուզէին մեզ, – աւելորդ չէ՞ միթէ ջարդարարէն նման ակնկալութիւններ ունենալ -, եթէ չմատնէին գոյութիւնը յետին նպատակի մը, դաւադիր ծրագրի մը, որուն իրագործումը եղած է տարիներու երազը Անգարայի վարիչներուն եւ թուրք քաղաքական մտածողութեան:
Այդ յօդուածին մէջ, զոր ամբողջութեամբ տուինք մեր երէկուան եւ այսօրուան թիւերով, ազերի թուրք մը, որ իբրեւ թէ ներկայ եղած է Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի Հայաստանի կցման ի նպաաստ կազմակերպուած հրապարակային հաւաքոյթի մը,- ե՞րբ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս` աւելորդ հարցումներ-, թարգման կը հանդիսանայ այդ երազին, երբ կը յայտարարէ. «Քանի որ դուք` հայերդ ձեր բոլոր ուզածները կարող էք ընել, մենք ալ Թուրքիոյ միանալ կ՛ուզենք»:
Մեր բոլո՜ր ուզածները…
Իբրեւ թէ Ղարաբաղը, Նախիջեւանը եւ օտար լուծի տակ գտնուող մեր միւս դարաւոր հողերը մեր ուզածը չըլլային կամ տրուած ըլլային մեզի:
Իբր թէ, Հայաստանի հայութիւնը ազատութիւնը ունեցած ըլլար այդ բոլորը ուզելու եւ ուզած ըլլար:
Իբր թէ մեր փոքր երկիրը յաւիտենական անիրաւուածը չըլլար…
Իբր թէ…
Բայց ի՜նչ փոյթ` մարդոց համար, որոնք իրենց ամբողջ հասակով կը կենան դիմացդ ու սուտ կը խօսին:
Մենք այս բոլորին մէջ դաւ մը կը տեսնենք:
Կը տեսնենք թուրքեւխորհրդային լռելեայն հասկացողութիւն մը` լռութեան մատնելու համար հայութեան արդար պահանջը, զոհարարը զոհ ու զոհը զոհարար ներկայացնելու հին գործելակերպ մը, որուն մէջ այնքան վարժութիւն ձեռք բերած է մեր դարաւոր թշնամին, իր պարագայական բարեկամներուն մեղապարտ քաջալերանքով:
Շատ բնական է, որ Մոսկուայի ականջին կը հասնի հայութեան բողոքը` Ղարաբաղի եւ այլ անարդարութիւններու մասին: Մոսկուա չ՛ուզեր խօսիլ: Փոխարէնը կը խօսի սակայն Անգարան, մանուածապատ ճամբաներով, իբր թէ հիւսիսի իր դրացին ամբաստանելով, բայց իրականութեան մէջ, անոր գործը դիւրացնելու ակնյայտ դիտումով:
Այսպէս եղած է միշտ: Անգարա եւ Մոսկուա միշտ հասկցած են զիրար եւ օգնած են իրարու քաղաքական զանազան հաշիւներով, որոնց մէջ տեղ ունին նաեւ մեր երկիրը եւ մեր ժողովուրդը:
Տեմիրելի Մոսկուա այցելութեան այս օրերուն, թուրքեւխորհրդային այս ծածուկ գործակցութիւնը ինքնին յատկանշական է: Խորհրդային Միութիւնը` հայերու հանդէպ հանդուրժող եւ ազրպէյճանցիներու հանդէպ անհանդուրժող ցոյց տալու շրջումը իրողութիւններուն` լաւ բան չ՛ըսեր, տխուր յիշատակներ կ՛արթնցնէ մեր մէջ եւ աչալրջութեան կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդը:
Երբ Ղարաբաղի դէպքին արձագանգը կու գայ Անգարայէն ու Մոսկուա լուռ կը մնայ, նոյն օրերուն ջերմ ընդունելութիւն մը վերապահելով Թուրքիոյ վարչապետին, Լենին-Աթաթիւրք սիրաբանութեան շրջանը վերադարձած կը տեսնենք, աւելի ծածուկ, բայց նոյնքան տխրագուշակ: