Նոթեր Ու Նետեր
Ցուցիփեղկ
Անչափահասներու պաշտպան անգլիական միութիւն մը պահանջած է կառավարութենէն, որ վերցուին անուշավաճառներու ցուցափեղկերը, որպէսզի բազմաթիւ աղքատիկ աղջիկներ ու տղեկներ չմատնուին փորձութիւններու եւ քիչ մը քաղցրեղէնի ճաշակումին համար չմղուին կատարելու գողութիւններ, ինչպէս նաեւ` արարքներ յոռի:
Առաջարկ իրաւացի, բայց` անգործադրելի:
Ա՜հ, այդ ցուցափեղկերը` թէ՛ չար, թէ՛ բարի:
Բայց միթէ միայն անուշավաճառներո՞ւն ցուցափեղկերն են, որոնք գայթակղեցուցիչ են: Տակաւին, որքա՜ն ցուցափեղկեր կան, որոնք պզտիկներուն, նոյնիսկ մեծերուն բերնին ջուրերը կը վազցնեն, որոնք թէ՛ կը շլացնեն, թէ՛ կը շուարեցնեն, թէ՛ կը հիացնեն, թէ՛ կը յուզեն եւ կը յուսահատեցնեն: Ցուցափեղկեր, որոնք ճաճանչահիւս ուռկաններու մէջ կը բռնեն տկարները ու զանոնք կը մղեն մոլորութեան:
Եւ եթէ սատանօրէն սարքուած այդ ցուցափեղկերը արգիլուին, պիտի ստեղծուի նոր ու մեծ չարիք մը. պիտի վնասուի առեւտուրը, եւ առաւելագոյն չափով տուժողները պիտի ըլլան աշխատաւորները:
Ցուցափեղկն ալ հարց մըն է անլուծելի:
Ըլլայ տաժանք է, չըլլայ փորձանք է:
Ցուցափեղկերուն յարուցած գայթակղութիւնները իրենց գերագոյն գագաթնակէտին կը հասնին մանաւանդ տօնական շաբաթներուն, ինչպէս` դեկտեմբերէն յունուարի կէսը, Ծնունդէն Կաղանդ, նաեւ` Զատիկին ու դեռ այնքան հանդիսական օրերու, երբ ցուցափեղկերը կը շողշողան պէսպիսուն նուէրներով, քաղցրահամ խմորեղէններով, խաղալիքներով, հագուստներով եւ հազարումէկ մագնիսական, մոգական իրերով, որոնք կարծէք տնտեսապէս տկարներուն երեսին կը պոռան անոնց խեղճութիւնը:
Ցուցափեղկերը կը տագնապեցնեն, կը տառապեցնեն տակաւին` բազմաթիւ մայրիկներ, հայրիկներ ալ…
Հապա՞ ճաշարաններուն ցուցափեղկերը… Նօթի մնացած մարդիկն են միայն, որոնք գիտութիւնը ունին ազդեցութեան այդ ցուցափեղկերուն, որոնք մարդս կը վերածեն մանուկի կամ գազանի:
Խենթութիւն կը պատճառեն կարգ մը ուրիշ ցուցափեղկեր` կարասիներով, լուացքի մեքենաներով, գրամեքենաներով լի…
Աշխարհ ցուցափեղկ եղած է. կեանքը դարձած է ցուցափեղկ:
Հապա՞ համակ արդիական վաճառատուներ ապակեայ… հապա՞ առեւտրական տուները ամբողջովին հայելի (ուր կը բազմապատկուին թէ՛ պաշտօնեաները, թէ՛ գնորդները, թէ՛ ապրանքները…), ատոնք խանութներ չեն, այլ` լայնքով ու երկայնքով ցուցափեղկեր: Ա՛լ չկայ խանութ, չկայ վաճառատեղի. ամէն ինչ վերածուած է ցուցափեղկի:
Եւ տակաւին, ի՜նչ ցուցափեղկեր կան: Բեմերը եղած են ցուցափեղկ, բայց` ո՛չ արուեստի, ո՛չ Մելբեմոնի, այլ` մերկութեան:
Միթէ օթեակները ցուցափեղկեր չե՞ն: Միթէ հարուստ ու հմայիչ կին մը ցուցափեղկ մը չէ՞ շարժուն ու շրջուն. ցուցափեղկ մերթ մուշտակի, մերթ մարմինի, բայց միշտ` գոհարեղէնի, անուշահոտութեան, գուլպայի, կօշիկի եւ անհամեստութեան:
Աղքատիկ աղջնակներ փորձութեան չե՞ն ենթարկուիր` տեսնելով այդ ցուցամոլութեան ցուցափեղկը: Իսկ այրերը չե՞ն զգլխիր` այդ հում հում ուտելիք ցուցափեղկը տեսնելով:
Միթէ մտաւորականներուն մէջ չկա՞ն ցուցափեղկեր… Տիպարներ, որոնք ասկէ անկէ իրենց գողցածները իբրեւ սեփական ապրանք կը ցուցադրեն… որոնք թէեւ տաղանդ չունին, սակայն կը ցուցադրեն իրենց շնորհը քաղողի, նոյնիսկ տաղանդը` ընդօրինակողի եւ կը յոխորտան, մինչդեռ իրենց խանութին խորքը պարապ է, բայց վարպետութեամբ կը հաւաստեն, որ ետեւը, վարն ալ, վերն ալ լեցուն են: Բայց ցուցափեղկին կռնակը բան չկայ, բան չի շինուիր, մատուցելիք ոչինչ կայ: Կարելի է յօրանջել ու հառաչել:
Տակաւին կան այնպիսիներ, որոնց ցուցափեղկերուն ետեւ բան մը չըլլալէն զատ` նստելու, նոյնիսկ ոտքի վրայ կենալու տեղ չկայ: Եղածը չեղածը միմիայն ցուցափեղկ է: Այդ պատճառով ցուցափեղկին տէրը ինք նստած է իր ցուցափեղկին մէջ:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Մոշէ Տայան Կը Սպառնայ
Նոր Պատերազմի Մը Պարագային,
Պիտի Ստիպուինք Գրաւել
Արաբական Մայրաքաղաք Մը
«Ապահովութեան տեսակէտէն Իսրայէլի այժմու սահմանները իտէալական են, բայց այդ չի փաստեր, որ անոնք իրապաշտ են», յայտարարեց պաշտպանութեան նախարար զօրավար Մոշէ Տայան` «Պեմաշանէ» զինուորական շաբաթաթերթին շնորհուած հարցազրոյցի մը մէջ: Զուք ռազմագիտական անկիւնէն մօտենալով հարցին` զօրավար Տայան յայտարարեց, որ նոր պատերազմի մը պարագային, կրնայ պատահիլ, որ Իսրայէլ ստիպուի դուրս գալ այդ սահմաններէն, որպէսզի գրաւէ արաբական մայրաքաղաք մը` մէկ անգամ ընդմիշտ վերջ տալու համար թշնամութիւններուն: Զօրավարը դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ Քոնէյթրայի զինադուլի գիծը շատ հեռու չէ Դամասկոսէն, ինչպէս որ Յորդանան գետը հեռու չէ Ամմանէն, ոչ ալ Սուէզը` Գահիրէէն:
Ըստ զօրավար Տայանի, Իսրայէլ ուրիշ միջոց չունի, եթէ ոչ` խաղաղութիւն կամ պատերազմ:
Խօսելով զինուորական հակակշռի տակ եղող հողամասերու մասին` պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ Իսրայէլ երբեք պարտաւոր չէ հոգալու այդ հողերուն բարօրութիւնը, ու եթէ այդ կ՛ընէ, պարզապէս անոր համար է, որ այդտեղի բնակիչները չկազմեն յուսահատական ահաբեկչութեան օճախներ:
Զօրավարը ապա ըսաւ, որ շրջանին թիւ 1 հարցը գաղթականներու հարցն է, «բայց այդ խնդիրը լուծում կրնայ գտնել միայն խաղաղութեան պարագային եւ շրջանային լուծումի մը ծիրին մէջ»:
Ինչ կը վերաբերի Սուէզի ջրանցքին մէջ տիրող կացութեան, զօրավար Տայան կը խորհի, թէ եգիպտացիք կ՛ուզեն, որ զօրքերը քանի մը քիլոմեթր քաշուին ջրանցքէն` պարզապէս անհետացնելու համար իսրայէլեան ամէն ներկայութիւն ջրանցքին ափէն, մինչ եգիպտացիք, նոյնիսկ` զինուորական նահանջի պարագային, պիտի շարունակեն խիտ բնակչութիւն մը ունենալ արեւմտեան ափին վրայ:
Հարցապնդուելով այն մասին, թէ ըստ իրեն, ի՛նչ է Իսրայէլի հիմնական նպատակը, զօրավար Տայան ընդգծեց, որ այդ նպատակն է` «պահպանել հրէական պետութիւն մը` հրէական մեծամասնութեամբ մը»: «Դէմ եմ.- ըսան ան,- որեւէ որոշումի, որ հրէական նկարագրէ պիտի զրկէ եբրայական պետութիւնը»:
