Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1968)

Յուլիս 18, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Նոր Աղանդ Մը

Երիտասարդ ամերիկուհի մը Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնած է նոր աղանդ մը, որուն միակ պատուիրանն է` «Լռեցէք»

Պարզապէս` պապանձումի աղանդ մը:

Նախ ճշդում մը ընենք, նոր աղանդին հիմնադիր օրիորդը վստահաբար գեղեցիկ չէ: Գեղանի մը կը գեղգեղէ կամ առաւելապէս կը փափաքի, որ իր շուրջը գտնուողները դայլայլեն իրեն համար:

Այս ամերիկուհին կը յաւակնի հաւատալ, որ ընտանիքներ ու ընկերութիւններ միայն լռութեամբ կրնան հասնիլ խաղաղութեան:

Այս աղանդին պատկանողները պիտի չխօսին, սակայն իրենց վրայ շատ խօսեցնել պիտի տան: Սֆինքսն ալ լուռ է, բայց իր մասին շատեր կը խօսին:

Բայց եթէ լռութիւնը յաճախ բարիք մըն է, նոյնքան ալ չարիք է: Անտանելի է կեանքը այն կիներուն, որոնք ունին լռակեաց ամուսիններ: Ամբողջովին լռասէր կին ունենալն ալ չէ հաճելի: Բերանը կղպուած կին մը կը նմանի թռչունի, որ երգելու դէմ պոյքոթ ըրած է: Բարեբախտաբար լուռ կիները սակաւաթիւ են: Անոնք կը լռեն, երբ քէնոտին:

Չեմ յուսար, որ իգական սեռէն հետեւորդներ ըլլան նոր աղանդին: Թերեւս թոթովախօս կոյսերն ու կիները հետեւին ծածկելու համար իրենց թերութիւնը:

Իսկ խաղաղութեան փոխարէն` աղէտ կը ստեղծուի, եթէ այր մը հետեւի այդ աղանդին, ու իր կինը չհետեւի:

Հայերը թէեւ աղանդամոլ են, սակայն չեմ կարծեր, որ անոնցմէ հետեւորդներ գտնուին այս աղանդին համար:

Գոնէ վստահ եմ, որ շատակեր ու շատախօս պոլսեցիներէն մէկ հոգի չի հետեւիր այս աղանդին: Խուլ ու համր պոլսեցի մը անգամ անդամ չըլլար:

Լաւատես չենք լռասէրներու այս խումբին համար: Ուրիշ ժողովուրդներու մէջ ալ պիտի չկրնան արձանագրել յաջողութիւններ:

Եթէ նոյնիսկ մարդիկ լռեն, քարերը պիտի աղաղակեն: Իսկ մեր գիտական դարուն մետաղներն ալ, որոնք կ՛աղաղակեն, կը շատաբանեն` հեռաձայնի, հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի վերածուած:

Քաղաքական կամ կուսակցական գործունէութեան մէջ եղողները ինչպէ՞ս լռեն:

Սիրահարները ինչպէ՞ս չզուգերգեն:

Ասմունքողները ինչպէ՞ս հրաժարին աշխարհիկ շարականներ ու յայսմաւուրքներ արտասանելէ:

Բարկացոտները, ջղայինները, կեսուրները, հարսերը, փաստաբանները, բանախօսները, առեւտրականները, դասախօսները, ուսուցիչները, ժողովականները իրենց կամ ուրիշներու դատերը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ պէտք ունին  ջրվէժի պէս հոսելու, խօսելու:  Ա՛լ ինչպէ՞ս կրնան անդամագրուիլ նոր աղանդին:

Ցուցափեղկերու մէջ արձան ձեւացողները, մնջկատակ խաղացողները, պարողները միայն կրնան հետեւիլ նոր աղանդին:

Մանաւանդ ձերբակալուած չարագործները կրնան անդամ ըլլալ նոր աղանդին, քանի որ իրենց նպաստաւոր է լռելը: Հարցաքննութեան ատեն նշանացի կը յայտնեն, որ կը պատկանին նոր աղանդին ու մեղք չգործելու համար կը պահեն միակ պատուէրը, որ է լռել:

Դժբախտաբար այս նոր աղանդէն ալ փրկութիւն չկայ հայերուս համար:

* * *

Կրօնը ձայնաւոր է, իսկ աղանդը աղաղակ չունի: Այս նոր աղանդը աղանդերի կամ ձուկի պէս անխօս ըլլալով` չի կրնար տարածուիլ:

Լռութեան աղանդին կրնան հետեւիլ հայաստանասէրները, եթէ իրենց էջմիածնասիրութիւնը թոյլ տայ:

Խ. Միութեան քաղաքացիներէն ու գիւղացիներէն շատեր կրնային հետեւիլ, եթէ աղանդի մը հետեւիլը արգիլուած չըլլար:

Ուրեմն առաւելապէս մեռեալներուն աղանդն է այս:

Կը մնայ հիմնադիր օրիորդը ամուսնացնել, որպէսզի բերանը բանայ, բերանով բանի: Ապագային ալ թէ՛ կեսուր, թէ՛ զոքանչ ըլլալով` կրնայ հիմնել աղմուկի աղանդը, վստահ ըլլալով, որ կ՛ունենայ միլիոնաւոր հետեւորդներ:

Եւ չմոռնանք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ դդում տնկելու պէս բան մըն է աղանդ մը պաշտօնապէս հիմնելը, կը բաւէ, որ հիմնադիրը իր շուրջը ունենայ խումբ մը դդում:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Գիշերային Հսկում

Դէպքը պատահեցաւ Պրուքլինի մէջ:

Ծերացած մարդ մը գետին ինկաւ կաթուածահար, երբ փողոցի մէկ կողմէն միւսը անցնիլ կը փորձէր: Անոր զգայազիրկ մարմինը փոխադրեցին Քինկս Քաունթրի հիւանդանոցը:

Ծերունին ժամերով մնաց անկողինին մէջ: Երբեմն, քանի մը վայրկեանով, ան վերագտաւ իր գիտակցութիւնը եւ կցկտուր բառերով ու նշաններով հասկցուց, թէ իր որդին տեսնել կ՛ուզէր:

Երիտասարդ հիւանդապահուհին ծերուկին գրպանէն հանեց ճմռթկուած, դեղնած եւ յաճախ կարդացուած նամակ մը, որմէ տեղեկացաւ, որ անոր որդին ծովային զինուոր մըն էր, նաւազ մը, որ այժմ Նորթ Քարոլայնա կը գտնուէր:

Պաշտօնեայ մը գնաց Կարմիր Խաչի գրասենեակը եւ խնդրեց, որ Նորթ Քաոլայնայի զինուորական բաժնի միջոցով փնտռեն մահամերձ մարդուն զաւակը եւ անմիջապէս հօրը մօտ ղրկեն:

Խնդրանքը կատարուեցաւ: Կարմիր խաչը գտաւ երիտասարդ նաւազը եւ օդանաւով ճամբայ հանեց դէպի Պրուքլին, ուր հիւանդ հայրը կարօտով կը սպասէր զայն:

– Զաւակդ այստեղ է,- ըսաւ հիւանդապահուհին ծերունիին:

Մէկ քանի անգամ կրկնեց ան այս բառերը, մինչեւ որ հիւանդը բացաւ աչքերը եւ մշուշապատ ակնարկ մը պտտցուց իր շուրջ:

Խեղճ մարդը, քնացուցիչ դեղերու ազդեցութեան տակ, հազիւ կրցաւ նշմարել զինուորական համազգեստով երիտասարդը, որ կանգնած էր դիմացը: Տկար շարժումով մը ան ձեռքը դուրս քաշեց վերմակին տակէն ու փորձեց երկարել դէպի նաւազը: Երիտասարդը ամրապէս բռնեց ծերունիին ձեռքը` արտայայտելով սէր, գուրգուրանք ու քաջալերութիւն:

Հիւանդապահուհին աթոռ մը բերաւ, որպէսզի նաւազը ոտքի կանգնած չմնայ:

Գիշերները շատ երկար են հիւանդանոցներու մէջ, բայց երիտասարդը համբերութեամբ սպասեց այնտեղ, սենեակի աղօտ լոյսին տակ, հիւանդ մարդուն ձեռքը բռնած եւ անդադար յոյս ու քաջութիւն ներշնչելով անոր: Յաճախ հիւանդապահուհին եկաւ առաջարկելու նաւազին, որ պահ մը հանգստանայ` իրեն վստահելով հիւանդի հսկողութիւնը, բայց ան մերժեց: Երիտասարդը բոլորովին անտարբեր էր գիշերային աղմուկին հանդէպ: Արշալոյսը ծագելու մօտ հիւանդ մարդը մեռաւ:

Նաւազը անոր ձեռքը փափկօրէն խաչաձեւեց անկողինին վրայ եւ հիւանդապահուհին կանչելու համար դուրս գնաց:

Երբ հոգատար կինը իր վերջին պարտականութիւնը կը կատարէր` հանդէպ մահացած ծերուկին, երիտասարդ զինուորը վառեց ու սկսաւ ծխել իր առաջին գլանիկը հիւանդանոց գալէն ի վեր:

Քիչ ետք հիւանդապահուհին եկաւ ու ցաւակցական բառերով ուզեց մխիթարել նաւազը: Բայց ան միջամտելով հարցուց.

– Ո՞վ էր այս ծերունին:

– Ձեր հայրն է,- պատասխանեց կինը զարմացած:

– Ո՛յ, հայրս չէր ան,- ըսաւ նաւազը վճռաբար:- Ես տեսած չէի այս մարդը ամբողջ կեանքիս ընթացքին:

– Բայց ինչո՞ւ լուռ մնացիք երէկ գիշեր, երբ ձեզ իր մօտ բերի,- հարցուց հիւանդապահուհին:

– Որովհետեւ զգացի, որ ան իր զաւկին կարօտն ունէր եւ այնքան հիւանդ էր, որ չէր ճանչնար զիս: Ուզեցի իր զաւկին դերը կատարել, որպէսզի ան գոհ եւ հանգիստ սրտով աւանդէ իր վերջին շունչը:

Այս խօսքերն ըսելով` երիտասարդ ծովային զինուորը բարեւեց ապշած հիւանդապահուհիին եւ սենեակէն դուրս ելաւ:

Երկու օր ետք գտնուեցաւ մեռած մարդուն հարազատ որդին: Այս սխալմունքը պատահած էր, որովհետեւ երկու նաւազները միեւնոյն անունը եւ մականունը ունէին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Իմաստուն Խօսքեր, Ժողովրդական Ասոյթներ, Մտածումներ, Խորհուրդներ Եւ Առածներ (Հեղինակ` Շաքէ Մխճեան-Յովակիմեան)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?