Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25Սեպտեմբեր 1967)

Սեպտեմբեր 25, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

«Հայերն Անգամ»…

Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ու բոլոր ժողովուրդներուն համար սեպտեմբերը կը համարուի առատութեան, լիութեան եւ երջանկութեան ամիսը: Մրգահասի բուռն շրջան է սեպտեմբերը եւ բնութեան ուժերը` արեւը, հովը, նոյնիսկ ամպերն ու թեթեւօրէն մաղուող անձրեւները քաղցրութեամբ կը լեցնեն մարդուն սիրտը: Սեպտեմբերը բարիք է եւ օրհնութիւն բոլոր մարդերուն համար:

Կայ սակայն բացառութիւն մը, որովհետեւ կայ «բացառիկ» մէկ ժողովուրդ միայն աշխարհի վրայ, կայ թուրքը, որուն պատմութեան վերջին գլուխը այդ ամսուան հետ կապուած` բաւական տխուր բաներ կ՛ըսէ մարդոց: Ասկէ շուրջ տասը տարի առաջ` 1956-ին, թալանելու, կործանելու, բռնաբարելու թրքական դասական ոճին հարազատ պատկերը ցոլացնող սեպտեմբերի գիշեր մը ունէին արդէն իրենց մթին տարեգրութեան մէջ եւ ահա անոր վրայ կ՛աւելցնեն նո՛ր ու նմանօրինակ ուրիշ տեսարան մը ա՛յս սեպտեմբերին, ֆութպոլի տխրահռչակ մրցումի մը ընթացքին:

Թուրք մը կոլ մը ըրաւ, եւ միւս թուրքերը զիրար ջարդեցին: Քառասուն հոգի ջարդելէ ետք` մոլեռանդ ամբոխը սկսաւ ջարդուփշուր ընելու իր մոլեգնութեան, որ միլիոններու հասնող վնաս արձանագրեց, բայց դեռ կը շարունակէ իր թափը եւ «ժողովուրդը կը պատրաստուի Գայսերիի վրայ քալել»:

Բոլոր այս դէպքերը բարբարոսական են անշուշտ եւ յաւելուածական փաստերու չեն կարօտիր անոնց զուտ թրքական նկարագիրը հաստատելու համար, բայց ըստ երեւոյթին, թուրքերը չեն կրնար աւարտել իրենց թրքութիւնը, բաւարարուիլ իրենց թրքութեամբ, առանց մեզի հանդէպ իրենց ցեղային եւ աւանդական ատելութիւնը դրսեւորելու: Այդպէս վարուեցան եւ այս առիթով: Սվազցիները գայսերցիներուն ակնարկելով, սիրտ ունեցան ու համարձակեցան ըսել պարզապէս.

«Հայերն անգամ այսքան բարբարոսութիւն չըրին»:

Ի՞նչ ըրած են արդեօք հայերը 40 զոհերու տէր ու արիւնաթաթախ ու նովին բանիւ սգաւոր այս սվազցիներուն: Կախաղաննե՞ր բարձրացուցած են Թուրքիոյ մէջ, աքսորի՞ դատապարտած են թուրքերը, ինչքե՞րը գրաւած են, մանուկնե՞րը խեղդամահ ըրած, որ թոյլ կը տրուի շնական այս բաղդատութիւնը ընել եւ գերադրականի շեշտը դնել հայոց վրայ:

Դրուած հարցումները պատասխան չունին: Հասկնալու համար սակայն կատարուած նոր բարբարոսութիւնները, խոշտանգումները, կործանումները, սպանութիւններն ու… բաղդատութիւնները, կը բաւէ պարզապէս ըսել, որ թուրքերը նորէն թրքացած են…

XX

 

Գործ` Բոլորին Համար

Որպէսզի չճահճանայ ազգային մեր կեանքը, որպէսզի նուազին քննադատութիւններ եւ գանգատներ, պէտք է գործի մղել բոլոր կենսունակ ուժերը:

Գործի մը փարած անձը կապուած իր պարտականութիւններուն` կը դադրի ուրիշներով զբաղելէ ու կը ջանայ իրեն յանձնուած` հակակշռի ենթակայ աշխատանք կատարել անթերի:

Որքան շատ ըլլան հանրային, ազգային, միութենական գործերու կամ պարտականութեանց նուիրուած անձերը, այնքան կը խորանայ համայնքի մը մէջ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը:

Հանրային-ազգային գործունէութեան մէջ մասնակցութիւն չունեցող անհատներ կատարուած ամէն աշխատանքի մէջ, հոգեբանօրէն, սխալներ կամ թերիներ տեսնելու հակամէտ են: Ատկէ` յաճախ անտեղի քննադատութիւններ, որոնք պիտի խնայուէին, եթէ պաշտօններ տրուէին նաեւ քննադատողներու:

Ղեկավարութիւն մը ամէն գործի մէջ պէտք է հեռատեսօրէն զբաղում ստեղծէ զանգուածին համար:

Գործեր, աղաղակող աշխատանքներ կան ամէն կողմ, որոնք մնացած են բարձիթողի, մինչ մարդիկ կը կարծեն, որ անթերիօրէն կ՛ընթանայ ամէն ինչ:

Մինչեւ այսօր սփիւռքեան մեր ոչ մէկ գաղութը կրցաւ կազմել իր անթերի մարդահամարը: Ոչ մէկ գաղութ պահեց եւ տարեշրջանէ տարեշրջան տուաւ իր ծնունդներուն, մահացածներուն, խառն ամուսնութիւն ունեցողներուն եւ ամուսնացածներուն լրիւ եւ վաւերական պատկերը:

Նման եւ այլ գործեր հակակշռող մարմիններ պէտք են: Կարելի է ստեղծել զանոնք ու գործի լծել նոր խումբ մը ազգայիններ:

Ու տակաւին, մեր մշակութային, տնտեսական, առողջապահական կեանքին հետ կապուած զանազան հարցերու մասին ստեղծել մարմիններ, որ դառնան գործօն աշխատանքով օգտակար ազգին:

Գործի լծել նոր ուժեր` կը նշանակէ միութեան մը ամբողջը աշխուժացնել եւ կանխել անախորժ քննադատութիւններ:

Ընդունինք, որ ամէն տեղ, պաշտօնի վրայ եղող պատասխանատու մարմիններու կողքին, կան որակեալ ուժեր եւս, որոնք գործի լծելով` կարելի է ստեղծել նոր եւ անհրաժեշտ խանդավառութիւն:

Աւելի քան այսօր, մեր կեանքին մէջ, պահանջ է ասիկա:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վիրաւոր Հալէպը Կ՛ապաքինի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?