Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Սեպտեմբեր 1967)

September 29, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Մամուլը

Հայրենասիրութիւն

Հայրենասիրութիւն կամ հայաստանասիրութիւն իրենց մէջ ունին երկու բառեր` հայրենիք (կամ Հայաստան) եւ սէր:

Արդ, հայրենիքը էութիւն է: Հողի, մշակոյթի, թափուած արիւններու, կառոյցներու, նոյն այդ հողին հետ դարաւոր կենակցութեան եւ փոխադարձ ազդեցութեան համադրոյթ:

Իսկ իշխանութիւնը կամ վարչաձեւը ձեւ է: Վարելու կերպը: Առաջինը մնայուն է եւ ընդհանրական: Երկրորդը գնայուն է եւ մասնակի: Եւ երկրորդը կոչուած է ծառայելու միայն մէկ բանի` առաջինին, որ երկիրն է ու ժողովուրդը:

Շփոթել այս երկուքը` կը նշանակէ ըմբռնած չըլլալ անոնցմէ ամէն մէկուն բնոյթը: Աւելի՛ն. շփոթել զանոնք այն աստիճան, որ լաւ տրամադրուած ըլլալ միայն ու անպայման իշխանութեան հանդէպ, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` գերադասած ըլլալ իշխանութիւնը հայրենիքէն: Կամ ձեւը` էութենէն: Գնայունը եւ մասնաւորը` մնայունէն ու ընդհանրականէն:

Ինչ կը վերաբերի «սէր»-ին, երբ խօսքը մասնաւորապէս հայրենիքի մասին է, կարելի է զայն համարել ընդոծին: Անհատը էութիւն մըն է ինք եւս: Եւ իր էութիւնը զօդուած, ընդելուզուած է միւս` ընդհանրական էութեան` հայրենիքին հետ: Հետեւաբար մէկուն կամ միւսին մենաշնորհը չի կրնար ըլլալ: Անշուշտ կան անհատներ, որոնց մէջ նուազած է այդ հուրը: Եւ կամ` գաղափարական ուղղութեան մը ենթակայ, անոնք իրենց մէջ ջնջած են զայն` հայրենասիրութիւնը նկատելով սահմանափակ ու նեղ ըմբռնում մը: Եւ համամարդկայինը գերադասած են:

Տարօրինակը այն է, որ հայրենասիրութեան կամ հայաստանասիրութեան ինքնաշնորհումը կ՛ընէ ա՛յն հոսանքը, որ իր հետեւած ու քարոզած գաղափարաբանութեամբ կը ժխտէ սեփական ու անջատ հայրենիքը եւ կը ծառայէ «ընդհանրական հայրենիքին»` Խորհրդային Միութեան:

Այդ երկուութեան եւ ինքնահսկողութեան մէջ տագնապող տա՛րրն է, ահա, որ ոչ միայն իւրացուցած ու նաեւ միայն իրեն է սեփականացուցած հայաստանասիրութիւնը, այլեւ «հակահայաստանեան» նկատած է ու դեռ կը շարունակէ նկատել այն հոսանքը, որ  իր գաղափարաբանութեամբ անշեղ ու աննկուն կերպով կանգնած է իր հիմնական առաջադրութեան վրայ. սեփական եւ անջատ հայրենիք:

«Հայաստանասէր» կողմին խիստ հատուածային ու այլամերժ վերաբերումը պատճա՞ռ մըն է, որ «հակահայաստանեան» որակուած հոսանքը շեղի իր հիմնական ուղղութենէն, լքէ քաղաքական կուսակցութեան իր կոչումը, դադրի մատնանշելէ այն բոլորը, որոնք սխալներ են ու թերիներ եւ, հետեւաբար, ծափ ու թմբուկ զարնէ, օրն ի բուն, ի փառս իշխանութեան` անտեսելով էութիւնը (հայրենիքը) եւ մունետիկը դառնալով ձեւին (իշխանութեան):

Կամ` ծառայէ, ի՛նք եւս, այն մասնակիին որ  կոչուած է, իբրեւ իշխանութիւն, ծառայելու ընդհանրականին ու գերագոյնին` հայրենիքին:

Ո՛չ, անշուշտ:

Այդ «ո՛չ»-ով է, որ կը բնորոշուի դիրքն ու վերաբերումը ՀՅ Դաշնակցութեան:

Իսկ այդ «ոչ»-ը միայն մատնանշումը չէ թերիին ու սխալին:

Այլեւ անվերապահ ու լայնախոհ արձագանգն է այն բոլորին, շինարարութիւն ըլլայ թէ մշակոյթ, որոնք դրական իրողութիւններ են հայրենիքէն ներս եւ, հետեւաբար, ի նպաստ` մնայունին ու ընդհանրականին:

Այդ անվերապահ ու լայնախոհ վերաբերումն է սակայն, որ կը պակսի մեր գաղափարական ընդդիմադիրներուն մօտ:

Եւ ատոր ծնունդն է «հայաստանասէր»-ի եւ «հակահայաստանեան»-ի անհիմն ու անպէտ շաղակրատանքը…

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

 

Անտարբերութիւն

Անտարբերութիւնը հիւանդութիւն մըն է, որ վիթամիններով չի դարմանուիր: Կրնաք ըսել` բոլոր դեղատոմսերը անզօր են այս հիւանդութեան դէմ:

Երբ ոգին ժանգ կապէ մեր մէջ, յայնժամ զգալի է անտարբերութեան ներկայութիւնը: Կամ, ուրիշ խօսքով, երբ անտարբերութիւնը կը զգացնէ մեզի իր ներկայութիւնը, այս  կը նշանակէ, որ ոգին արդէն սկսած է ժանգ կապել մեր մէջ: Երկու պարագային ալ մենք հարկատու ենք մեր խառնուածքին եւ դարաշրջանի ճնշումին:

Կերպով մը` դարաշրջանն է մեր վրայ իշխողը եւ ոչ թէ մենք` դարաշրջանին վրայ: Դարձեալ մենք հաւատարիմ հպատակներն ենք մեր խառնուածքին, որ տէր է  եւ ոչ թէ` ծառայ:

Անտարբերութիւնը աւեր կը գործէ ամէն տեղ եւ ամէն բանի մէջ: Ցորչափ վտանգուած չեն մեր շահերը, ուրիշի մը վնասը մեզ չի շահագրգռեր: Ոչ միայն չի շահագրգռեր, այլեւ թաքուն, հազիւ սքողելի ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի: Ասիկա չի բացատրուիր, կը զգացուի միայն:

Ինչո՞ւ այսպէս է: Որովհետեւ անտարբերութիւնը մտած` տեղաւորուած է մեր ողնածուծին մէջ: Որովհետեւ մեր ոգին ժանգոտած է:

Հոն, ուր սեփական շահը կը միջամտէ: անտարբերութիւնը կը դառնայ շարժում, նոյնիսկ` յարձակողական շարժում եւ կը վերածուի գործուն ազդակի: Մնացած բոլոր պարագաներուն, մեր անտարբերութիւնը  կը հասնի անզգայնութեան:

* * *

Անտարբերութեան քոյրը կամ եղբայրն է անփութութիւնը, նոյնպէս` անբուժելի հիւանդութիւն մը, թերեւս նոյնիսկ` եօթը մահացու մեղքերուն մէջ ամէնէն մահացուն: Այս հիւանդութիւնը եւս ժառանգած ենք մեր դարաշրջանէն:

Հիւանդութիւնը քրոնիկ կը դառնայ, եթէ միջոցներ ձեռք չառնուին զայն դարմանելու: Եւ աւելորդ է ըսել, որ մենք չենք իսկ մտածեր դարմանումի մասին:

Բծախնդրութեան պակասը, բարեխղճութեան կատարեալ կամ մասնակի բացակայութիւնը մեր մէջ ստեղծած են հոգեվիճակ մը, զոր կարելի է սեղմել ու ամփոփել սա քանի մը բառերուն մէջ. ասանկ ալ կ՛ըլլայ, անանկ ալ:

Սակայն, եթէ անտարբերութիւնը արդարացում մը ունի որոշ պարագաներու եւ որոշ պայմաններու մէջ, անփութութիւնը այդ արդարացումն ալ չունի: Երբեք, որեւէ պարագայի, առաքինութիւն չէ, քաջութիւն չէ, հերոսութիւն բնաւ չէ: Գլխագիր Թերութիւն մըն է, գրեթէ` մեղք մը: Ու այդ մեղքով մեղաւորները… արքայութիւն չեն երթար:

Կը պատահի, որ մեր անփութութիւնը ուղղակի գծով չվնասէ մեզի, բայց անկասկած կը վնասէ ուրիշի մը կամ ուրիշներու:

Այս հիւանդութեան դէմ ալ անզօր են դեղատոմսերը: եթէ խառնուածքով, նկարագրով կամ ծնունդով անփոյթ ենք, դաստիարակութիւնը չ՛ուղղեր մեզ կամ շատ քիչ կ՛ուղղէ: Ուղղուածը բան մը չէ` չուղղուածին բաղդատմամբ:

Ինչո՞ւ գրեցինք այս խմբագրականը, որ կիրակնօրեայ քարոզի բնոյթ ստացաւ ակամայ:

Գրեցինք մեր հանրային, մանաւա՛նդ հանրային, կեանքի մէկ խոցը հաստատելու, բայց ոչ` մեկնաբանելու համար:

Եթէ կրցանք տեսանելի, գոնէ զգալի դարձնել խոցը, ատիկա պիտի ըլլայ արդարացումը մեր քարոզին…

ՅՈՒՍԱԲԵՐ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խուխ, Խորխ, Խորիսխ Եւ Խարիսխ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.